Ամառը սկսաւ, Հայ Կապոյտ Խաչի Ֆիքսի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած հետաքրքրական երկօրեայ պտոյտով, 2-էն-3 Յունիս։
Երբ ամբողջ աշխարհը կը տօնէր «Երեխաներու Պաշտպանութեան Միջազգային Օր»ը, Շաբաթ առաւօտեան բոլորս, մանուկներու նման` ուրախ — աշխոյժ, երգ — երաժշտութեամբ, պարով ու կատակներով, ուղեւորուեցանք դէպի Արթեմիսիօ։ Ճանապարհին՝ Հայ Կապոյտ Խաչի Ֆիքսի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան փոխ-ատենապետուհի ընկ. Ալմաստ Մելիքեան, մանրամասնօրէն տեղեկացուց Մոնեմվասիա շրջանի, ինչպէս նաեւ բերդի պատմական անցեալին ու ներկային մասին, շատ կարեւոր տեղեկութիւններ փոխանցելով արշաւողներուն։
Շատ հիասքանչ էր ճանապարհը: Աջ կողմին, վեհ Թաիյեթոս լեռնաշղթան էր, որու վերջաւորութեան կը սկսէր, զմրուխտեայ ծովուն վերեւ խոյացող Մոնեմվասիան։ Երեկոյեան՝ մայրամուտը դիմաւորեցինք, իւրայատուկ գեղեցկութեամբ օժտուած Նէաբոլիէն։
Կիրակին մեզի դիմաւորեց զարմանահրաշ Ղիթիոն, յետոյ ալ պատմական Մանիի Աէրոբոլիի շրջանը։
Վարձքը կատար կազմակերպիչներուն երկօրեայ հանգիստը գերազանց կազմակերպելու համար։
ՄԱՐԻՆԱ ՄԱԹԻՆԵԱՆ