Սուրբ Ստեփանոս Նախասարկաւագի տօն եւ Ամանորի տօնածառի լուսաւորում

0
55

­Կի­րա­կի, 24 ­Դեկ­տեմ­բեր 2023-ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10-ին, ­Նէոս ­Գոզ­մոս(Ֆիքս)ի ­Սուրբ ­Յով­հան­նու ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, պի­տի նշո­ւի քրիս­տո­նէա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռա­ջին ­Սար­կա­ւագ եւ նա­խավ­կայ ­Մար­տի­րոս՝ ­Սուրբ Ս­տե­փա­նո­սի տօ­նը, ­Սուրբ եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րա­գի մա­տուց­մամբ:

­Պի­տի պա­տա­րա­գէ եւ քա­րո­զէ ե­կե­ղեց­ւոյս հո­գե­ւոր հո­վիւ՝
ԱՐԺ. Տ. ՆԱՐԵԿ ՔՀՆՅ. ՇԱՀԻՆԵԱՆ

­Սուրբ եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րա­գէն ան­մի­ջա­պէս ետք, ­Տիկ­նանց ­մար­մի­նը սի­րով կը հրա­ւի­րէ ձեզ, Ե­կե­ղեց­ւոյ ներք­նաս­րա­հին մէջ զար­դա­րուած տօ­նա­ծա­ռին լու­սա­ւոր­ման ու­րախ ձեռ­նար­կին, ուր ներ­կա­նե­րը ի պա­տիւ ե­կե­ղեց­ւոյս եր­կա­րա­մեայ ծա­ռա­յող ­Սար­կա­ւագ­նե­րուն, ­Կի­սա­սար­կա­ւագ­նե­րուն եւ Դ­պիր­նե­րուն, պի­տի հիւ­րա­սի­րո­ւին տաք թէ­յով, տնա­յին ա­ղի եւ քաղցր բլիթ­նե­րով:

­Սի­րե­լի Ծ­խա­կան­ներ.-
Ե­կէք միաս­նա­բար մեր ա­ղօթք­նե­րը բարձ­րաց­նենք առ Աս­տո­ւած, եւ մեր ներ­կա­յու­թեամբ` շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նենք ե­կե­ղեց­ւոյս բո­լոր ծա­ռա­յող­նե­րուն, ա­պա ջեր­միկ մթնո­լոր­տի մէջ տօ­նա­ծա­ռին լու­սա­ւոր­ման ընդ­մէ­ջէն, հո­գե­պէս պատ­րաս­տո­ւինք յա­ջոր­դող տօ­նա­կան սուրբ օ­րե­րը դի­մա­ւո­րե­լու հա­մար:

ՀՈՎԻՒ, ԹԱՂԱՅԻՆ ԹՈՐՀՈՒՐԴ ԵՒ ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՐՄԻՆ