ՏԽՐՈՒՆԻ-Ա­յտա Գալայճեան

0
12

29 ­Յու­լի­սին, 88 տա­րե­կան հա­սա­կին, իր աչ­քե­րը փա­կեց նո­ւի­րեալ անձ մը՝ Այ­տա ­Գա­լայ­ճեան, իր ե­տին թո­ղե­լով նո­ւի­րու­մի եւ ծա­ռա­յու­թեան տա­րի­ներ, յատ­կա­պէս Հ.Կ. ­Խա­չի եւ ­Գո­քի­նիոյ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ ան­դաս­տա­նէն ներս։
Այ­տա ծնած էր ­Տուր­ղու­թիի գաղ­թա­կա­յա­նին մէջ եւ ապ­րած էր հին ժա­մա­նակ­նե­րու տաք ու պաղ օ­րե­րը, ո­րոնք յատ­կան­շե­ցին հա­յու­թեան գաղ­թա­վայ­րին կեան­քը՝ իր ա­ռօ­րեայ հո­գե­րով ու ազ­գա­յին գոր­ծու­նէու­թեամբ։ ­Կա­նու­խէն թրծո­ւե­ցաւ ազ­գա­յին շուն­չով, զոր ստա­ցաւ տան մէջ, ինչ­պէս նաեւ հա­ւա­քա­կան կեան­քին իր մաս­նակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին։ Այս­պէս, իր ամ­բողջ կազ­մո­ւած­քով մուտք գոր­ծեց Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան շար­քե­րը եւ մին­չեւ իր կեան­քի վեր­ջին շուն­չը ար­մա­տա­ւո­րած պա­հեց ազ­գա­յին եւ հայ­րե­նա­սի­րա­կան այն ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րը, ո­րոնց­մով հա­սակ նե­տե­ցին ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­ներ։
Այ­տան իր ըն­տա­նե­կան օ­ճա­խը կազ­մեց հան­գու­ցեալ Գ­րի­գոր ­Գա­լայ­ճեա­նին հետ։ ­Բախ­տա­ւո­րո­ւե­ցան մանչ զա­ւա­կով մը՝ ­Սի­մո­նը, ո­րուն կա­նու­խէն մղե­ցին սկաու­տա­կան, պա­տա­նե­կան եւ ե­րի­տա­սար­դա­կան ու­ղի­նե­րուն մէջ։
Ըն­տա­նի­քը հաս­տա­տո­ւած ըլ­լա­լով ­Գո­քի­նիա՝ մաս կազ­մեց տեղ­ւոյն ազ­գա­յին կեան­քին։ Այ­տան դար­ձաւ Հ.Կ. ­Խա­չի «­Սօ­սէ» մաս­նա­ճիւ­ղի ան­դամ եւ այ­նու­հե­տեւ եր­բեք բա­ցա­կայ չե­ղաւ կա­նա­ցի մեծ միու­թեան գոր­ծու­նէու­թե­նէն։ ­Տե­ւա­բար ներ­կայ ե­ղաւ ժո­ղո­վա­կան կեան­քին, ամ­բող­ջա­կան մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ միու­թեան բո­լոր աշ­խա­տանք­նե­րուն՝ իր ձեռ­քի կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը ի սպաս դնե­լով զա­նա­զան գոր­ծե­րու հա­մար։
Այ­տա­յի ծա­ռա­յու­թեան կա­րե­ւոր բնա­գա­ւա­ռը հան­դի­սա­ցաւ ­Գո­քի­նիոյ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղե­ցին, ո­րուն ­Տիկ­նանց միու­թեան մաս­նակ­ցե­ցաւ ա­ւե­լի քան եր­կու տաս­նա­մեակ՝ ան­դա­մի եւ ա­տե­նա­պե­տի հան­գա­ման­քով, եւ իր հետ­քը թո­ղեց ե­կե­ղեց­ւոյ պայ­ծա­ռու­թեան գոր­ծին վրայ։
­Տե­ւա­բար շար­ժու­մի մէջ ե­ղող անձ մըն էր, որ ա­ռօ­րեայ հո­գա­տա­րու­թեան նպա­տակ դար­ձու­ցած էր ե­կե­ղեց­ւոյ բար­ւոք գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Ա­նոր քա­րե­ղէն շի­նո­ւած­քին հո­գե­րը տա­նե­լով՝ ջա­նաց պայ­ծա­ռաց­նել նաեւ հո­գե­ւոր կեան­քը։ ­Միշտ պատ­նէ­շի վրայ էր. ան­վերջ մտա­ծում­նե­րու եւ ը­նե­լիք­նե­րու շարք մը կը զբա­ղեց­նէր իր ան­հան­դարտ միտ­քը։ Խղճմ­տու­թեամբ կը կա­տա­րէր իւ­րա­քան­չիւր աշ­խա­տանք, իր նկա­րագ­րի գի­ծե­րուն յա­րիր ինք­նավս­տա­հու­թեամբ եւ գոր­ծե­րը ան­վա­խօ­րէն կա­տա­րե­լու կար­գա­պա­հու­թեամբ։
­Հե­զու­թեամբ ու լա­ւա­տես հա­յեաց­քով՝ ան վստա­հու­թիւն կը ներշն­չէր իր շուր­ջին­նե­րուն, որ­պէս­զի ա­նոնք եւս ի­րենց լա­ւա­գոյ­նը մա­տու­ցեն ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մար։ ­Մար­դա­մօտ էր հան­գու­ցեա­լը, ըն­կե­րա­յին կա­պե­րու սի­րա­հար։ Ժպ­տե­րես ջեր­մու­թեամբ կապ կը ստեղ­ծէր ժո­ղովր­դա­յին շրջա­նակ­նե­րուն հետ՝ միշտ վստա­հու­թիւն եւ գուր­գու­րանք տա­ծե­լով բո­լո­րին նկատ­մամբ։
­Յա­ռա­ջա­ցած տա­րի­քին, երբ այ­լեւս իր ֆի­զի­քա­կան ու­ժը սպա­ռե­ցաւ, Այ­տա­յի հա­մար դժո­ւար ե­ղաւ ա­ռա­ջո­ւան նման պա­հել նոյն խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը։ Իր զա­ւակ­նե­րուն եւ թոռ­նի­կին խնամ­քին տակ մնա­լով, հա­սաւ մին­չեւ խոր ծե­րու­թիւն՝ ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ յի­շե­լով ան­ցեա­լի ծա­ռա­յա­կան տա­րի­նե­րը։
Իր մա­հէն ա­միս մը ա­ռաջ, Հ.Կ. ­Խա­չի տե­ղա­կան վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րը այ­ցե­լե­ցին Այ­տա­յին՝ ու­րա­խու­թիւն պար­գե­ւե­լով ա­նոր հո­գիին։ Ան ալ իր կար­գին, ան­հուն հրճո­ւան­քով բա­րեւ­ներ ղրկեց իր գոր­ծա­կից­նե­րուն եւ միու­թե­նա­կան ըն­կե­րու­հի­նե­րուն։
­Հան­գու­ցեալ Այ­տա ­Գա­լայ­ճեա­նի թաղ­ման կար­գը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ուր­բաթ, 31 ­Յու­լիս 2026-ին, ­Գո­քի­նիոյ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ՝ ներ­կա­յու­թեամբ հա­րա­զատ­նե­րուն, մեծ թի­ւով գա­ղա­փա­րի ըն­կեր­նե­րու, խա­չու­հի­նե­րու եւ ե­կե­ղեց­ւոյ սպա­սա­ւոր­նե­րու։
­Հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան անդ­րա­դար­ձաւ Այ­տա­յի ծա­ռա­յա­կան կեան­քին՝ ներ­կա­յաց­նե­լով ա­նոր գոր­ծու­նէու­թեան տար­բեր ե­րես­նե­րը եւ օ­րի­նա­կե­լի մա­տու­ցու­մը։ ­Գա­ղա­փա­րի ըն­կեր­նե­րուն կող­մէ դամ­բա­նա­խօ­սեց ընկ. ­Քե­րոբ Է­քի­զեան, որ ու­րո­ւագ­ծեց հան­գու­ցեա­լի ազ­գա­յին եւ միու­թե­նա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը՝ թո­ւե­լով ա­նոր ծա­ռա­յու­թեան տար­բեր բա­ժին­նե­րը եւ ազ­գա­յին մօ­տե­ցում­նե­րը։
­Յա­ջոր­դա­բար, ա­նոր մար­մի­նը ամ­փո­փո­ւե­ցաւ Ս­խիս­թո­յի գե­րեզ­մա­նա­տու­նը՝ գա­ղա­փա­րի ըն­կեր­նե­րուն կող­մէ եր­գո­ւած «­Վէր­քե­րով լի» եր­գի ծանր կշռոյ­թին տակ։
­Քա­նի մը հա­կիրճ տո­ղե­րը թող վառ պա­հեն հան­գու­ցեալ Այ­տա ­Գա­լայ­ճեա­նի ծա­ռա­յա­կան վաս­տա­կը՝ որ­պէս օ­րի­նակ հա­մայ­նա­կան կեան­քի մե­րօ­րեայ սպա­սա­ւոր­նե­րուն հա­մար։

Ք.Է.