Շնորհաւոր Ամանոր եւ Սուրբ Ծնունդ Ազգային Առաջնորդարան Յունաստանի Հայոց Թեմին

0
41

Ամանորի եւ Աստուածայայտնութեան սուրբ եւ լուսաւոր տօներու առթիւ, յանուն Յունաստանի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովին, Կրօնական ժողովին, Ազգային Վարչութեան, Խորհուրդներուն, Թաղական Խորհուրդներուն եւ Եկեղեցասէր Տիկնանց Մարմիններուն, Դպրաց Դասի սարկաւագաց եւ անդամներուն, կը փոխանցենք մեր ջերմագին բարեմաղթութիւնները Յունաստանի մեր սիրելի հայ ժողովուրդին: Մեր աղօթքն է, որ Ամենակալ Աստուած օրհնէ մեր բոլոր ընտանիքները եւ անսահման սիրով ու երկնային պարգեւներով զարդարէ: Ժամանակի յարափոփոխ ու բազմազան մարտահրաւէրներու դիմաց, ազգային ու ընտանեկան արժէքները կը հանդիսանան մեր ինքնութեան պահպանման անխախտ հիմնաքարը։ Այս առումով լիայոյս ենք որ յառաջիկայ տարի մեր ընտանիքներն ու ազգային կառոյցները կը շարունակեն լինել այն ապահով յարկը, ուր սերունդներու մէջ պահպանուած են մեր հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութիւնները։ Առ այդ, այս առաքելութիւնը կ՛ենթադրէ մեր բոլորին անկեղծ նուիրումը եւ անշեղ ջանքերը, յանուն Յունաստանի հայ համայնքի բազմամեայ աւանդներու փոխանցման եւ նոր սերունդներու հոգեւոր ու ազգային դաստիարակութեան։ Մեր ջերմագին բարեմաղթութիւնները կ՛ուղղենք Յունահայ գաղութի բոլոր միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն, ցանկալով անխափան յաջողութիւն իրենց ազգանուէր առաքելութեան մէջ։

Շնորհաւոր Ամանոր եւ Սուրբ Ծնունդ Ազգային Առաջնորդարան Յունաստանի Հայոց Թեմին