Սփիւռքի իւրաքանչիւր հայկական կրթօճախ մեր ազգի պատմութեան, մեր անցեալի եւ ներկայի կարեւոր վկաներն են։ Սփիւռքի հայկական դպրոցներու կարեւորագոյն առաքելութիւնը յարատեւօրէն կը յատկանշուի հայրենաճանաչումով, հայկական ոգիի ջամբումով, սիրոյ ու գուրգուրանքի զգացումներով։
Օրէսթիատա-Տիտիմոթիխոյի փոքրաթիւ հայկական համայնքը դպրոցի հիմնադրման օրէն ի վեր ունեցած է թէ՛ բազմաթիւ թէ՛ ալ սակաւաթիւ աշակերտներու խումբեր իր գործունէութեան երկար տարիներուն ընթացքին, բայց նոյնիսկ երբ փոքրաթիւ եղած է՝ երբեք չէ մնացած առանց գործելու։ Մանաւանդ երբ խօսքը կը վերաբերի հայկական բազմամարդ կեդրոններէն հեռու գտնուող փոքրիկ համայնքի մը գործունէութեան, կարելի է հասկնալ թէ որքան ճիգ եւ աշխատանք կը պահանջէ հայկական դպրոցի մը պահպանումը։ Բայց նա՛եւ՝ թէ որքան շեշտուած կը դառնայ հայ փոքրիկները հայկական ոգիով դաստիարակելու պարտաւորութիւնը։
Օրէսթիատա-Տիտիմոթիխոյի «Անայիս Գասապեան» սրահէն ներս գործող միօրեայ դպրոցը, ամէն տարուայ պէս, այս տարի եւս մեծ խանդավառութեամբ սկսաւ ուսումնական իր նոր տարեշրջանը։ Ամէն Կիրակի օր մեծ ոգեւորութեամբ եւ սպասումով աշակերտները կը յաճախեն հայ դպրոց։ Անոնց դասերը կ‘ընդգրկեն հայերէն լեզուն, հայ մշակոյթը եւ գիտութիւնն ու սէրը հայրենիքի հանդէպ։ Կը կազմակերպուին փոքրիկ միջոցառումներ։
Աշակերտները կը գիտակցին, թէ որքան կարեւոր է մայրենի լեզուին տիրապետել եւ ամէն անգամ նոր գիտելիքներ ձեռք բերելով՝ անոնք կը դառնան ալ աւելի ինքնավստահ եւ կը հպարտանան իրենց գիտելիքներով եւ իմացութեամբ։
Այդ ամէնը արդէն մեծ հիացմունք եւ հպարտութիւն կը պարգեւեն ուսուցչուհի Սաթենիկ Անտոնեանին, որ պատրաստակամութեամբ եւ յանձնառութեամբ կը կատարէ իր առաքելութիւնը։
Համայնքի անդամներն ալ իրենց կարգին, միշտ պատրաստակամութեամբ կ‘օժանդակեն դպրոցի գործունէութեան, որպէսզի որեւէ կարիգ չի զգացուի դպրոցի սաներուն մօտ։
Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանէն դուրս միշտ պիտի ապրի հայը, հայու ոգին եւ հայ մշակոյթը։ Վառ օրինակ է Օրէսթիատա-Տիտիմոթիխոյի հայկական դպրոցը։
Բարի երթ եւ յաջողութիւններ կը մաղթենք Օրէսթիատա-Տիտիմոթիխոյի հայկական դպրոցին, աշակերտներուն, ուսուցչուհիին, Թաղային խորհուրդի եւ Հայ Գթութեան Խաչի հոգատար անդամներուն։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Ուսումնական նոր տարեշրջանի բացում՝ Օրէսթիատա-Տիտիմոթիխոյի հայկական դպրոցին համար