ՄԻՆՍԱՐ
Մեր օրերուն, Սփիւռքի մէջ հայերէն լեզուի նահանջն ու կորուստը թէ՛ բնական թէ՛ կառուցուածքային պատճառներ ունի:
Ժամանակ առ ժամանակ, որոշներու կողմէ արծածուած կէտերու կողքին, հայերէն լեզուի կորուստի հիմնական պատճառները, կը կայանան անոր գործածական դաշտի սահմանափակումին, դպրոցական հինցած-մաշած մեթոտներուն եւ օտարախօս միջավայրի զօրաւոր ճնշումներուն մէջ:
Ո՞ւր սահեցաւ մեր սրբազան հայոց լեզուն…
Ամէն անգամ, երբ Սփիւռքի գաղութներէն մէկուն մէջ, հայ լեզուին վերաբերող հաւաքոյթ մը ըլլայ, մենք կը լսենք նոյն, նոյն, նախադասութիւնը՝ «սիրելի հայրենակիցներ, մեր հայոց լեզուն, աշխարհի ամենահարուստ լեզուներէն է: Մեր Մեսրոպ Մաշտոցը գիտէ՞ք ինչ ստեղծած է…»:
Յետոյ ալ՝ այս վեհաշուք ճառէն ճիշդ հինգ վայրկեան անց, այս նոյն ճառախօսին թոռնիկը կը մօտենայ իրեն ու կ՚ըսէ՝ «παππού, μπορώ να παίξω λίγο με το «phone» σου;», («Մեծ հայրիկ, կրնա՞մ քիչ մը «phone»-ովդ խաղալ»), ան ալ խնդումերես կը պատասխանէ՝ «εντάξει, γλυκούλη μου, άλλα μην το παρακάνεις, εντάξει?», («լաւ անուշիկս, բայց չափը չանցնես, համաձա՞յն):
Ու ճի՛շդ հո՛ս է սիրելի ընթերցողներս, որ խե՜ղճ Մեսրոպ Մաշտոցը, մեղմիկ մը դարձեալ կը հառաչէ… իր գերեզմանին մէջէն…:
Սակայն ինչո՞ւ հայ լեզուն կը կորսուի Սփիւռքի մէջ…
Եկէք ծուռ նստինք, բայց փորձենք շիտակ խօսիլ…
Պատճառները սիրելի հայրենակիցներս, միայն ու միայն աշխարհագրական չեն, այլ՝ հոգեբանական ու կենցաղային ալ են…:
Եկէք միասնաբար մէկ քանի ախտաճանաչումներ ընենք:
ա.- «Թանգարանային» լեզուի ախտանիշը…
Մենք՝ մեր հայերէն լեզուն վերածեր ենք կիրակնօրեայ հագուստի:
Կարծես՝ թէ մեր լեզուն, այնպիսի լեզու մըն է, որ մեզի արտօնուած է խօսիլ, (անշուշտ ան ալ որոշ չափով), մեր եկեղեցիներուն, մեր ակումբներուն, մեր ժողովներուն ընթացքին եւ կամ ալ մեր դպրոցներու դասարաններուն մէջ, ա՞ն ալ՝ միայն հայերէն դասի պահուն: Հազիւ թէ դուրս, փողոց ելլենք, մեր մեծասքանչը… կը վերածուի ուղղակի, անպիտան եւ որեւէ բանի չծառայող լեզուի մը:
Երբ լեզուն դադրի կեանքի, կռիւի, սիրոյ, առեւտուրի, կամ թէ կատակի լեզու ըլլալէ, ան արդէն… կը սկսի մեռնիլ:
Լեզուն պէտք է ապրի փողոցներուն, տուներուն եւ մեր առօրեային մէջ, եւ ո՛չ միայն արխիւներուն մէջ…:
բ.- Քերականութեան «տեռորը»…
Մեր դպրոցներուն մէջ, ճիշդ է, որ մենք մեր ՀԱՅ, (հայ բառը մա՛սնաւոր գլխագիրով գրեցի, որովհետեւ լսածիս համաձայն, վերջին տարիներուն՝ թիւ մը օտար քաղաքացիներ, իրենք ալ սկսեր են իրենց զաւակները հայկական դպրոց ղրկել), պատանիներուն կը սորվեցնենք՝ «անցեալ կատարեալ»ը, «ստորադասական եղանակ»ը եւ «բացառական հոլով»ը, բայց իրենց չենք սորվեցներ, թէ ի՞նչ ձեւով պէտք է պատմեն իրենց դիտած վերջին ժապաւէնին մասին:
Հետեւա՞նք…
Երեխային համար հայերէն լեզուն, կը դառնայ ծանր ու միաժամանակ՝ ձանձրանալի պարտականութիւն մը:
Եթէ երեխային համար հայ լեզուն, միայն «պատիժ» եւ անգիր սորվելիք քերականութիւն է, պատանին, առաջին իսկ առիթով, անկէ հեռու պիտի փախչի, «փնտռելով» անգլերէնին կամ տեղական լեզուին հեշտութիւնն ու դիւրութիւնը:
գ.- Թուային թթուածինի պակասը..
Այսօրուան սերունդը կ՚ապրի պաստառներու դիմաց: Եթէ երեխան կը սիրէ «Play Station»-ով խաղալ, «Tik Tok»-ը դիտել եւ կամ ալ՝ «AI»-ին հարցումներ ընել, ինչպէս նաեւ եթէ այս բոլորը հայերէնով ալ չկան, (կամ եթէ նոյնիսկ ալ կան, կէս-կատար, անորակ, անարժէք ու անմակարդակ է), անոր ուղղեղը ինքնաբերաբար, օտար լեզուին պիտի դիմէ:
Հայ լեզուն կը կորսուի, որովհետեւ թուային աշխարհին մէջ, կը պակսի անոր թթուածինը:
դ.- Ծնողական «անձնատուութիւնը»…
Ամենահեշտ արդարացումն է՝ «դժուար է, երեխան չի հասկնար կոր, մեղք է քա սա չոճուխին»ը…:
Շատ մը հայկական տուներու մէջ, ծնողները կը նախընտրեն իրենց զաւակներուն հետ օտար լեզուով խօսիլ եւ այս մէկը կը պատճառաբանեն ըսելով, որ իբրեւ թէ իրենց միջեւ հաղորդակցութիւնը… աւելի դիւրհասկնալի կ՚ըլլայ:
Բայց սիրելի ծնողներս, լեզուն, նամանաւանդ հա՛յ լեզուն, շարունակական պայքար մըն է…:
Եթէ մեր տուներուն մէջ, մենք հայերէն խօսելու կամքը չունենանք, մեր դպրոցները շաբաթական մէկ քանի պահ հայերէն դասաւանդելով, չե՛ն կրնար հրաշքներ գործել…:
Ուրեմն ի՞նչ պէտք է ընենք, պէտք է յուսահատի՞նք…
Ո՛չ, բնա՛ւ, երբեք, ընդհակառակը պէտք է, որ մէ՛կ աւելի զօրաւոր պայքարինք…:
Մեր մեծասքանչ լեզուն պահելը, մեր նախնիներուն արցունքներուն վրայ արցունք աւելցնելը չէ…:
Հայ լեզուն պահելը… հայերէնով սխալիլն է…
Հայ լեզուն պահելը… հայերէնով խնդալ ու լալն է…
Հայ լեզուն պահելը… հայերէնով յարաբերուիլն է…
Հայ լեզուն պահելը… փակցուող պիտակներ, (թղթիկ), ու մշակութային տեղեկատուութեան միաւորներներ պատրաստելն է…:
Եթէ կ՚ուզենք, որ մեր հայ լեզուն չկորսուի, պէտք է զայն հանենք սուրբերու պատուանդաններէն եւ տեղաւորենք մեր պատանիներուն եւ երիտասարդներուն գրպաններուն մէջ…:
Տեղաւորենք իրենց բջիջային հեռաձայններուն մէջ..:
Որովհետեւ մեր հրաշալի ու մեծասքանչ հայոց լեզուն, անցեալի յուշարձան մը չէ, այլ՝ մեզի մեր ապագային հետ միացնող կամուրջ մը…:
minsar55@gmail.com










