­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց ­Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ՝ ­Գերպ. Տ. ­Սա­հակ Ծ. Վրդ. Ե­մի­շեա­նի ընտ­րու­թեան ա­ռի­թով, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէն շնոր­հա­ւո­րա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տո­ւաւ նո­րըն­տիր Ա­ռաջ­նոր­դին, ­Չո­րեք­շաբ­թի, 9 ­Հոկ­տեմ­բե­րի ե­րե­կո­յեան, Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նէն ներս։
­Կեդր. ­­Կո­մի­տէն բա­րի գալս­տեան եւ պաշ­տօ­նի ստանձ­ման իր ջերմ շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցեց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նոր­դին, մաղ­թե­լով ա­ռաջ­նոր­դա­կան բե­ղուն շրջան մը ­­Յու­նաս­տա­նի թե­մէն ներս։
­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նոր­դը իր շնոր­հա­կա­լու­թիւն­նե­րը յայտ­նեց Հ.Յ.Դ. ­­Կեդր. ­­Կո­մի­տէին՝ հան­դիպ­ման եւ բա­րե­մաղ­թանք­նե­րուն հա­մար եւ իր վստա­հու­թիւ­նը ար­տա­յայ­տեց գա­ղու­թա­յին բազ­մե­րես գոր­ծու­նէու­թեան յա­ջո­ղու­թեան գծով։
­­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին, զրոյ­ցը կեդ­րո­նա­ցաւ յու­նա­հայ գա­ղու­թի ազ­գա­յին, ե­կե­ղե­ցա­կան, կրթա­կան եւ ըն­կե­րա­յին թե­մա­նե­րը շօ­շա­փող նիւ­թե­րու շուրջ, շեշ­տը դնե­լով յու­նա­հա­յու­թեան դի­մագ­րա­ւած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն վրայ։
Եր­կուս­տեք կա­րե­ւո­րու­թեամբ ընդգ­ծո­ւե­ցաւ նո­րըն­տիր Ա­ռաջ­նոր­դի դերն ու ներդ­րու­մը յու­նա­հա­յու­թեան ազ­գա­յին կեան­քի հզօ­րաց­ման ու­ղիին վրայ, ժո­ղո­վուր­դին մօտ հո­գեմ­տա­ւոր եւ ըն­կե­րա­յին կա­րիք­նե­րու գո­հաց­ման, ինչ­պէս նաեւ ե­րի­տա­սարդ տա­րրի ներգ­րաւ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին՝ գա­ղու­թա­յին կազ­մա­կերպ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։ Այս ուղ­ղու­թեամբ մե­ծա­պէս գնա­հա­տո­ւե­ցաւ հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու դե­րը եւ ա­նոնց գոր­ծու­նէու­թեան ա­ռըն­թեր` ազ­դու ու ընդ­լայ­նուած շրջա­նա­կի կա­տա­րե­լա­գոր­ծու­մը։
Զ­րոյ­ցը ընդ­լայ­նե­ցաւ հա­յու­թիւ­նը յու­զող խնդիր­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ ա­պա­գա­յի գա­ղու­թա­յին նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու գործ­նա­կան քայ­լե­րու շուրջ, շեշ­տե­լով միաս­նա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։