Ի գիտութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին կը հաղորդենք թէ Չորեքշաբթի, 17 Յունիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Գարէայի «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ» խորանի օծման տարեդարձին ու անուանակոչութեան տօնին առիթով, պիտի մատուցուի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ եւ պիտի կատարուի մատաղօրհնութիւն, որուն պիտի հանդիսապետէ եւ իր հայրական պատգամը փոխանցէ,
Յունաստանի Հայոց թեմի Առաջնորդ
ԳԵՐՇ. Տ. ՍԱՀԱԿ Ս. ԵՊՍ. ԵՄԻՇԵԱՆ
Պիտի պատարագէ շրջանիս հոգեւոր հովիւ Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեան
Աւարտին տեղի պիտի ունենայ մատաղի օրհնութիւն, ապա հոգեհանգստեան պաշտօն շրջանիս հանգուցեալ քահանաներու, սարկաւագներու, դպիրներու, ծառայողներու եւ բարերարներու յիշատակին:
Այսու կը հրաւիրուի ուխտաւոր եւ հաւատացեալ ժողովուրդը, մասնակից դառնալու տօնակատարութեան եւ մեր սրբազան հայրերուն հաւատքով վերանորոգուելու:
ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԳԱՐԷԱ-ԿԷՍԱՐԵԱՆԻԻ










