Թեսաղոնիկահայ ազգային կեանքի երեւելի անձերէն մէկը, Վարդգէս Գունտաքճեան իր աչքերը փակեց 95 տարեկանին։ Ապրած ըլլալով լեցուն անձնական եւ ընտանեկան կեանք մը, բախտաւորուած զաւակներով եւ թոռնիկներով, Վարդգէս իր կեանքի վերջին տարիներուն կը մնար ընտանիքի անմիջական խնամքին տակ, հետեւելով անոնց յառաջդիմութիւնը եւ բաժնեկից ըլլալով ուրախ պահերուն։
Վարդգէս Գունտաքնճեան ծնած էր Թեսաղոնիկէ՝ 1930-ին, եւ հայերէնի ուսման առաջին գիտելիքները ստացած էր քաղաքի Բարեգործականի վարժարանէն ներս։ Այնուհետեւ, երիտասարդական տարիներուն, մասնակցութիւն բերաւ համայնքային կեանքին եւ իր ներկայութիւնը զգալի դարձուց այդ տարիներու նոր սերունդի աշխուժութեան։
Աշխատասէր ձեռնարկու մը ըլլալով, կազմեց ձայնասփիւռի սարքերու պատրաստութեան գործարան մը եւ լծուեցաւ ընտանիքի բարեկեցիկ ապրուստին։ Իր կնոջ հետ բախտաւորուեցան երկու մանչ զաւակներով եւ թոռնիկներով, որոնք իրենց կարգին եւս բռնեցին յառաջդիմութեան ճամբան։
Վարդգէս Գունտաքճեան իր նուիրումի կարողականութիւնը ի սպաս դրաւ Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի անդամակցութեան ընդմէջէն։ Աւելի քան 20 տարի եղաւ խորհուրդի ատենապետը եւ ամէն գնով սատար հանդիսացաւ եկեղեցւոյ պայծառութեան։ Մշտապէս լաւատես եւ բարի տրամադրութեամբ, ընդառաջեց ամէն տեսակի դիմումներուն, պարտք համարելով Թաղային խորհուրդի մասնակցութիւնը թեսաղոնիկահայ ազգային կեանքի ծաղկացման։ Ամէն դիմումին, ան պատրաստակամութիւն ցոյց տուաւ նիւթապէս օժանդակելու մեծ ու փոքր աշխատանք, լիովին զգալով գործի մը կարեւորութիւնը եւ անոր դրական ազդեցութիւնը քաղաքի հայկական համայնքի ծաղկացման համար։
Իր ատենապետութեան օրով կատարուեցան շարք մը ձեռքբերումներ, ինչպիսին է «Արցախ» սրահի ապահովումը երիտասարդական շարժումին համար, Խալքիտիքիի ամառանոցի գործունէութեան զօրավիգ կանգնելու գործնական օգնութիւնը, Համազգայինի աշխատանքներուն նեցուկ ըլլալու գիտակցութիւնը եւ մանաւանդ՝ Հ.Գ.Խաչի Ծաղկոցին համար անվերապահ օժանդակութիւնը։ Ամէնօրեայ ներկայութիւն եղաւ եկեղեցւոյ գրասենեակէն ներս, խրախուսելով հոգեւոր հովիւները եւ հետեւելով զանազան աշխատանքներու իրագործման։
Նկարագիրով հեզ ու սիրալիր, ազնուութեամբ լեցուն անձնաւորութիւն մը եղաւ Վարդգէս, որ զանազանութիւն չդրաւ իր մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ։ Յարգանքով եւ զուսպ վարուելակերպով շփուեցաւ մարդոց հետ, մանաւանդ լսեց բոլորին եւ ընդառաջեց կարեւոր խնդիրներուն։ Սիրտը կը հրճուէր երիտասարդ սերունդի յաջողութիւններով, զօրավիգ կը կանգնէր համայնքի երիտասարդական աշխուժութեան։
Թաղման արարողութիւնը կատարուեցաւ Չորեքշաբթի, 11 Յունիս 2023-ին, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ հոգեւոր հովիւ Տ. Եղիա վրդ. Մալխասեանի։ Հայր սուրբի քարոզէն ետք, դամբանականներ խօսեցան Թաղային խորհուրդի ատենապետ Յակոբ Գասպարեան, Վերա Պլէճեան եւ Սարգիս Տանկազեան, որոնք վեր առին հանգուցեալի արժանիքները եւ անոր նուիրումի չափանիշները գաղութէն ներս։
Հողը թեթեւ ըլլայ ազնուասիրտ Վարդգէսին վրայ։
Ք.Է.