­Շա­բաթ, 15 ­Փետ­րո­ւար 2025-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7-ին, ­Գո­մո­թի­նիի Ս. Գ­րի­գոր Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի՝ մեր ­Տի­րոջ ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի տա­ճար ըն­ծայ­ման տօ­նը։
­Տօ­նին նո­ւի­րո­ւած հո­գեզ­մայլ շա­րա­կան­նե­րը եւ ա­ղօթք­նե­րը հնչե­ցին ե­կե­ղեց­ւոյ կա­մար­նե­րուն տակ, խորհր­դա­ւոր եւ յու­զա­կան մթնո­լորտ ստեղ­ծե­լով հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն մօտ։
Ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Դա­նիէլ քհնյ. ­Գա­լօղ­լեան, խո­րա­նի աշ­տա­նա­կէն ճրա­գը առ­նե­լով, թա­փօ­րով ուղ­ղո­ւե­ցաւ ե­կե­ղեց­ւոյ շրջա­փա­կը, ուր նո­րապ­սակ­նե­րուն  կող­մէ վա­րե­ցաւ ա­ւան­դա­կան խա­րոյ­կը։ ­Հա­յա­բոյր մթնո­լոր­տի մէջ, ներ­կայ գտնո­ւող ժո­ղո­վուր­դը միաս­նա­բար եր­գեց ու պա­րեց խա­րոյ­կին շուրջ, ­Տեառ­նըն­դա­ռա­ջին նո­ւի­րո­ւած եր­գե­րով ու հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան մե­ղե­դի­նե­րով։ ­Տօ­նախմ­բու­թե­նէն ետք, հա­մայն­քի սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Գո­մո­թի­նիի մշա­կու­թա­յին միու­թեան գա­թա­յի կտրու­մը: ­Փո­խա­նա­կո­ւե­ցան բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ եւ ար­տա­յայ­տո­ւող­նե­րը նշե­ցին կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը մաս­նա­կից դառ­նա­լու հա­մայն­քա­յին կեան­քին, իր ազ­գա­յին եւ մշա­կու­թա­յին գոր­ծու­նէու­թեամբ, մա­նա­ւանդ ջա­նա­լով ներգ­րա­ւել հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը եւ աշ­խու­ժաց­նել ա­նոր հե­տաքրք­րու­թիւ­նը հայ կեան­քին հան­դէպ։

ԹՂԹԱԿԻՑ