­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր պետ վեր. ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան 24 Յու­նի­սին այ­ցե­լեց «Ազ­դակ» եւ տե­սակ­ցե­ցաւ տնօ­րէ­նու­թեան հետ:
­Վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Չո­լա­քեան պա­տաս­խա­նա­տուն է ­Հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ար­խիւ­նե­րու թո­ւայ­նաց­ման բաժ­նին: Ան զե­կու­ցեց տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ գոր­ծող ­Հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն պատ­կա­նող ար­խիւ­նե­րու ու­սում­նա­սի­րու­թեան եւ թո­ւայ­նաց­ման աշ­խա­տան­քին մա­սին:
­Հան­դի­պու­մը ա­ռիթ էր նաեւ վե­րա­պա­տո­ւե­լիին հետ զրու­ցե­լու ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ­Հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ գոր­ծու­նէու­թեան, հո­գե­ւոր եւ ազ­գա­յին տար­բեր կա­ռոյց­նե­րու հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ յատ­կա­պէս հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի հին գա­ղութ­նե­րու մէջ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ու ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու պատ­մու­թեան ու­սում­նա­սի­րու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն մա­սին: Օ­րին, «Ազ­դակ» անդ­րա­դարձ կա­տա­րած էր  «Ար­մե­նի­քա» եւ «­Յու­շա­մա­տեան»-ի գի­տա­կան խում­բե­րու հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տան կա­տա­րած աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեան:
­Վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան հաս­տա­տեց, որ «Ազ­դակ»-ի ար­խի­ւին մէջ հսկա­յա­կան նիւթ կայ ­Հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին եւ շեշ­տեց այդ բաժ­նին մէջ գոր­ծակ­ցե­լու նպա­տա­կա­յար­մա­րու­թիւ­նը: