Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի ընտրութեան եւ օծման 26-րդ տարեդարձին առիթով, Կիրակի 27 Յունիս 2021-ին, Յունաստանի Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս պիտի կատարուի Հայրապետական մաղթանք։
Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագի պիտի կատարուի Հայրապետական Մաղթանք։
Ս. Պատարագի եւ Հայրապետական Մաղթանքի
արարողութեան պիտի հանդիսապետէ՝
Գերաշնորհ Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան
Առաջնորդ Յունաստանի Հայոց Թեմին
Հայրապետական գահակալութեան յոբելենական այս բարեպատեհ առիթով, կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդը, մասնակցելու եւ աղօթակից ըլլալու Վեհափառ Հայրապետին արեւշատութեան եւ երկարամեայ գահակալութեան Հայրապետական Մաղթանքին։
Կրօնական Ժողով
Յունաստանի Հայոց Թեմին