Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետաց տօնին առիթով Հինգշաբթի, 10 Հոկտեմբեր 2024-ի առաւօտեան ժամը 8:30-ին, Նէոս Գոզմոս(Ֆիքս)ի Ս. Յովհ. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ, որուն նախագահեց ու աւարտին իր պատգամը փոխանցեց, Յունաստանի Հայոց թեմի Առաջնորդ՝ գերպ. Տ. Սահակ ծ.վրդ. Եմիշեան: Արարողութեան ներկայ գտնուեցան շրջանիս Հայ Կապոյտ Խաչի «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» նախակրթարանի, ինչպէս նաեւ «Ա. եւ Ժ. Ճէնազեան» միջնակարգի ազգ. վարժարաններուն աշակերտութիւնը։
Պատարագեց եկեղեցւոյս հոգեւոր կովիւ՝ արժ. Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեան:
Ս. Խորանին սպասարկեցին նախակրթարանէն երեք աշակերտներ՝ Հրաչ Պետրոսը, Ալեքս Արապեանն ու Անկելոս Հաճճարը, իսկ օրուան Ճաշու Պօղոս Առաքեալի գիրքէն ընթերցեց աշակերտուհի՝ Էվանկելինա Մերճանիտուն, իրենց հայերէն լեզուի դասատու տիկ. Ալինա Պարտաքճեանի դասաւորումով եւ հսկողութեամբ: Ս. Պատարգի երգեցողութիւնը կատարեցին եկեղեցւոյս երեց սարկաւագներէն՝ Աւետիս եւ Պետրոս սրկ. Պարսամեան եղբայրները, որոնց ընկերակցեցան միջնակարգի աշակերտներէն խումբ մը, իրենց հայերէն լեզուի դասատու տիկ. Արշալոյս Սափրիչեանի ուսուցողութեամբ: Աւարտին նախակրթարանի Գ.,Դ.,Ե. Եւ Զ. կարգերու աշակերտութիւնը օրուան տօնին նուիրուած ոտանաւորներու եւ երգերու փունջ մը ներկայացուց:
Թղթակից