Ուր­բաթ, 5 ­Յու­նո­ւար 2024-ին, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7-ին, կա­տա­րո­ւե­ցան ­Ճա­շու եւ Ե­րե­կո­յեան ժա­մեր­գու­թիւն­ներ, ինչ­պէս նաեւ ըն­թեր­ցո­ւած­նե­րու ներ­կա­յա­ցում։ ժա­մը 8։30-ին մա­տու­ցո­ւե­ցաւ Ճ­րա­գա­լոյ­ցի Ս. եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րագ, ո­րուն ա­ւար­տին, տե­ղի ու­նե­ցաւ նա­խա­տօ­նա­կի ա­ւան­դա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ուր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ եւ ե­կե­ղեց­ւոյս ծա­ռա­յող­նե­րուն ու հոգշ. ­Հայր սուր­բի գլխա­ւո­րու­թեամբ եր­գո­ւե­ցան «­Խոր­հուրդ մեծ…» եւ «Այ­սօր տօն է…» շա­րա­կան­նե­րը։ ­
Յա­ջոր­դեց ­Թա­ղա­կան խոր­հուր­դի գա­թա­յի կտրումն ու Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. ­Թեհ­լի­րեան» խում­բին կող­մէ Ա­ւե­տի­սի շրջա­գա­յու­թիւ­նը։
­Շա­բաթ, 6 ­Յու­նո­ւար 2024-ին, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10։30-ին, Ս. Ծնն­դեան եւ Աս­տո­ւա­ծա­յայտ­նու­թեան տօ­նին ա­ռի­թով, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցո­ւե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր Ս. եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րագ, որ մա­տու­ցեց, յա­ւուր պատ­շա­ճի քա­րո­զեց եւ ջրօրհ­նէ­քը կա­տա­րեց՝ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ՝ հոգշ. Տ. Ե­ղիա աբղ. ­Մալ­խա­սեան, ներ­կա­յու­թեամբ ­Թա­ղա­կան խոր­հուր­դի, ­Տիկ­նանց միու­թեան եւ շրջա­նին մէջ գոր­ծող բո­լոր ազգ. կա­ռոյց­նե­րու, հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու եւ միու­թիւն­նե­րու ան­դամ-ան­դա­մու­հի­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու։ Ս. ­Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին եւ եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րե­ցին ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ բո­լոր սպա­սա­ւոր­ներն ու ծա­ռա­յող­նե­րը։
Ս. ­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ջա­կող­մը գտնուող Ս. Մկր­տա­րա­նէն՝ ե­կե­ղեց­ւոյս սպա­սա­ւոր­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ եւ «­Լոյս ի ­Լու­սոյ..» գե­ղե­ցիկ շա­րա­կա­նով, ­Միւ­ռո­նա­թափ սրբա­լոյս ­Միւ­ռո­նը բե­րո­ւե­ցաւ ու բարձրա­ցո­ւե­ցաւ Ս. ­Խո­րան՝ եւ շա­րա­կան­նե­րու, ա­ղօթք­նե­րու, քա­րոզ­նե­րու, մաղ­թանք­նե­րու, Ա­ւե­տա­րա­նի ըն­թեր­ցա­նու­թեամբ, Ս. ­Միւ­ռո­նի հե­ղու­մով, ինչ­պէս նաեւ խաչ հա­նե­լու ա­ւան­դա­կան դրու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ջ­րօրհ­նէ­քի ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, որ խորհր­դա­նիշ է Ք­րիս­տո­սի Մկր­տու­թեան։ ­Խա­չի կնքա­հայրն էր ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ դպրաց դա­սի ան­դամ ­Թա­գ­ւոր Ա­ւե­տի­սեա­նը։ Ս. ­Պա­տա­րա­գի վեր­ջա­ւո­րու­թեան, ե­կե­ղեց­ւոյ սպա­սա­ւոր­նե­րուն կող­մէ բո­լոր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն բաժ­նո­ւե­ցաւ օրհ­նո­ւած ջուր։
Ուր­բաթ, 7 ­Յու­նո­ւար 2022-ին, ­Մե­ռե­լո­ցի ա­ռի­թով մա­տու­ցո­ւե­ցաւ Ս. եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րագ։ Իսկ յա­ջորդ օ­րը՝ Եր­կու­շաբ­թի, հոգշ. ­Հայր սուր­բը ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10։00-14։00 եւ ե­րե­կո­յեան ժա­մը 16։00-18։00 ներ­կայ գտնո­ւե­ցաւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ազգ. գե­րեզ­մա­նա­տուն եւ կա­տա­րեց գե­րեզ­մա­նօրհ­նէք։ ­
Շա­բաթ, 8 ­Յու­նո­ւա­րէն սկսեալ, ­Հայր սուր­բը, Ս. Ծննդեան տօ­նին ա­ռի­թով, սկսաւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ծխա­յին­նե­րուն տու­նե­րը այ­ցե­լել եւ տնօրհ­նէք կա­տա­րել։

«ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ»

ԹՂԹԱԿԻՑ