Ք­րիս­տո­նէա­կան աշ­խար­հի ա­մե­նա­մեծ տօ­նի նշու­մը մեծ հան­դի­սա­ւո­րու­թեամբ կա­տա­րո­ւե­ցաւ հա­յաշ­խար­հէն ներս, տօ­նա­կան ան­նա­խըն­թաց մթնո­լոր­տի մէջ։
Ս. Էջ­միած­նի եւ Ան­թի­լիա­սի մէջ պա­տա­րա­գե­ցին ու քա­րո­զե­ցին ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պետ­նե­րը, խօ­սե­լով ­Յա­րու­թեան տօ­նին եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի դի­մագ­րա­ւած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն մա­սին։
­Յու­նաս­տա­նի հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ եւս, ժո­ղո­վուր­դի բազ­մա­մարդ ներ­կա­յու­թեամբ, տօ­նախմբո­ւե­ցաւ Ս. ­Յա­րու­թեան խոր­հուր­դը։ ­Յու­նաս­տա­նի թե­մի Ա­ռաջ­նորդ ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեան պա­տա­րա­գեց եւ քա­րո­զեց Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Ն­շենք, որ ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նոր­դը Ա. ­Հինգ­շաբ­թի եւ Ա. Ուր­բաթ հան­դի­սա­պե­տեց ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տա­րո­ւած ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն։
­Շա­բաթ, 19 Ապ­րիլ 2025-ին, Սր­բա­զան հայ­րը, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վի­ւին եւ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դա­մին, այ­ցե­լեց ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մետ­րո­պո­լի­տին։
Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի բա­կին մէջ, մետ­րո­պո­լիտ ­Ֆի­լո­թէոս ջերմ ըն­դու­նե­լու­թեամբ դի­մա­ւո­րեց Ա­ռաջ­նորդ սրբա­զա­նը։ ­Հան­դի­պու­մին Սր­բա­զան հայ­րը շնոր­հա­ւո­րեց Ս. ­Զա­տի­կը եւ կա­րե­ւո­րու­թեամբ շեշ­տեց յոյն եւ հայ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու դրա­կան ու ջերմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։ ­Տե­ղի ու­նե­ցաւ նո­ւէր­նե­րու փո­խա­նա­կում։