­Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի ե­րե­կո­յեան ժա­մեր­գու­թիւն,
ան­դաս­տան եւ ա­ւան­դա­կան խա­ռոյկ

­Մեր ­Տի­րոջ ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի տա­ճար ըն­ծայ­ման տօ­նին՝ ­Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի ա­ռի­թով, Ուր­բաթ, 14 ­Փետ­րո­ւար 2025-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 6:30-ին, ­Նէոս ­Գոզ­մոս(­Ֆիքս)ի Ս. ­Յովհ. ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի ե­րե­կո­յեան ժա­մեր­գու­թիւն եւ ան­դաս­տան:
Ա­րա­րո­ղու­թեան հան­դի­սա­պե­տեց եւ օ­րո­ւան հո­գե­ւոր խոր­հուր­դին մա­սին ար­տա­յայ­տո­ւե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ՝ գերպ. Տ. ­Սա­հակ ծ. վրդ. Ե­մի­շեան:
Ա­ւար­տին, պա­հե­լով մեր ժո­ղո­վուր­դի դա­րա­ւոր ա­ւան­դու­թիւ­նը, ե­կե­ղեց­ւոյս մուտ­քին, ա­ռաջ­նորդ ­Հայր սուր­բը վա­ռեց խա­րոյ­կը։
Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնո­ւե­ցան հա­մեստ թի­ւով ծխա­կան­ներ, ինչ­պէս նաեւ շրջա­նիս Հ. Կ. ­Խա­չի ­Լե­ւոն եւ ­Սո­ֆիա ­Յա­կո­բեան ազգ. ­Նա­խակր­թակ­րա­նէն փոքր խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ, ի­րենց հա­յե­րէն լե­զո­ւի ու­սու­ցիչ­նե­րուն եւ ծնող­նե­րուն ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, ո­րոնք խա­րոյ­կին շուրջ հա­յե­րէն եր­գե­րով ճո­խա­ցու­ցին ա­ւան­դա­կան տօ­նախմ­բու­թիւ­նը: Ե­կե­ղեց­ւոյս ներք­նաս­րա­հին մէջ յա­ջոր­դեց բու­րում­նա­լից տաք թէ­յի հիւ­րա­սի­րու­թիւն ե­կե­ղե­ցա­սէր ­Տիկ­նանց միու­թեան կող­մէ:
Ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նակ­ցող հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը մեկ­նե­ցան ի­րենց հետ տա­նե­լով մեր ­Տի­րոջ ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի լոյ­սը խորհր­դան­շող վա­ռո­ւած մո­միկ­նե­րը, գո­հու­նա­կու­թեամբ ­Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի հո­գե­պա­րար ա­րա­րո­ղու­թիւնն ու ­Տի­րոջ ըն­ծայ­ման տօ­նը միաս­նա­բար տօ­նած ըլ­լա­լուն հա­մար։

Ս. ­Սար­գիս զօ­րա­վա­րի տօ­նին ա­ռի­թով ս. պա­տա­րագ եւ ճաշ­կե­րոյթ

­Կի­րա­կի, 16 ­Փետ­րո­ւար 2025-ի ա­ռա­ւօ­տեան, ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի(­Ֆիքս) Ս. ­Յովհ. ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ա­րա­գա­հաս բա­րե­խօս՝ ­Սուրբ ­Սար­գիս զօ­րա­վա­րի եւ որդ­ւոյն ­Մար­տի­րո­սի տօ­նին ա­ռի­թով, մա­տու­ցո­ւե­ցաւ ս. եւ ան­մահ պա­տա­րագ: ­Հան­դի­սա­պե­տեց եւ օ­րո­ւան պատ­գա­մը տո­ւաւ, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ գերպ. Տ. ­Սա­հակ ծ. վրդ. Ե­մի­շեան:
Օ­րո­ւան պա­տա­րա­գիչն էր շրջա­նիս եւ ե­կե­ղեց­ւոյս հո­գե­ւոր հո­վիւ արժ. Տ. ­Նա­րեկ քնհյ. ­Շա­հի­նեան: Ա­ւար­տին, ա­ռաջ­նորդ ­Հայր սուր­բը յա­տուկ ա­ղօթ­քով օրհ­նեց ներ­կայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը:
Ս. ­Խո­րա­նին սպա­սար­կե­ցին բրշ. ­Լե­ւոն սրկ. Ու­նա­նեան եւ պա­տա­նի դպիր­ներ՝ Գ­րի­գոր Ու­նա­նեան եւ ­Փի­լիպ­պոս Պ­րուն­ծոս-Ե­րա­նո­սեան:
­Պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րեց ե­կե­ղեց­ւոյս դպրաց դա­սը, դպրա­պե­տու­թեամբ բրշ. ­Պետ­րոս սրկ. ­Պար­սա­մեա­նի:
­Յա­ջոր­դեց ճաշ­կե­րոյթ, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ե­կե­ղեց­ւոյս ­Տիկ­նանց միու­թեան, ե­կե­ղեց­ւոյ կից հա­մեստ ճա­շա­րա­նին մէջ, մաս­նակ­ցու­թեամբ մօտ 40 հայ­րե­նա­կից­նե­րու:
Ա­ռաջ­նորդ ­Հայր սուր­բին սե­ղա­նի օրհ­նու­թեան ա­ղօթ­քէն ետք, ներ­կա­նե­րը ճոխ ու­տեստ­նե­րով եւ ա­ռատ գի­նիով լիա­ցան եւ ու­րախ տրա­մադ­րու­թեամբ մեկ­նե­ցան ի­րենց բնա­կա­րան­նե­րը, շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով ­Տիկ­նան­ցի ան­դա­մու­հի­նե­րուն, ա­ռա­ջար­կե­լով կրկնել նոյ­նան­ման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ:
­Վարձ­քը կա­տար բո­լո­րին:

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ