Ի՜նչ շնորհք կու տայ մե­զի ­Տէ­րը այ­սօր՝ երբ հան­դի­սա­ւոր կեր­պով կը բա­ցո­ւի ­Յո­բե­լի­նա­կան ­Տա­րին, ի յի­շա­տակ ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի ծննդեան 2025-ա­մեա­կին։ Ան ճշմա­րիտ լոյսն է, որ կը լու­սա­ւո­րէ մեր ճա­նա­պար­հոր­դու­թիւ­նը: Ան միակ ճա­նա­պարհն է, որ կը տա­նի դէ­պի եր­կինք: Ան միակ ճշմար­տու­թիւնն է, որ կ­՚ա­զա­տէ։ Ան այն իս­կա­կան կեանքն է, որ ի­մաստ կու տայ մեր դիւ­րա­բեկ գո­յու­թեան: ­Դա­րե­րու ըն­թաց­քին օրհ­նո­ւած ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սը, պատ­մու­թեան ­Տէ­րը, Փր­կի­չը, Էմ­մա­նո­ւէ­լը ի­մաստ եւ ազ­դո­ւու­թիւն կու տայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն, որ մտա­դիր է ե­րախ­տա­պարտ հո­գիով նո­ւի­րո­ւիլ Աս­տու­ծոյ, որ մտա­դիր է այս ա­ռանձ­նա­յա­տուկ տա­րե­դար­ձը նշել կեան­քի ա­ռա­ջադ­րու­թիւն­նե­րով, որ մտա­դիր է լա­ւա­գոյն մաղ­թանք­ներ ներ­կա­յաց­նել՝ ա­ռա­ջար­կե­լով կա­տա­րել լու­սա­ւոր ճա­նա­պարհ՝ ունկնդ­րե­լով՝ բա­րի լու­րին, աս­տո­ւա­ծա­յին խոր­հուրդ­նե­րու բա­րե­պաշտ տօ­նա­կա­տա­րու­թեամբ եւ գթու­թեան ծա­ռա­յու­թեամբ։
Մտ­նե­լով Աս­տու­ծոյ տա­ճա­րը, ­Սուրբ ­Սե­ղա­նին վրայ կը տես­նենք ­Սուրբ Ա­ւե­տա­րա­նը: Ն­շանն է, ո­րով մենք կը սկսինք ­Յո­բե­լի­նա­կան ­Տա­րին։ Ն­շան, որ մար­գա­րէա­կան ար­ժե­քով կը հարս­տաց­նէ շնորհ­քի այս ­Սուրբ ­Տա­րին: «­Փառք Աս­տու­ծոյ՝ եր­կին­քի բար­ձունք­նե­րուն մէջ, եւ երկ­րի վրայ խա­ղա­ղու­թիւն մար­դոց է իր սի­րե­լի­նե­րուն» (­Ղու­կաս 2,14)։ ­Սուրբ Ծ­նունդ է, ­Բեթ­ղե­հէ­մը մեր տու­նե­րուն մէջն է, մեր թա­ղա­մա­սե­րու մէջ, մեր ըն­տա­նիք­նե­րու մէջ, հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու եւ աշ­խա­տա­վայ­րե­րու մէջ, մեր սրտե­րու մէջ:
Այն­տեղ ուր կայ մարդ­կու­թիւն որ կը տա­ռա­պի, այն­տեղ ուր կայ ա­նար­դա­րու­թիւն, այն­տեղ ուր մար­դը հա­մա­կար­գի գե­րին է եւ յոյ­սի հա­մար քիչ տեղ կայ, այն­տեղ ­Բեթ­ղե­հեմն է, եւ այն­տեղ ­Յի­սուս Ք­րիս­տոս կը շա­րու­նա­կէ ծնիլ: ­Զօ­րու­թեան վայ­րե­րը, Ք­րիս­տո­սի ա­ռանձ­նաշ­նոր­հեալ վայ­րե­րը չեն: «­Յի­սուս Ք­րիս­տոս, որ հա­րուստ էր, ձե­զի հա­մար աղ­քա­տա­ցաւ, որ­պէս զի դուք հարս­տա­նաք ա­նոր աղ­քա­տու­թեամբ» (Բ. ­Կորն­թա­ցի­նե­րու 8:9): Ինք­զինք փոքր ը­րաւ, ան­պաշտ­պան, տկար, որ­պէս­զի մեզ ­Հօր զա­ւակ­ներ դարձ­նէ: Այս է մէծ ճշմար­տու­թիւ­նը, որ մե­զի կ­՚ա­ւե­տէ ­Սուրբ Ծ­նուն­դը: ­Հօր սէ­րը հաս­տատ է: ­Մենք կան­չուած ենք խոր­հե­լու ­Տի­րոջ սի­րոյ հրաշք­նե­րուն մա­սին, ­Բեթ­ղե­հէ­մի մսու­րին դի­մաց, այն­տեղ ուր իր ­Մօր գրկին մէջն է, ­Թա­գա­ւոր­նե­րու ­Թա­գա­ւո­րը եւ ­Տէ­րե­րու ­Տէ­րը՝ ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սը, դա­րե­րու ըն­թաց­քին սպա­սո­ւա­ծը, Փր­կի­չը: Այ­սօր մե­զի հա­մար ծնաւ Փր­կի­չը։
Այս է մեծ ա­ւե­տու­մը, որ կը հնչէ բե­րա­նէ բե­րան ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ, այս ա­ւե­տումն է, որ փո­խեց պատ­մու­թիւ­նը, տո­ւաւ նոր հե­ռան­կար: Ք­րիս­տո­սի առ­ջեւ մարդ­կու­թիւ­նը չի կրնար ան­տար­բեր մնալ «Ով որ ին­ծի հետ չէ, ին­ծի հա­կա­ռակ է, ով որ ին­ծի հետ չի հա­ւա­քեր, կը ցրո­ւէ» (­Ղուկ. 11,23): «Ինքն է ­Վէ­մը որ ա­նար­գո­ւե­ցաւ կա­ռու­ցող­նե­րու կող­մէ եւ նոյն ­Վէ­մը՝ ե­ղաւ ան­կիւ­նա­քար» (­Գործ Ա­ռա­քե­լոց 4.11): ­Յի­սուս Ք­րիս­տոս գայ­թակ­ղու­թիւն է ա­նոնց հա­մար, ո­րոնք չեն ըն­դու­նիր զինք, բայց ա­նոնց հա­մար, ո­րոնք կ­՚ըն­դու­նին զինք, Ան փրկու­թիւն է, խա­ղա­ղու­թիւն եւ ու­րա­խու­թիւն։
«Աղ­քատ­նե­րը միշտ ձե­զի հետ են» (­Մատթ. 26, 11): Աղ­քատ­նե­րու ընտ­րու­թիւ­նը Ե­կե­ղե­ցոյ միակ հնա­րա­ւոր ընտ­րու­թիւնն է որ կ­՚ու­զէ ըլ­լալ եւ հա­ւա­տա­րիմ մնալ իր հիմ­նա­դիր ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սին: Աղ­քատ­նե­րուն հա­մար նա­խա­պատ­ւու­թիւ­նը պէտք է ըլ­լայ. մեր կող­մէն, պար­տա­դիր ու­շադ­րու­թիւն ի­րենց ի­րա­վի­ճա­կին, ի­րենց պէտ­քե­րուն, ի­րենց ակն­կա­լու­թեան։ Ե­կե­ղե­ցին, մենք քրիս­տո­նեա­ներս, պէտք է դառ­նանք մեր աղ­քատ եղ­բայր­նե­րուն ճա­նա­պար­հի ու­ղե­կից­ներ: Ի­րենք մեր գան­ձերն են, ի­րենց մի­ջո­ցով Ք­րիս­տո­սը կը ծա­ռա­յենք, կը տես­նենք Ք­րիս­տո­սը: Մ­տիկ ը­նե­լը, ըն­կե­րակ­ցի­լը եւ օգ­նե­լը պի­տի ըլ­լան մեր ա­ռաջ­նա­հեր­դու­թիւ­նը։
Կ­՚ե­րա­զենք տես­նել ­Յո­բե­լի­նա­նա­կան ­Տա­րին ուր.
• ­Հաշ­տե­ցո­ւած Ե­կե­ղե­ցին, կը քա­լենք միա­սին։
• Ունկնդ­րու­թեան եւ տրա­մա­խօ­սու­թեան ոճ մը, որ կ­՚ա­ռաջ­նոր­դէ ա­մէն հա­ւա­տա­ցեալ։
• ­Հո­գիի ար­ժէք­նե­րու հան­դէպ ու­շա­դիր եւ Ք­րիս­տո­սի տէ­րու­թեան հան­դէպ ե­րի­տա­սար­դու­թիւն, ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ու­ղե­կից եւ ըն­կեր։ Ք­րիս­տո­նեայ ըն­տա­նիք­ներ, ո­րոնք կա­րող են ե­րաշ­խա­ւո­րել կեան­քը, դաս­տիա­րա­կել ար­ժէք­նե­րը, փո­խան­ցել հա­ւատ­քը։ ­Մէկ հա­սա­րա­կու­թիւն, որ կ­՚ապ­րի հա­մե­րաշ­խու­թեամբ։ Աշ­խա­տա­տե­ղեր, ուր կը յար­գո­ւի մար­դը ու ա­նոր ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւ­նը: ­Սուրբ քա­հա­նա­ներ, ո­րոնք կը զո­հո­ւին Աս­տու­ծոյ Ար­քա­յու­թեան հա­մար. պա­տաս­խա­նա­տու աշ­խար­հա­կան­ներ։ ­Հա­մե­րաշ­խու­թիւն ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մի­ջեւ եւ ազ­գե­րու մի­ջեւ:
«­Տի­րոջ հո­գին վրաս է. ո­րով­հե­տեւ օ­ծեց զիս եւ ղրկեց՝ քա­րո­զե­լու Ա­ւե­տա­րա­նը աղ­քատ­նե­րուն, գե­րի­նե­րուն՝ ա­ւե­տե­լու ա­զա­տու­թիւն, կոյ­րե­րուն՝ աչ­քի լոյս, հարս­տա­հա­րուած­նե­րուն՝ ա­զա­տու­թիւն եւ հռչա­կե­լու ­Տի­րոջ շնորհ­քի տա­րին» (Ես. 61,1): Ք­րիս­տոս մեզ կ­՚ու­ղար­կէ՝ ա­ւե­տե­լու մեծ ու­րա­խու­թիւ­նը, հռչա­կե­լու շնորհ­քի տա­րին, եւ սէր սեր­մա­նե­լու ա­մէն տեղ: ­Սուրբ Ծ­նուն­դը սկիզբ կու տայ ­Յո­բե­լի­նա­կան ­Տա­րո­ւան. Ե­կէ՝ք վե­րապ­րիլ մեր կեան­քը հա­ւատ­քով։
­Հո­բե­լիա­նա­կան տա­րո­ւան վերջ, մե­զի ան­թոյ­լատ­րե­լի է նախ­կի­նի պէս մնալ։ ­Լա­ւա­գոյն մաղ­թանք­ներ ­Սուրբ Ծնն­դեան տօ­նի առ­թիւ՝ ու­րա­խու­թեան եւ իս­կա­կան խա­ղա­ղու­թեան աղ­բիւր։ ­Յո­բե­լի­նա­կան շնոր­հա­ւո­րանք­ներ։

ՀԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓ Թ.Ծ.Վ. ՊԷԶԱԶԵԱՆ
Ա­ռա­քե­լա­կան կա­ռա­վա­րիչ
­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քի