Նէոս Գոզմոս(Ֆիքս)ի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, Թաղային խորհուրդն ու Տիկնանց մարմինը սիրով եւ ուրախութեամբ կը հրաւիրեն ձեզ Երկուշաբթի՝ 1 Յունուար 2024-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, մեր Սրբազան հայրերու աղօթքներով ու հաւատքով, Նոր Տարուան առաջին Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին մասնակցելու եւ ապա աւանդական տարեմուտի գաթան կտրելու եկեղեցւոյս ներքնասրահին մէջ:
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ, շրջանիս հոգեւոր հովիւ՝
Արժ. Տ. ՆԱՐԵԿ ՔՀՆՅ. ՇԱՀԻՆԵԱՆ
Եկէ՛ք բոլորս միասին բարի մաղթանքներով, սիրոյ ու ջերմ տրամադրութիւններով դիմաւորենք Նոր Տարին:
ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ, ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԵՒ ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՐՄԻՆ