ՀՌԻՓՍԻՄԷ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ
Շատեր պիտի աճապարեն ըսելու, թէ «Սփիւռքեան հայկական օրաթերթ AI-ի դարաշրջանին» խօսքը արդէն անհեթեթ բառախաղ կրնայ ըլլալ։ Հրաշալի յայտնաբերում՝ AI-ի «արհեստական իմացականութեան» հնարաւորութիւնները, որ բացուած են մեր աշխարհին առջեւ՝ լրիւ նոր միջավայր մը սկսած են ստեղծել, մեր գիտցած -հին, վարժ ու սովորական- ամբողջ դաշտէն ներս։
Լրատուամիջոցներու դաշտն ալ, որ արդէն միշտ փոփոխական ու յարմարեցուող եղած է -ոչ միայն հեռու չի կրնար մնալ այս դաշտէն, այլ լիովին անոնք օգտագործելու հնարաւորութեանց մէջ մտած է, նոր ապագայ մը յայտնաբերելով վերափոխուած մամուլին համար։ Բովանդակութեան ստեղծումէն, մինչեւ տարածման եւ սպառման եղանակը՝ բոլորը փոփոխելի կրնան ըլլալ։
Որո՞նք կրնան ըլլալ մարտահրաւէրները Սփիւռքի պայմաններուն մէջ պահուող ու տարածուող հայկական օրաթերթերուն համար։ Նոյնպէս եւ աւելի՝ յունահայոց 81-ամեայ «Ազատ Օր»՝ 101-ամեայ «Նոր Օր»-ի ժառանգորդ մեր օրաթերթին համար։
«Ազատ Օր»-ի եւ ամէն մէկ հայկական օրաթերթի առջեւ բացուող հեռանկարները հեռու չեն կրնան ըլլալ այդ սկզբունքներէն որ իրենց ստեղծումի օրէն արդէն դիմագրաւեցին։ Արդիւնաւէտութեան բարձրացում, տարածման ու հասանելիութեան լայն շրջանակներու ապահովում, նորանոր լսարաններու ապահովում, քաղաքական միտքի զարգացում եւ անշուշտ՝ հաւաստի ու ճշմարիտ լրատուութեան մատուցում։
Ընկերային ցանցերու ստեղծումը արդէն նոր պայմաններ բերաւ լրատուադաշտին մէջ, երբ հաւաքականութիւնը հետաքրքրող լուրերու տարածումէն անցաւ անհատական հետաքրքրութիւններու վրայ թիրախաւորուած լուրերու ծաղկաքաղի մը։
Այս կը նշանակէ, թէ անձ մը, որ միայն ընկերային ցանցերէն կը ստանայ իր տեղեկութիւնները, միայն իր նախընտրութիւններուն վերաբերող լուրերու պիտի հանդիպի, որքան ալ scroll շարունակէ ընել։ Կամ աւելի վատ՝ յատուկ նպատակ հետապնդող կեդրոններէ դուրս եկող եւ տարածուող՝ թիրախաւորուած տեղեկատուութեան։
Այսուհանդերձ՝ AI-ի միջոցաւ թերթի մը գործը վստահաբար կրնայ դիւրանալ եւ արդիականանալ յօդուածներու արագ ամփոփումով կամ թարգմանութեամբ, ծանուցումներու եւ գծագրութիւններու գեղեցիկ պատճէններով եւ ազդեցութիւն ստեղծող վերնագրերու տրամադրութեամբ։ «The New York Time» արդէն ստեղծած է «Էքօ» անունով արհեստական իմացականութեան գործիք մը, որը վայրկեանական կ՚ամփոփէ յօդուածները կամ երկար հարցազրոյցները, աւելի պարզ ու մատչելի դարձնելով նիւթը թէ խմբագիրներուն, թէ ալ ընթերցողին։ Այս պայմանները կը պարտադրեն անշուշտ խմբագիրներու-յօդուածագիրներու եւ AI-ի վարժ անձերու նոր սերունդի մը պատրաստութեան, որ լրագրական էթիկային հարազատ մնալով, պիտի կարողանայ նոր ոճ եւ նոր հեռանկարներով ստեղծել ապագայի լրատուամիջոցը։
Յունահայութեան բազմավաստակ օրաթերթ «Ազատ Օր»-ը եւս երկար ճանապարհ կտրած է բոլոր անցնող տարիներուն ընթացքին, իր երթը միշտ կապակցելով մեր գաղութի ելեւէջներուն։ Հայ լեզուն, հայ ոգին, հայ մշակոյթը եւ հայու ինքնութիւնը պաշտպանելու ճիգը եղած է առաջնահերթ, աչքի լոյսի պէս պահպանելով իր դերը եւ իր դրական ներգործութիւնը բերելով մեր գաղութին՝ Աթէնքէն մինչեւ Թեսաղոնիկէ եւ Թրակիա, Յունաստանի ամէնափոքրիկ քաղաքներուն մէջ նոյնիսկ, հոն ուր հայկական ընտանիք մը կ՚ապրէր, շատերու համար միակ կապը հանդիսանալով հայկական ինքնութեան եւ հայ մշակոյթին հետ։
Դարաշրջանը փոխուած է սակայն եւ նոր պայմաններ արագընթաց կերպով կը ստեղծուին մեր շուրջ։ Տպագիր ըլլայ, օրաթերթային թէ շաբաթական յաւելեալ ճոխացած թիւերով, լրիւ ելեկտրոնային կամ ընկերային ցանցերուն մէջ պահուող էջերով՝ «Ազատ Օր»-ի դերը կը շարունակէ կեդրոնացած մնալ հայ զանգուածները հետաքրքրող լրատուութեան տրամադրումին, հայ լեզուի պահպանութեան, գիրի ու գրականութեան եւ մեր մշակոյթի գանձերու ծանօթացման ու տարածման, պատմական թէ քաղաքական նիւթերու քննարկումներու հարթակի գոյութեան, բայց մանաւանդ՝ հայ հաւաքականութեան միջեւ մտային եւ հոգեկան կապի ամրապնդման։ Որպէսզի Յունաստանի տարածքին գտնուող հայութեան համար դառնայ նաեւ այդ օղակը, որ ամէն օր զայն կը կապէ համահայկական համաշխարհային շղթային։
«Ազատ Օր»-ը, ինչպէս Սփիւռքի մէջ տենդագին մեծ ճիգով պահուող հայկական -այլեւս շատ քիչ- հայկական օրաթերթերը երեւի թէ իրենց ճանապարհի ամէնէն ազդեցիկ ու ճակատագրական պահերուն առջեւ կը գտնուին։ Յարմարիլ ու արդիականանալ, լիովին օգտագործելով ընձեռուած նոր հնարաւորութիւնները։