Հայաստանի ղեկավարին ունեցած շփումները Միացեալ Նահանգներու շարք մը քաղաքական եւ հասարակագիտական շրջանակներու հետ կարելի էր քաղաքական հետաքրքրութիւն ստեղծող առիթներ ըլլային եւ անոնցմէ օգտակար եզրակացութիւններ բխէին, եթէ տուեալ այցելութիւնը վարչապետական այլանդակութիւններու եւ իրար չբռնող յայտարարութիւններու բեմ չդառնար։
Քաղաքական փորձագէտներու համոզումն է, թէ այցելութեան ընդհանուր հաշուեկշիռը ակնկալուած արդիւնքը չտուաւ, հակառակ իշխանական կողմի պնդումներուն եւ այդ այցելութենէն հանրային կարծիքին դրական տպաւորութիւն հրամցնելու ճիգին։
Պիտի սպասուէր, որ վարչապետը, փոխանակ Հայաստանի մէջ «ժողովրդավարական բարեփոխումներուն» մասին հրապարակային շռայլ խօսքեր արտասանելու օտար ունկնդիրներուն առջեւ, ծանրութիւն տուած ըլլար ներկայացնելու Արցախի ժողովուրդի ցեղային զտման իրականութիւնը, անոր հազարամեայ օրրանէն արմատախիլ ըլլալու ողբերգութիւնը եւ վերադարձի իրաւունքը, միաժամանակ դատապարտելով եւ մատնացոյց ընելով Ատրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութիւնը, ցուցաբերած կրօնական անհանդուրժողութիւնը եւ պատանդ տարուած Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կեղծ դատավարութիւնը։
Մնացեալ պատկերները, ինչպիսին էին երկրի փոխնախագահին հետ հանդիպումի տարօրինակ ժամադրութիւնն ու դիւանագիտական պատշաճ նրբութիւններու բացակայութիւնը, յաւելեալ մեկնաբանութեան կարիքը չունին. աւելին՝ քաղաքական կամ դիւանագիտական առաւելութեան արդիւնք չտուին։
Սակայն, այցելութիւնը տգեղ առիթ մը եւս դարձաւ, որպէսզի վարչապետը, դարձեալ հայ հանրութեան առջեւ, շարունակէ Զուիցերիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին կատարած յայտարարութիւններու այլանդակութիւնները, որոնք արդէն բուռն դժգոհութիւն յառաջացուցին հայութեան մէջ։ Համոզիչ չեն իր պաղատագին խօսքերը, թէ նպատակ չունէր հարցականի տակ առնել Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը, երբ մինչեւ այսօր ի՛ր եւ պետական այլ այրերու դիրքորոշումները ցոյց կու տան Հայոց ցեղասպանութեան անհերքելի փաստին դէմ ուրացումի նախանշաններ։
Տակաւին, Հայաստանի թիւ մէկ իշխանաւորը, որպէս շարունակութիւն Հայոց ցեղասպանութենէն հրաժարելու իր փորձին, այս անգամ պարզեց նոր «տեսութիւն» մը, որուն թելերը կը հասնին մինչեւ «իրական» Հայաստանի արհեստական հակադրութեան մեր հողային եւ պատմամշակութային ժառանգութեան հետ։
Այլանդակութիւններու տարափին մէջ՝ Հայաստանի քաղաքացին տեսնել միայն որպէս սովորական մարդ՝ սովորական երկրի մը մէջ, վարչապետը կը փորձէ կտրել Հայաստանի ժողովուրդի պորտակապը իր պատմական եւ իրաւական անցեալէն։ Տակաւին, վարչապետը ոչ մէկ նշում ըրաւ սփիւռքին մասին, որպէս անքակտելի օղակը հայութեան յարատեւման, այլ բաւականացաւ հայ մարդը բնորոշել միայն մեր հայրենիքի ներկայ սահմաններու «սովորական» կենցաղի թիւր պատկերին մէջ։
Մերժելի են, ըստ ամենայնի, վարչապետի տեսաբանական հնարքները։
Պատմական հարստութիւն ունեցող քաղաքաքակիրթ ոչ մէկ ազգ կարելի է իր ապագան բնորոշել միայն սովորական կեանքի նեղ շրջագիծին մէջ, առանց առերեսուելու իր պատմական անցեալին, հոգեմտաւոր ժառանգութեան, ազգային սպասումներուն, հողի ուժին ու անկէ բխող արժէքներուն հետ։ Առանց ազգը բնորոշող յատկանիշներուն, կը դառնանք ցիրուցան ցեղ, որուն սովորական ապրելակերպը կարիքը չունի բնօրրանի, անոր պատմական ակունքներուն կամ սեփական հողի քաշողականութեան։
Հայաստանի եւ սփիւռքի մտաւորական աշխարհը պէտք չէ լուռ ու կրաւորական կեցուածք պահէ վարչապետի այլանդակ տեսաբանութիւններուն դիմաց։ Եթէ մեր ազգի ներկայ պատմաքաղաքական հոլովոյթները մեզ կը թելադրեն մտածել ամբողջ հայութեան ապագայ իրականութեան մասին, անոնք լրջագոյն խնդիրներ են, որոնք չեն կրնար ենթակայ դառնալ միայնակ իշխանաւորի մը կեղծ օրակարգին ու արտառոց յղացքներուն։
Մտաւորական եւ քաղաքական աշխարհը պարտի առողջ բանավէճի մը նախաձեռնարկը ըլլալ, հաշուի առնելով հայրենի եւ սփիւռքեան կենսափորձի բոլոր գործօնները։