Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը մեծ գոհունակութեամբ կը տեղեկացնէ Վերժինի Թուլումեանի նշանակումը՝ Հ.Օ.Մ.ի վարիչ տնօրէնի պաշտօնին: Թուլումեան, Լոս Անճելըսի հայ գաղութէն ներս իր երկարամեայ ադիւնաւէտ գործունէութենէն ետք՝ այժմ փոխադրուած է Պոսթըն, ստանձնելու համար իր նոր պաշտօնը։
«Ես շատ ոգեւորուած եմ ստանձնելու իմ աշխատանքը Հ.Օ.Մ.ին հետ»,- ըսաւ Թուլումեան: «Ահաւասի՛կ, դարէ մը աւելի է, որ այս հրաշագործ կանանց կազմակերպութիւնը կը ծառայէ, կ՛օժանդակէ եւ կը գուրգուրայ հայ ժողովուրդին ու հայրենիքին, միշտ հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան՝ «Ժողովուրդի՛ս հետ, ժողովուրդի՛ս համար», շնորհիւ իր անձնուէր կամաւորներու բանակին: Ես պատրաստ եմ Հ.Օ.Մ.ի ընկերուհիներուն հետ նորանոր նուաճումներ կատարելու»,- աւելցուց ան։
«Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային Վարժարան»ը աւարտելէ ետք, Վերժինի ստացած է գործարարական կառավարման (Business Management) պսակաւոր արուեստից վկայականը՝ «Վուտպըրի» համալսարանէն, նաեւ մարդկային միջոցներու տեսչութեան վկայագիր՝ «Լոյոլա Մերիմաունթ» համալսարանէն, իսկ մագիստրոսի վկայականը՝ տեսչութեան եւ ղեկավարման մէջ՝ «Փեփըրտայն» համալսարանէն: Երբ ան «Փեփըրտայն» կը յաճախէր, մասնակցած է ամառնային ծրագիրի մը՝ Անգլիոյ «Օքսֆորտ» համալսարանէն ներս եւ խորհրդատու նշանակուած է Լոս Անճելըսի Էն Տակլասի անուան կանանց հաստատութեան մէջ: Ան վերջերս կը պաշտօնավարէր «Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային Վարժարան»ին մէջ, ուր նաեւ Հայ Դատի դասանիւթի ուսուցչուհի էր:
Վերժինի Թուլումեան Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան գործօն անդամ եղած է ու վարած անոր Կեդրոնական Վարչութեան քարտուղարի ու փոխ-ատենապետի պաշտօնները, ինչպէս նաեւ՝ Կլենտէյլի «Ռուբէն» ուխտի քարտուղարութիւնն ու ատենապետութիւնը: Ան խմբագրած է Հ.Ե.Դ.ի «Հայդուկ» պարբերաթերթը եւ գործօն անդամ է Հ.Յ.Դ.ի «Շանթ» Ուսանողական Միութեան: