Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 106-ա­մեա­կի պաշ­տօ­նա­կան ե­լոյթ­նե­րու ծի­րէն ներս, նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ Ա­տի­կէի մարզ­պե­տա­րա­նի եւ նա­խա­գա­հու­թեամբ հայ յա­րա­նո­ւա­նու­թեանց կրօ­նա­կան պե­տե­րուն, ­Շա­բաթ՝ 24 Ապ­րիլ 2021-ին ե­րե­կո­յեան, ­Նէա Զ­միռ­նիի՝ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան նո­ւի­րո­ւած յու­շա­կո­թո­ղին առ­ջեւ, տե­ղի ու­նե­ցաւ բա­րե­խօ­սա­կան գո­հա­բա­նա­կան կարգ՝ մէկ ու կէս մի­լիոն սրբա­դա­սո­ւած նա­հա­տակ­նե­րուն հա­մար։
­Հա­կա­ռակ անն­պաստ օ­դին, բայց մա­նա­ւանդ թա­գա­վա­րա­կի պատ­ճա­ռով կի­րար­կո­ւած սեղ­մում­նե­րուն, ժո­ղո­վուր­դի ստո­ւար թիւ մը մաս­նակ­ցե­ցաւ ա­րա­րո­ղու­թեան եւ ա­նոր յա­ջոր­դած դափ­նեպ­սա­կի զե­տե­ղու­մին։
­Ներ­կայ ե­ղան յոյն պե­տա­կան եւ քա­ղա­քա­պե­տա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, հայ պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րեր եւ գա­ղու­թի կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ո­րոնց կար­գին Ազ­գա­յին վար­չու­թեան, Հ.Յ.Դ. կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի, միու­թիւն­նե­րու եւ յա­րա­նո­ւա­նու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ ու ան­դամ­ներ։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտ­նե­րը պար­զած ըլ­լա­լով հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան դրօ­շակ­նե­րը, պա­տո­ւոյ ջո­կատ կազ­մած էին յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ։ ­Նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի Ս­պա­յից վար­ժա­րա­նին մէջ ու­սա­նող խումբ մը հայ սպա­ներ կանգ­նած էին կո­թո­ղին մօտ, յա­տուկ փայլ մը տա­լով օ­րո­ւան խոր­հուր­դին։
­Յու­նա­հա­յոց ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան, իր կող­քին ու­նե­նա­լով հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­մայն­քի հո­վիւ վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեա­նը, հայ կա­թո­ղի­կէ ա­ռաջ­նորդ ­Յով­սէփ ծ.վ. ­Պէ­զա­զեա­նը, ինչ­պէս նաեւ հո­գե­ւոր հո­վիւ­ներ Հ­րայր Ա. քհնյ. ­Նի­կո­լեա­նը, ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեա­նը եւ ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեա­նը նա­խա­գա­հեց գո­հա­բա­նա­կան մաղ­թան­քին։ ­Յա­րա­նո­ւա­նու­թեանց պե­տե­րը կա­տա­րե­ցին օ­րո­ւան պատ­շաճ ա­ղօթք­նե­րը։
­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ա­նու­նով, ընկ. Ս­թաւ­րոս Ա­պա­րեան ար­տա­սա­նեց բաց­ման խօս­քը, ո­րուն մէջ յա­տուկ կեր­պով շեշ­տա­ւո­րեց հա­մաթրքու­թեան վտան­գի տա­րա­ծու­մը, որ գոր­ծո­ւե­ցաւ Ար­ցա­խի վրայ, պատ­ճառ դառ­նա­լով տա­րա­ծաշր­ջա­նի ան­կա­յու­նու­թեան եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի վրայ նոր բնաջն­ջու­մի ծրա­գի­րին։
Ա­րա­րո­ղու­թեան յա­ջոր­դեց դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղու­մը։ ­Յա­ջոր­դա­բար՝ հայ հա­մայն­քի ա­նու­նով դափ­նեպ­սակ զե­տե­ղեց ընկ. ­Խա­չիկ ­Խա­չա­տու­րեան, ­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պետ պ. Ս­թաւ­րոս ­Ծու­լա­քիս, Ա­թէն­քի փոխ­մարզ­պետ տիկ. ­Տի­միթ­րա ­Նա­նու, Հ.Հ. ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան պ. ­Ֆա­դէյ ­Չար­չօղ­լեան, ­Խորհր­դա­րա­նի գլխա­ւոր ընդ­դի­մու­թեան ա­նու­նով տիկ. ­Նի­նա ­Քա­սի­մա­թի, ­Յու­նաս­տա­նի եւ եւ­րո­պա­կան խորհր­դա­րա­նի ա­նու­նով ե­րես­փո­խան պ. ­Տի­միթ­րիս ­Մար­քո­փու­լոս եւ վար­չա­պե­տի ու կա­ռա­վա­րու­թեան ա­նու­նով Կր­թու­թեան փոխ­նա­խա­րար պ. Ա­կե­լոս ­Սի­րի­ղոս։ Ա­ւար­տին հնչե­ցին հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան ո­գերգ­նե­րը։