Չորեքշաբթի 15 Յունուար 2020ի երեկոյեան ժամը 6ին, Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ու Տիկնանց մարմնոյ կազմակերպութեամբ կատարուեցաւ նոր տարուան գաթայի կտրումը եկեղեցւոյ սրահին մէջ։
Ներկայ էին Ազգային Վարչութեան Ատենադպիր պրն. Թագւոր Յովակիմեան եւ անդամ պրն. Գէորգ Պօղոսեան, Հայ Կապոյտ Խաչի ու Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. Վարչութեանց անդամներ, շրջանի միութիւններու ներկայացուցիչներ, Թաղային խորհուրդներու եւ Տիկնանց մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ գնահատելի թիւով ժողովուրդ։
Հոգեւոր հովիւ Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան, յանուն Թաղային խորհուրդին ու Տիկնանց մամնոյ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ յայտնեց, թէ գաթայի կտրումը պարզ կամ պատահական ձեռնարկ մը չէ։ Ընդհակառակը, ան ժողովուրդը ազգային կառոյցէ մը ներս համախմբելու, ուրախութիւնը իրար հետ բաժնելու եւ գալիք տարուան համար ֆիզիքապէս ու հոգեպէս զիրար քաջալերելու կարեւոր առիթ մըն է։ Ետքը ան շնորհաւորեց բոլորի տօնական օրերը եւ փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները։
Ապա հրաւիրուեցաւ պրն. Թագւոր Յովակիմեան իր խօսքը ուղղելու։ Ան յայտնեց, թէ Ազգային Վարչութիւնն ու պատասխանատու այլ մարմիններ, այս տարի գործակցաբար պիտի մշակեն գաղութի վերակազմակերպման յատուկ ծրագիր-յայտագիր մը եւ որուն իրագործման համար քաջալերեց բոլորը որպէսզի իրենց մասնակցութիւնը բերեն։ Ապա ան շնորհաւորեց նոր տարուան ու Ս. Ծննդեան տօները, մաղթելով բոլորին անհատական ու ազգային գործոց յաջողութիւն։ Ետքը Հայ Կապոյտ Խաչի «Զաւարեան» ազգ. վարժարանի երկրորդ դասարանի աշակերտները, գլխաւորութեամբ ուսուցչուհիներ՝ տիկք. Արաքսիա Միքայէլեանի եւ Անուշ Ֆէնտեանի, ներկայացուցին հայերէն երգերով ու արտասանութիւններով գեղարուեստական գեղեցիկ յայտագիր մը։ Աւարտին Տիկնանց մարմինը յատուկ նուէրներով գնահատեց աշակերտները։
Յայտագրի ընթացքին ներկաները երգեցին «Խորհուրդ Մեծ» շարականը, որմէ ետք Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան օրհնեց գաթան։ Մինչ այդ Տիկնանց մարմինը կատարեց պատշաճ հիւրասիրութիւն մը եւ օրուան բախտաւորը ստացաւ նուէր մը։
ԹՂԹԱԿԻՑ