ԱՐԱ ՄԱՆԿՈՅԵԱՆ
Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու բանաձեւի միաձայն հաստատումը նախարարաց խորհուրդին կողմէ, պատմական շրջադարձ մըն է, որ երկարատեւ դիւանագիտական սառեցումէ ետք կը վերաձեւաւորէ Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի քաղաքական քարտէսը։ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սաարի նախաձեռնութիւնը, որ արագօրէն արժանացաւ գործադիր իշխանութեան ամբողջական հաւանութեան, միջազգային վերլուծաբաններու կողմէ միանշանակօրէն կը նկատուի իբրեւ դիւանագիտական ուժգին «ապտակ»՝ ուղղուած Թուրքիոյ եւ անոր որդեգրած բացայայտ հակաիսրայէլեան քաղաքականութեան։ Այս որոշումը, թէեւ դեռ պէտք է անցնի Քնեսէթի (խորհրդարանի) վերջնական քուէարկութենէն, արդէն իսկ կը սահմանէ պետական նոր քաղաքականութեան ուղղութիւնը։
Իսրայէլի այս քայլը, անշուշտ, դրական եւ պատմականօրէն պահանջուած իրադարձութիւն մըն է։ Օսմանեան վայրագութիւններուն զոհ գացած 1,5 միլիոն անմեղ նահատակներու յիշատակին արդարացումը համամարդկային պարտք մըն է, որ երբեք չի կրնար ջնջուիլ կամ մոռացութեան տրուիլ։ Այսուհանդերձ, այս որոշման ժամանակագրական զուգադիպութիւնն ու դրդապատճառները դառնութեան զգացում մը կը ձգեն՝ բացայայտելով քաղաքական պատեհապաշտութեան եւ դիւանագիտական խաղերու այն ծալքերը, որոնց մէջ Ցեղասպանութեան ճանաչումը ի վերջոյ վերածուեցաւ շահարկման եւ հակազդեցութեան առարկայի։
Ցաւալի է արձանագրել, որ բարոյականութեան եւ պատմական արդարութեան վրայ հիմնուած այսպիսի հիմնական քայլ մը չառնուեցաւ մարդկային իրաւունքներու հանդէպ յարգանքէն մղուած, այլ օգտագործուեցաւ իբրեւ պարզ գործիք մը աշխարհաքաղաքական մեծ խաղերու համար։ Թուրքիոյ ուղղուած այս հարուածը հրապարակ եկաւ միայն այն ատեն, երբ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ թշնամանքն ու հակամարտութիւնը հասան իրենց պատմական գագաթնակէտին, ուր Անգարան կատարելապէս խզեց կապերը Թել Աւիւի հետ։
Հոս անհրաժեշտ է, սակայն, յանուն արդարութեան, յստակօրէն զանազանել Ռաֆայէլ Լեմքինէն սկսած մինչեւ մեր օրերու հրէական մտաւորականութեան, հասարակական եւ արդարամիտ այն շրջանակները, որոնք տարիներ շարունակ՝ Հոլոքոսթի արհաւիրքը ապրած ժողովուրդի բնական պարտաւորութեամբ, անկեղծօրէն պայքարած են Քնեսէթի մէջ եւ այլուր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար՝ ընդդէմ Իսրայէլի պետական մեքենայի պաշտօնական հակազդեցութեան։ Այս շրջանակները, իրենց բարոյական հեղինակութեամբ, շարունակեցին բարձրաձայնել այն, ինչ Իսրայէլի պետական քաղաքականութիւնը հետեւողականօրէն փորձեց շրջանցել կամ լռեցնել։ Ցաւալի իրականութիւնն այն է, որ Թել Աւիւի պաշտօնական կառոյցները տասնամեակներ շարունակ խուլ ձեւացան այդ անկեղծ ձայներուն դիմաց, եւ միայն այժմ, երբ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները անդառնալիօրէն փլուզուեցան, որոշեցին սրբազան հարցը վերածել մարտավարական հակակշիռի։
Պատմական յիշողութիւնը չի կրնար անտեսել այն ակնյայտ ու ճչացող հակասութիւնը, որ գոյութիւն ունի Իսրայէլի արտաքին քաղաքականութեան մէջ։
Նոյն այս իշխանութիւնը, որ այսօր նախարարաց խորհուրդի մակարդակով միաձայն կը ճանչնայ 1915-ի արհաւիրքը, տարիներ շարունակ հանդիսացաւ եւ կը շարունակէ հանդիսանալ Ատրպէյճանի արդիական հրթիռներու եւ ռազմական բարձր արհեստագիտութեան գլխաւոր մատակարարը։ Այս իրողութիւնը լիովին հաստատուած ու փաստագրուած է. Թել Աւիւը եղած է Պաքուի ռազմական գլխաւոր յենարանը թէ՛ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմին եւ թէ՛ 2023-ի Սեպտեմբերի վերջնական յարձակումին ու Արցախի հայաթափման ժամանակ։
Սթոքհոլմի Միջազգային խաղաղութեան հետազօտութիւններու ինստիտուտի (Stockholm International Peace Research Institute) տուեալներով՝ Ատրպէյճանի ներածած սպառազինութեան հսկայական տոկոսը կու գար Իսրայէլէն։ Ասիկա պարզ առեւտուր չէր, այլ ռազմավարական գործակցութիւն, որ իսպառ փոխեց ուժերու հաւասարակշռութիւնը տարածաշրջանին մէջ։ Այդ զէնքերը ուղղակիօրէն գործածուեցան Արցախի հայութեան դէմ՝ պատճառ դառնալով բազմաթիւ մարդկային կորուստներու, աւելի քան հարիւր հազար հայրենակիցներու բռնի տեղահանման, հայրենազրկման եւ Արցախի դարաւոր հայկական մշակութային ժառանգութեան համակարգուած ջնջման (cultural genocide)։
Անգարայի ամենամօտ դաշնակիցը հանդիսացող Պաքուի բռնատիրական վարչակարգին կողմէ պատմական կոթողները, վանքերն ու եկեղեցական համալիրները թիրախաւորուեցան ու հայկական ներկայութիւնը ջնջուեցաւ ճիշտ այն հարուածային անօդաչու թռչող սարքերով, ինչպիսին է Իսրայէլի Օդատիեզերական արդիւնաբերութիւններու (IAI) արտադրած «Հարոփ» (Harop) տեսակի յարձակողական սարքերը եւ «Պարաք-8» (Barak-8) հակաօդային համակարգերը, որոնք արիւնալի դեր խաղացին պատերազմի դաշտին վրայ։
Այս ծիրին մէջ, քաղաքական իրապաշտութիւնը մեզմէ կը պահանջէ սառնասիրտ հայեացքով գնահատել տարածաշրջանային դերակատարները։ Ի տարբերութիւն Թել Աւիւի, որ Պաքուի միջոցով վտանգի տակ կը դնէ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Իրանի անվտանգութիւնը, Թեհրանը՝ ելլելով սեփական կենսական շահերէն՝ հանդիսացած է տարածաշրջանի սահմաններու անփոփոխելիութեան բնական երաշխաւորը։ Իրանի յայտարարութիւնները, թէ Հայաստանի հետ սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն «կարմիր գիծ» է, ռազմավարական շահերու այնպիսի համապատասխանութիւն են, որոնց հայկական արտաքին քաղաքականութիւնը պարտաւոր է կառչած մնալ։
Պատմական հեգնանք է, որ Նացիներու կողմէ Ողջակիզում (Հոլոքոսթ) կրած ժողովուրդի կառավարութիւնը, միաժամանակ հանդիսացաւ 21-րդ դարու ցեղասպանական վարչակարգերուն (Պաքու եւ Անգարա) ռազմա-արհեստագիտական հովանաւորը։ Այս իրողութիւնը ցոյց կու տայ, որ պատմական ցաւի յիշողութիւնը երկար ատեն զոհաբերուած էր աշխարհաքաղաքական պաղ հաշուարկներուն, եւ այսօրուան ճանաչումը, որքան ալ իրաւականօրէն կարեւոր, չի ջնջեր այդ մեղսակցութեան էջը։
Ի՞նչ կը շահի հայկական կողմը եւ ինչպէ՞ս գործել
Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումը միշտ ալ ընդունելի է, ուրկէ ալ որ գայ։ Անիկա կ՚ապահովէ հայկական կողմին բարոյական եւ իրաւական գերազանցութիւնը միջազգային ատեաններու մէջ։ Սակայն, մենք թոյլ չենք տար, որ մեր սրբազան Դատը վերածուի պարզ առեւտուրի առարկայի։ Այս նոր իրավիճակը հայկական դիւանագիտութեան եւ յատկապէս Հ.Յ.Դ. Հայ դատի համաշխարհային ցանցին առջեւ կը դնէ յստակ, մարտավարական քայլերու հրամայականը:
Իսրայէլի ներքին արդարամիտ ուժերու համախմբում. հայկական կառոյցները պէտք է սերտօրէն գործակցին Իսրայէլի այն ակադեմական եւ հասարակական շրջանակներուն հետ, որոնք տարիներ շարունակ անկեղծօրէն պայքարեցան ճանաչման համար, որպէսզի այս քայլը դուրս բերուի զուտ կառավարական պատեհապաշտութեան ծիրէն եւ ստանայ հանրային հաստատուն հիմքեր Քնեսէթի վերջնական քուէարկութեան ընդառաջ։
Զէնքի էմպարկոյի եւ բարոյական անհամատեղելիութեան օրակարգ. Օգտագործելով պաշտօնական ճանաչման այս նոր փաստը՝ հայկական կողմը պէտք է միջազգային հարթակներու վրայ բարձրացնէ հարցը. եթէ Իսրայէլի կառավարութիւնը պաշտօնապէս կը ճանչնայ պատմական Ցեղասպանութիւնը, ապա բարոյական ու իրաւական իրաւունք չունի զէնք վաճառելու Ատրպէյճանին՝ նորօրեայ մշակութային եւ ցեղային ջնջումներ իրականացնելու համար։ Ճանաչումը պէտք է անմիջականօրէն կապուի Պաքուի հետ ռազմական գործակցութեան դադրեցման պահանջին հետ։
Ատրպէյճան-Իսրայէլ ճեղքերու օգտագործում. Իսրայէլի կառավարութեան այս միաձայն որոշումը անխուսափելիօրէն լուրջ ճաքեր պիտի յառաջացնէ Պաքու–Թել Աւիւ ռազմավարական առանցքին մէջ, քանի որ Ատրպէյճան դժուար թէ հանդուրժէ իր դաշնակիցի նման քայլը։ Հայկական դիւանագիտութիւնը պէտք է պատրաստ ըլլայ օգտուելու այս հնարաւոր լարուածութենէն՝ թուլացնելու համար հակահայկական համագործակցութեան արդիւնաւէտութիւնը, գիտնալով հանդերձ, որ Իսրայէլ այլեւս չի կրնար ետ քաշել իր այս որոշումը առանց միջազգային ծանր դիւանագիտական նուաստացման։
Եզրակացնելով՝ Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչման ընթացքը մեզի համար ո՛չ հրաշք է, ո՛չ ալ պարզ բարեգործութիւն, այլ աշխարհաքաղաքական նոր իրողութիւն, զոր պարտաւոր ենք օգտագործել իբրեւ յաւելեալ ճնշման միջոց։ Հայ հասարակութիւնը պէտք է զերծ մնայ դատարկ խանդավառութիւններէ եւ որդեգրէ սառնասիրտ, իրապաշտ արտաքին մտածողութիւն։ Թել Աւիւին պէտք է յստակօրէն հասկցնել, որ ձեւական ու քաղաքականապէս մղուած քայլերը բաւարար չեն. եթէ Իսրայէլ կ՚ուզէ վերականգնել իր բարոյական վարկը հայութեան աչքին, ապա պէտք է գործնականապէս վերանայի իր արիւնալի ռազմավարական կապերը Պաքուի հայատեաց բռնատիրութեան հետ։
29 Յունիս 2026










