«­Քա­ջա­լե­րո­ւե­ցէ՛ք, ո­րով­հե­տեւ
ես յաղ­թե­ցի աշ­խար­հին»

Աս­տու­ծոյ Որ­դին դէ­պի ­Գող­գո­թա ուղ­ղո­ւե­լէ ա­ռաջ, իր ա­շա­կերտ­նե­րուն վախն ու ա­նո­րո­շու­թիւ­նը տես­նե­լով կ’ը­սէ. «Աշ­խար­հի վրայ նե­ղու­թիւն պի­տի ու­նե­նաք, բայց քա­ջա­լե­րո­ւե­ցէ՛ք, ո­րով­հե­տեւ ես յաղ­թե­ցի աշ­խար­հին» (Յհ. 16.33):
Աս­տու­ծոյ Որ­դին մար­դե­ղա­ցած էր երկ­րա­ւոր նպա­տակ­նե­րու ու նիւ­թա­կան շա­հե­րու վրայ հիմ­նուած աշ­խար­հի մար­դա­կեդ­րոն հա­մա­կար­գը քան­դե­լու եւ հաս­տա­տե­լու երկ­նա­յին ճշմար­տու­թիւն­նե­րուն վրայ հիմ­նո­ւած աս­տո­ւա­ծա­կեդ­րոն հա­մա­կար­գը: Ան աշ­խարհ ե­կած էր ա­նա­ռակ դար­ձած մար­դը վե­րա­դարձ­նե­լու իր երկ­նա­ւոր ­Հօր: Ք­րիս­տոս իր խա­չով ու յա­րու­թեամբ ի­րա­գոր­ծեց իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նըյաղ­թեց աշ­խար­հին ու երկ­րի վրայ հիմ­նեց եր­կին­քի թա­գա­ւո­րու­թիւ­նը: Աս­տու­ծոյ Որդ­ւոյն ա­շա­կերտ­նե­րը ­Բեթ­ղե­հէ­մի ճամ­բով աշ­խար­հին յայտ­նո­ւած ճշմար­տու­թիւն­նե­րով ու ար­ժէք­նե­րով զի­նո­ւած եւ Ք­րիս­տո­սի խա­չով ու յա­րու­թեամբ հզօ­րա­ցած, յաղ­թա­հա­րե­ցին աշ­խար­հի տագ­նապ­ներն ու չա­րիք­նե­րըմարդ­կա­յին կեան­քին մէջ ցա­նե­լով սեր­մե­րը երկն­քի ար­քա­յու­թեան: Ք­րիս­տո­սի Ա­ւե­տա­րա­նը աշ­խարհ տա­նե­լու հա­ւատ­քի յանձ­նա­ռու­թե­նէն մղո­ւած, ե­կե­ղեց­ւոյ հայ­րերն ու սուր­բե­րը փո­թոր­կա­լից աշ­խար­հին մէջ քա­ջօ­րէն վկա­յե­ցին զՔ­րիս­տոս, Փր­կի­չը աշ­խար­հին դառ­նա­լով յա­ւի­տե­նա­կան ճշմար­տու­թիւն­նե­րու պատ­գա­մա­խօս­նե­րը նո՛յ­նիսկ ա­րեան նա­հա­տա­կու­թեամբ:
Ա­հա­ւոր հա­լա­ծանք­նե­րու են­թար­կո­ւած ե­կե­ղե­ցին, իր ամ­բողջ պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին եւ մին­չեւ ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րը, Ք­րիս­տո­սի խա­չին ու յա­րու­թեան յաղ­թա­նա­կով գօ­տեպն­դո­ւած մնաց հզօրԱ­ւե­տա­րա­նի յա­ւի­տե­նա­կան պատ­գա­մը աշ­խար­հին տա­նե­լու իր ա­ռա­քե­լու­թեամբ: ­Նոյն­պէս նա­՛եւ հայ ե­կե­ղե­ցին. վկա՛յ ա­րիւ­նով ու տա­ռա­պան­քով լե­ցուն իր դա­րա­ւոր պատ­մու­թիւ­նը: Ար­դա­րեւ, իր ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին մէջ կեն­դա­նի ներ­կա­յու­թիւն դար­ձած, ա­նոր տագ­նապ­նե­րուն ու եր­կունք­նե­րուն հետ ինք­զինք նոյ­նա­ցու­ցած, աք­սո­րի ու ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճամ­բէն քա­լած մեր ե­կե­ղե­ցին լսեց ձայ­նը Ք­րիս­տո­սին մի՛ վախ­նաք, քա­ջա­լե­րո­ւե­ցէ՛ք, ո­րով­հե­տեւ ես յաղ­թե­ցի աշ­խար­հին:
­Սի­րե­լի՛ հա­յոր­դի­ներ,
Այ­սօր, ճգնա­ժա­մի մէջ գտնո­ւող աշ­խար­հին մէջ, յա­րու­ցեալ Ք­րիս­տո­սի յաղ­թա­նա­կով հզօ­րա­ցած հայ ե­կե­ղե­ցին նո՛յն պատ­գա­մը կը փո­խան­ցէ մեր ժո­ղո­վուր­դին.
­Քա­ջա­լե­րո­ւե­ցէ՛ք, մի՛ յու­սա­հա­տիք, ո­րով­հե­տեւ Ք­րիս­տոս մեր ­Տէ­րը յաղ­թե՛ց աշ­խար­հի չա­րին, մեղ­քին ու մա­հո­ւան:
Աս­տու­ծոյ ներ­կա­յու­թիւ­նը ապ­րե­ցէ՛ք ձեր կեան­քին մէջբա­րին մտա­ծե­լով ու բա­րիք կա­տա­րե­լով, ձեր նմա­նին օգ­նե­լով: Չ­մոռ­նա՛ք եր­բեք, որ Աս­տո­ւած իր ­Միա­ծին Որ­դին աշ­խարհ ղրկեց մե­զի՛ հա­մար, ո­րով­հե­տեւ սի­րեց մեզ (Յհ. 3.16): Ք­րիս­տոս հրա­շա­գոր­ծեց, քա­րո­զեց, խա­չո­ւե­ցաւ ու յա­րու­թիւն ա­ռաւ մեր փրկու­թեան հա­մար: ­Զօ­րա­ցու­ցէ՛ք ձեր հա­ւատ­քը ու ամ­րա­ցու­ցէք ձեր յոյ­սը, ո­րով­հե­տեւ երբ Աս­տու­ծոյ հետ ենք Աս­տո­ւած մե­զի հետ է մեր կեան­քի բո­լոր օ­րե­րուն եւ բո­լոր պայ­ման­նե­րուն մէջ:
­Յի­շե­ցէ՛ք, որ Ք­րիս­տոս իր ա­րիւ­նով մեզ գնեց (Գրծ. 20.28) ու մեզ Աս­տու­ծոյ որ­դե­գիր զա­ւա­կը դար­ձուց: Ըլ­լա՛նք հնա­զանդ զա­ւա­կը մե­զի պաշտ­պան ու պա­հա­պան մեր երկ­նա­ւոր ­Հօր:
­Յա­րու­ցեալ Ք­րիս­տոս աշ­խար­հին չա­րը յաղ­թե­լով, մեր առ­ջեւ բա­ցաւ յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քի ու փրկու­թեան ճամ­բան: ­Քա­լե՛նք այս ճամ­բէնհե­ռու մնա­լով մեզ դէ­պի աշ­խար­հի մո­լու­թիւն­նե­րը ա­ռաջ­նոր­դող ճամ­բա­նե­րէն: ­Քա­լե՛նք այս ճամ­բէն վե­րա­նո­րոգ հա­ւատ­քով ու յոյ­սով:


­Մեր ­Տի­րոջ ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի ­Յա­րու­թեան տօ­նին ա­ռի­թով, ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Ան­թի­լիա­սի մայ­րա­վան­քէն հայ­րա­պե­տա­կան օրհ­նու­թեամբ ու հայ­րա­կան ջերմ սի­րով կ’ող­ջու­նենք մեր ժո­ղո­վուր­դի սի­րե­լի զա­ւակ­նե­րը Ք­րիս­տոս ­Յա­րեաւ ի մե­ռե­լոց, Օրհ­նեալ է յա­րու­թիւնն Ք­րիս­տո­սի: ­Հայ­րա­պե­տա­կան օրհ­նու­թեամբ կ’ող­ջու­նենք ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վսե­մա­շուք նա­խա­գահ Ար­մէն ­Սարգ­սեանն ու վսե­մա­շուք վար­չա­պետ ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեա­նը, ինչ­պէս նաեւ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վսե­մա­շուք նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեա­նը մաղ­թե­լով ի­րենց հայ­րե­նա­նո­ւէր ի­րա­գոր­ծում­նե­րով լե­ցուն ծա­ռա­յու­թիւն:
Եղ­բայ­րա­կան ջերմ սի­րով կ’ող­ջու­նենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ­Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն հա­յոց կա­թո­ղի­կո­սըմաղ­թե­լով ե­կե­ղե­ցա­շէն ծա­ռա­յու­թեամբ հա­րուստ եր­կար գա­հա­կա­լու­թիւն: Կ­’ող­ջու­նենք նաեւ Ե­րու­սա­ղէ­մի հա­յոց պատ­րիարք ա­մե­նա­պա­տիւ Տ. ­Նուր­հան արք. ­Մա­նու­կեա­նը եւ ­Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ հա­յոց պատ­րիարք ա­մե­նա­պա­տիւ Տ. ­Սա­հակ արք. ­Մա­շա­լեա­նը մաղ­թե­լով ի­րենց բեղմնա­ւոր ծա­ռա­յու­թիւն հայ ե­կե­ղեց­ւոյ ան­դաս­տա­նին մէջ:
­Հայ­րա­պե­տա­կան օրհ­նու­թեամբ ու հայ­րա­կան ջերմ սի­րով կ’ող­ջու­նենք ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ­նե­րը, հո­գե­ւոր դա­սը, Ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, մեր ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին մէջ գոր­ծող կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներն ու միու­թիւն­նե­րը` ա­ղօ­թե­լով առ յա­րու­ցեալ Ք­րիս­տոս, որ ի­րենց ե­կե­ղե­ցա­շէն ու ազ­գա­նո­ւէր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ար­դիւ­նա­ւո­րէ նոր յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով:


­Սի­րե­լի՛ զա­ւակ­ներ հայ ժո­ղո­վուր­դի,
Ե­կէ՛ք ­Սուրբ ­Զատ­կո­ւան ա­ռա­ւօ­տուն ա­ղօ­թենք միա­սին, որ չա­րին ու մեղ­քին դէմ իր հրա­շա­փառ յա­րու­թեամբ յաղ­թա­նակ տա­րած մեր ­Տէ­րը ­Յի­սուս Ք­րիս­տոս աշ­խար­հէն հե­ռաց­նէ չար ու չա­րիք, հի­ւանդ­նե­րուն ա­ռող­ջու­թիւն ու գոր­ծոց յա­ջո­ղու­թիւն պար­գե­ւէ եւ մեր կեան­քը լեց­նէ երկ­նա­յին շնորհ­նե­րով ու բա­րիք­նե­րով:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
­Սուրբ ­Զա­տիկ 2020
Ան­թի­լիաս, ­Լի­բա­նան