Ուրախութեամբ եւ հպարտութեան զգացումներով տեղեկացանք, թէ Բինկ-բոնկի աղջիկներու համայունական ախոյենութեան մրցաշարքներուն, որ տեղի ունեցան Ապրիլ ամսուան ընթացքին, մեր վարժարանի 2018 Յունիսի շրջանաւարտներէն Մարի Հելվաճեան, առաջին դիրքը գրաւեց։
Կը շնորհաւորենք Մարիին եւ կը մաղթենք բարի շարունակութիւն ու նորանոր յաջողութիւններ։
Հ․Կ․Խաչի «Զաւարեան»
ազգային վարժարանի տնօրէնութիւն