Ի գիտութիւն կը հաղորդենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետաց տօնին առիթով, թեմիս Նէոս Գոզմոսի ու Գոքինիոյ եկեղեցիներուն մէջ պիտի մատուցուի Ս. պատարագ, որոնց պիտի նախագահէ ու իր պատգամը փոխանցէ Յունաստանի Հայոց թեմի Առաջնորդ
Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան
Հինգշաբթի 10 Հոկտեմբեր 2024-ի առաւօտեան ժամը 8։30-ին, Նէոս Գոզմոսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ արժ. Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեան։ Ներկայ պիտի գտնուի Հայ Կապոյտ Խաչի «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» ազգ. վարժարանի, ինչպէս նաեւ «Ա. եւ Ժ. Ճէնազեան» միջնակարգի աշակերտութիւնը:
Ուրբաթ 11 Հոկտեմբեր 2024ի առաւօտեան ժամը 8:30ին, Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ արժ. Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան:
Ներկայ պիտի գտնուի Հայ Կապոյտ Խաչի «Զաւարեան» ազգ. վարժարանի աշակերտութիւնը:
Եկէ՛ք մասնակից դառնանք Թարգմանչաց վարդապետաց տօնի Ս. պատարագին եւ գօտեպնդուինք օրուան խորհուրդով ու պատգամով:
Կրօնական Ժողով