ՄԻՆՍԱՐ

— ­Չեմ կար­ծեր այս տա­րի ալ ­Նոր ­Տա­րին «հոս» դի­մա­ւո­րենք…
Այս «հո­սը» ա­նանկ շեշ­տո­ւած ձե­ւով մը ը­սաւ, որ հրթի­ռի նման ին­կաւ ու պայ­թե­ցաւ գլխուս վրայ…
— «­Հո­սը» ո՞ւր է կնիկ…
— «­Հո՛ս», այս մեր տու­նին չոր-ցա­մաք չորս պա­տե­րուն մէջ…
Ա՜խ, այս ան­պի­տան տա­րի­նե­րը, ին­չո՞ւ այս­քան ա­րագ կանց­նին: ­Դեռ մի քա­նի տաս­նա­մեակ ա­ռաջ «այս մեր տու­նին չոր-ցա­մաք չորս պա­տե­րը» մեր «սի­րոյ տա­քուկ բոյնն» էին, իսկ հի­մա՞… հի­մա հէ՛չ մի հարց­նէք…: ­Սի­րե­լի ըն­թեր­ցող­ներս, պատ­մու­թիւնս չշա­րու­նա­կած՝ պի­տի ու­զէի ձե­զի ո­րոշ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տալ: ­Նախ եւ ա­ռաջ ը­սեմ, որ խօ­սակ­ցու­թիւ­նը տե­ղի կ­՚ու­նե­նար իմ եւ իմ սի­րե­լի տիկ­նոջս՝ ­Տի­րու­հիին մի­ջեւ: Երկ­րորդ՝ պատ­մու­թիւնս ձե­զի պի­տի ներ­կա­յաց­նեմ եր­կու բա­ժի­նով: Ա­ռա­ջի­նը պի­տի կո­չեմ՝ «Օ­դա­կա­յան… դէ­պի Ի­տա­լիա», իսկ երկ­րոր­դը՝ «Օ­դա­կա­յան… դէ­պի Ա­թէնք», որ­պէս­զի դուք եւս լաւ մը հասկ­նաք գլխուս հա­սած փոր­ձան­քը: Ու­րեմն՝ շա­րու­նա­կեմ ա­ռա­ջին բա­ժի­նով…
— ­Գի­տե՞ս ­Մաք­րու­հին եւ ­Պետ­րո­սը ­Նոր ­Տա­րին ուր պի­տի դի­մա­ւո­րեն…
— Ո՛չ գի­տեմ, ոչ ալ կ­՚ու­զեմ գիտ­նալ… ես հե­տաքր­քիր մարդ չեմ…
— Ու­րեմն գիտ­ցիր, որ Ի­տա­լիա­նե­րը եւ ­Վե­նե­տիկ­նե­րը պի­տի եր­թան…
— Աս­տո­ւած հե­տեր­նին… ա­նոնք հա­րուստ են ձա­գուկս, դրամ ու­նին…
— Խն­դի­րը դրա­մը չէ պա­րոնս, տրա­մադ­րու­թիւնն է… ի­րենք աշ­խոյժ են, չէ որ քե­զի պէս… տա­րի­քէդ ա­ռաջ ծե­րա­ցեր-գա­ցեր ես…
Այս «քե­զի պէ­սը» հա­շո­ւե­ցէք որ­պէս թիւ եր­կու հրթիռ: Ան­տե­ղա­ցին ը­րի…
— Եօ­թը օր Ի­տա­լիա եւ ­Վե­նե­տիկ օ­դա­նա­ւով, ու­տե­լով, խմե­լով, պտտե­լով եւ հինգ աստ­ղա­նոց պան­դոկ­նե­րու մէջ ալ գի­շե­րե­լով՝ գի­տե՞ս քա­նի պի­տի վճա­րեն…
— ­Հոգս չէ, չեմ ու­զեր գիտ­նալ…
— Անձ գլուխ ըն­դա­մէ­նը 420 եւ­րօ…
— Գ­նա աղ­ջիկ, մի հա­ւա­տար, 420 եւ­րոով եօ­թը օր Ի­տա­լիա շրջապ­տո՞յտ կ­՚ըլ­լայ ե­ղեր, ան ալ օ­դա­նա­ւո՞վ… քա՛, ա­սանկ գի­նով… է­շով նոյ­նիսկ չես կրնար պտտիլ…
— Հ­րամ­մե­ցէք պա­րոն խե­լա­ցիս, առ կար­դայ… ը­սե­լը ու ճիշդ քի­թիս տա­կը ճամ­բոր­դա­կան գրա­սե­նեա­կի մը չորս էջ­նոց գո­վազ­դի պրա­կը խո­թե­լը, մէկ ե­ղաւ…
Սկ­սայ կար­դալ: Իս­կա­պէս պրա­կին մէջ գրո­ւա­ծը իր ը­սա­ծին պէս էր: Եօ­թը օ­րո­ւան շրջապ­տոյտ Ի­տա­լիա եւ ­Վե­նե­տիկ, եր­թու­դար­ձը օ­դա­նա­ւով, գի­շե­րու­մը հինգ աստ­ղա­նոց շքեղ պան­դոկ­նե­րու մէջ, ու­տել-խմե­լը ճոխ եւ ա­ռատ (24 ժամ բաց պիւ­ֆէ), պտոյտ­նե­րը պի­տի կա­տա­րո­ւէին սոյն ճամ­բոր­դա­կան գրա­սե­նեա­կին անձ­նա­կան հանգս­տա­ւէտ հան­րա­կառք­նե­րով, տե­սար­ժան վայ­րե­րու եւ թան­գա­րան­նե­րու մուտ­քի տոմ­սե­րու փո­խար­ժէք­նե­րը նե­րա­ռեալ էին գի­նին մէջ, եւ տա­կա­ւին լե­ցուն… ա­նակնկալ­ներ: Պ­րա­կին մէջ դրո­ւած նկար­ներն ալ, ի­րա­պէս գրա­ւիչ, գե­ղե­ցիկ ու հա­մո­զիչ էին: ­Ծօ կ’ը­սե՞ս, մտա­ծե­ցի… եւ այս ե­ղաւ իմ ա­ռա­ջին սխալ մտա­ծումս… ո­րուն դժբախ­տա­բար, ա­ւե­լի յե­տոյ, ու­րիշ­ներ ալ յա­ջոր­դե­ցին…
— ­Բո­լոր ըն­կե­րու­հի­ներս ամ­բողջ աշ­խար­հը պտտած են, իսկ ե՞ս… ես այս­տե­ղէն հոն նոյ­նիսկ չեմ կրցած եր­թալ…
­Ձեր ժա­մա­նա­կը խնա­յե­լու նպա­տա­կով ը­սեմ, որ բա­ւա­կան վի­ճե­լէ ետք տե­ղի տո­ւի, եւ ցաւ ի սիրտ հա­մա­ձայ­նե­ցայ: Ու ա­սի­կա ե­ղաւ իմ երկ­րորդ սխալս…
­Բո­լոր անհ­րա­ժեշտ աշ­խա­տանք­նե­րը կար­գա­ւո­րե­լէ ետք, ո­րո­շո­ւած օ­րը, է­շու նման խոփ-խո­շոր եր­կու պա­յու­սակ բեռ­նա­ւո­րած (Աս­տո­ւա՜ծ իմ, մենք շրջապ­տոյ­տի՞ կ­՚եր­թա­յինք կոր… կամ թէ՞ տուն կը փո­խադ­րէինք կոր), հա­սանք նա­խո­րո­շո­ւած ժա­մադ­րա­վայ­րը, ուր ծա­նօ­թա­ցանք միւս ճամ­բորդ­նե­րուն ու մեր շրջա­գա­յու­թեան ա­ռաջ­նոր­դին: Ար­դէն քիչ ետք ­Պետ­րո­սը եւ ­Մաք­րու­հին ալ ե­կան:
­Մեկ­նե­լու ժա­մա­նա­կը կը մօ­տե­նար, բայց մե­զի դէ­պի օ­դա­կա­յան փո­խադ­րող հան­րա­կառ­քը տա­կա­ւին չէր ե­րեւ­ցած: Գ­րա­սե­նեա­կի պա­տաս­խա­նա­տու ա­ռաջ­նոր­դը ան­կիւն մը քա­շուած, իր հե­ռա­ձայ­նով մէ­կու մը հետ կը խօ­սեր: Սկ­սայ ան­հանգս­տա­նալ: ­Քիչ ետք պա­տաս­խա­նա­տուն մե­զի մօ­տե­ցաւ եւ ը­սաւ…
— Դժ­բախ­տա­բար փոք­րիկ փոր­ձանք մը պա­տա­հե­ցաւ մեր գրա­սե­նեա­կի ինք­նա­շար­ժին, ու ստի­պո­ւած պէտք է որ ու­րիշ մի­ջո­ցով մը օ­դա­կա­յան եր­թանք…
— ­Քա վնաս չու­նի, թաք­սի մը կ­՚առ­նենք կ­՚եր­թանք, ը­սաւ ­Մաք­րու­հին…
— Ա­յո, քա՛, թաք­սիով կ­՚եր­թանք, հա­մա­ձայ­նե­ցաւ ­Տի­րու­հին, չձգենք որ ա­սանկ փոք­րիկ պա­տա­հար մը մեր այս ու­րախ տրա­մադ­րու­թիւ­նը խան­գա­րէ…
Ան­գամ մը եւս, է­շու նման բեռ­նա­ւո­րո­ւե­ցայ մեր եր­կու պա­յու­սակ­նե­րով, նստանք թաք­սիի մը մէջ եւ, բա­ւա­կան մեծ ու­շա­ցու­մով, վեր­ջա­պէ՜ս հա­սանք օ­դա­կա­յան…
­Սի­րե­լի ըն­թեր­ցող­ներս, հոս վերջ կը գտնէ մեր ար­կա­ծախնդ­րու­թեան ա­ռա­ջին՝ «Օ­դա­կա­յան… դէ­պի Ի­տա­լիա» բա­ժի­նը…

* * *
Այժմ անց­նինք երկ­րորդ՝ «Օ­դա­կա­յան… դէ­պի Ա­թէնք» բա­ժի­նին, ուր դար­ձեալ ձեր ժա­մա­նա­կը խնա­յե­լու նպա­տա­կով պի­տի թո­ւեմ մեր գլխուն ե­կած­նե­րը հեր­թա­կան շար­քով.-
Ա.- Օ­դա­կա­յան հաս­նե­լու մեր ու­շա­ցու­մին պատ­ճա­ռով, թռիչք­նիս կորսն­ցու­ցինք, սա­կայն մեր ա­ռաջ­նոր­դը մե­զի վստա­հե­ցուց, որ ան­պայ­ման հար­ցը պի­տի լու­ծեր: ­Դար­ձեալ սկսաւ հե­ռա­ձայ­նով մէ­կու մը հետ խօ­սիլ, ա­պա՝ յայ­տա­րա­րեց…
— Ա­մէն բան կար­գադ­րո­ւե­ցաւ, հէչ մի մտա­հո­գո­ւիք… չնչին տար­բե­րու­թիւն մը վճարե­լով պի­տի մեկ­նինք յա­ջորդ թռիչ­քով…
­Մաք­րու­հին եւ ­Տի­րու­հին ու­րա­խու­թեամբ ծա­փա­հա­րե­ցին: Ես պատ­րաստ էի մարդ սպան­նե­լու, ո­րով­հե­տեւ շրջա­գա­յու­թեան գու­մա­րէն ան­կախ, ար­դէն 35 եւ­րօ ալ վճա­րած էի թաք­սիին հա­մար: ­Մինչ այդ, ­Պետ­րո­սը սկսած էր ին­ծի տե­սակ մը ծուռ-ծուռ նա­յիլ: Չ­մոռ­ցած ը­սեմ, որ ա­ռաջ­նորդ­նիս վրի­պե­ցաւ մե­զի տե­ղե­կաց­նե­լու, որ այս «չնչին» տար­բե­րու­թիւ­նը, անձ գլուխ մօ­տա­ւո­րա­պէս 100 եւ­րօ էր, ինչ­պէս նաեւ… որ յա­ջորդ թռիչ­քը կէս գի­շե­րէն ետք, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 02:00ին էր…
— Աշ­խար­հը կոր­ծա­նի, ես ո­րո­շած եմ այ­սօր տրա­մադ­րու­թիւնս չաւ­րել, յայ­տա­րա­րեց ­Տի­րու­հին ու ­Մաք­րու­հիին թե­ւը մտնե­լով շա­րու­նա­կեց,- գո­նէ մին­չեւ մեր մեկ­նե­լու ժա­մը հաս­նի, ե­կուր քիչ մը օ­դա­կա­յա­նին խա­նութ­նե­րը պտտինք, դուք ալ գա­ցէք սուրճ մը խմե­ցէք: ­Փա­նոս, հէչ ման­րուք կա՞յ մը վրադ…
­Պա­տաս­խա­նե­լուս տեղ, ծուռ-ծուռ ուղ­ղա­կի աչ­քե­րուն մէջ նա­յե­ցայ, եւ կ­՚ե­րե­ւայ թէ նա­յո­ւածքս խե­լա­գա­րի նա­յո­ւած­քի նման էր, ին­չու որ ա­րագ մը մեկ­նե­ցաւ՝ ա­ռանց ո­րե­ւէ ու­րիշ ա­ւե­լորդ պա­կաս խօսք ը­սե­լու:
Բ.- ­Ժա­մը հա­սաւ, եւ բա­ւա­կան ան­հան­գիստ ճամ­բոր­դու­թե­նէ մը ետք, վեր­ջա­պէ՜ս հա­սանք Ի­տա­լիա: ­Մենք հա­սանք, ա­յո՜… բա՞յց… բայց դժբախ­տա­բար չհա­սան մեր պա­յու­սակ­նե­րը, ո­րոնք սխալ­մամբ ու­րիշ թռիչ­քի բեռ­ցո­ւե­լով… հա­սած էին հե­ռա­ւոր Աւստ­րա­լիա­նե­րը: ­Քա­նի մը ան­գամ հե­ռա­ձայ­նե­լէ ետք, ա­ռաջ­նորդ­նիս մե­զի վստա­հե­ցուց, որ մին­չեւ ա­ռա­ւօտ պա­յու­սակ­նե­րը ան­պայ­ման մե­զի հա­սած պի­տի ըլ­լա­յին… բա՞յց… բայց մոռ­ցաւ ը­սե­լու… թէ ո՛ր օ­րո­ւան ա­ռա­ւօ­տուն հա­սած պի­տի ըլ­լա­յին…
— Ա­ւե­լի լաւ, Ի­տա­լիա­յէն վեր­ջին նո­րա­ձե­ւու­թեան հա­գուստ­ներ կ­՚առ­նենք, ը­սաւ ­Մաք­րու­հին: ­Տի­րու­հին հա­մա­ձայ­նե­ցաւ, ­Պետ­րո­սը խնդաց, իսկ ե՞ս… ես գաղտ­նօ­րէն հա­նե­ցի ճնշու­մի (թան­սիո­նի) դե­ղա­հատ­նե­րուս տու­փը, եւ ոե­ւէ մէ­կը լուր չա­ռած՝ ա­րագ մը վրայ-վրա­յի եր­կու հատ կուլ տո­ւի, յե­տոյ հար­ցու­ցի.
— Ա­մօթ չըլ­լայ եա… բայց ա­ռանց գի­շե­րա­նո­ցի ինչ­պէ՞ս պի­տի պառ­կինք…
­Մաք­րու­հին եւ ­Տի­րու­հին նշա­նա­կու­թեամբ խնդա­լով ի­րա­րու նա­յե­ցան, ա­պա՝ ­Տի­րու­հին ը­սաւ.
— ­Նո­րապ­սակ­նե­րու մեղ­րա­լուս­նի պէս…
Սկ­սայ մտա­ծել, որ ան­պայ­ման կնիկս ինձ­մէ գաղտ­նի բան մը խմած ըլ­լա­լու էր… եղ­բայր… տար­բեր ձե­ւով չէր կրնար բա­ցատ­րո­ւիլ իր այս մշտա­կան ու­րախ տրա­մադ­րու­թիւ­նը…
Գ.- ­Պան­դո­կը իս­կա­պէս շքեղ ու հինգ աստ­ղա­նոց էր, բա՞յց… բայց կը գտնո­ւէր մեր մնա­լիք հան­րա­կա­ցա­րա­նին ճիշդ դի­մա­ցը: ­Պան­դո­կա­պե­տը չգիտ­նա­լով մեր ու­շա­ցու­մին պատ­ճա­ռը, եւ ոե­ւէ մէ­կէն լուր ստա­ցած չըլ­լա­լուն հա­մար, են­թադ­րած էր, որ մեր պտոյ­տը յե­տաձ­գո­ւած էր, եւ մեր սե­նեակ­նե­րը տրա­մադ­րած էր ու­րիշ ճամ­բորդ­նե­րու: ­Բա­ւա­կան մեծ դժուա­րու­թեամբ, մեր խե՜ղճ ա­ռաջ­նոր­դը, յա­ջո­ղած էր այս հան­րա­կա­ցա­րա­նին մէջ գո­նէ մէ­կա­կան սե­նեակ ա­պա­հո­վել մե­զի:
— ­Հոգս չէ,- ը­սաւ ­Տի­րու­հին,- մի­թէ մենք Ի­տա­լիա քնա­նա­լո՞ւ ե­կեր ենք…
Սկ­սայ եր­կու ձեռ­քերս ալ դէ­պի իր բա­րակ վի­զը եր­կա­րել, սա­կայն ա­րագ մը պա­ղա­րիւ­նու­թիւնս վե­րագտ­նե­լով՝ ինք­զին­քիս ե­կայ…
Դ.- Անս­պա­սե­լի թիւ­րի­մա­ցու­թեան մը հե­տե­ւան­քով՝ մե­զի պտտցնե­լիք անձ­նա­կան հանգս­տա­ւէտ հան­րա­կառքն ալ չէր ա­պա­հո­վո­ւած, ու ստի­պո­ւած սկսանք պտտիլ հան­րա­յին փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րով:
­Մեր ա­ռաջ­նոր­դը մե­զի նա­խազ­գու­շա­ցուց՝ ը­սե­լով, որ Ի­տա­լիա շատ գո­ղու­թիւն­ներ կ­՚ըլ­լա­յին, մա­նա­ւանդ զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րուն այ­ցե­լած վայ­րե­րը, ա­նանկ որ պէտք էր մեր դրա­մա­պա­նակ­նե­րը լաւ պա­հէինք:
— ­Մե­զի գող­նալ մտա­ծող ի­տա­լա­ցին չէ ծնած տա­կա­ւին՝ ը­սի խնդա­լով…
Ա­ղէկ ը­սեր են… «ծօ՛, մեծ պա­տառ կեր, մեծ խօսք մի՛ ը­սեր»: Երբ մեր ի­ջե­ւա­նած հան­րա­կա­ցա­րա­նը վե­րա­դար­ձանք… ցաւ ի սիրտ նկա­տե­ցինք, որ իմ եւ ­Պետ­րո­սին դրա­մա­պա­նակ­նե­րը ար­դէն թռցու­ցած էին… ա­ղէկ որ ­Մաք­րու­հին եւ ­Տի­րու­հին ի­րենց… (վար­դի ջուր ե­րես­նիդ) կրծքա­ման­նե­րուն մէջ ո­րոշ գու­մար մը պա­հած էին, թէ ոչ…
Ան­ձեռնմ­խե­լի կա­նոն.- Աշ­խար­հի ա­մէ­նէն ա­պա­հով դրա­մարկ­ղը… ի­գա­կան սե­ռին կրծքա­մանն է… մեծ դիւ­րու­թեամբ կրնաս ո­րե­ւէ գու­մար հոն պա­հես­տի դնել, սա­կայն հա­ւա­տա­ցէք, որ շա՜տ մեծ դժո­ւա­րու­թեամբ կրնաս այդ գու­մա­րը ետ առ­նել…
Ե.- ­Ճա­շը իս­կա­պէս ճոխ ու ա­ռատ էր, բա՞յց… բայց եղ­բա՛յր, մա­քա­րո­նիա ու­տե­լէն՝ ալ վեր­ջեր­նիս ե­կաւ: Առ­տու, կէ­սօր, գի­շեր մա­քա­րո­նիա… մա­քա­րո­նիա՝ մի­սով, մա­քա­րո­նիա՝ ձու­կով, մա­քա­րո­նիա՝ բան­ջա­րե­ղէ­նով, մա­քա­րո­նիա՝ ձկնե­ղէ­նով, մա­քա­րո­նիա, մա­քա­րո­նիա, մա­քա­րո­նիա, Աս­տու­ծուն օ­րը մա­քա­րո­նիա…
Զ.- Դժ­բախ­տա­բար թան­գա­րան­ներն ալ չկրցանք այ­ցե­լել, ո­րով­հե­տեւ ի­րենց «ցու­ցա­նիւ­թե­րու հո­գա­տա­րու­թեան» շա­բաթն էր, եւ մուտ­քը ար­գի­լո­ւած էր…
­Չեմ գի­տեր ո՞ր ­Սուր­բին մի­ջամ­տու­թեամբ ան­ցան այս անն­կա­րագ­րե­լի շրջապ­տոյ­տին տա­ժա­նե­լի եօ­թը օ­րե­րը, եւ խէ­րով-բա­րով վեր­ջա­պէ՜ս վե­րա­դար­ձանք մեր տու­նիկ­նե­րը:
Ա­թէն­քի օ­դա­կա­յա­նը հրա­ժեշ­տի պա­հուն, ­Պետ­րո­սին քիչ մը ան­դին քա­շե­ցի եւ հար­ցու­ցի.
— ­Կը նե­րես եա ­Պետ­րոս, բայց ին­չո՞ւ ա­մէն ան­գամ, որ թեր­սու­թիւն մը կը պա­տա­հէր կոր, ին­ծի ծուռ-ծուռ կը նա­յէիր կոր…
— Եղ­բայրս, հո­գիդ սի­րեմ, յետ այ­սու այս գա­ղա­փար­ներդ քե­զի պա­հէ… կ­՚ու­զէիր կոր Ի­տա­լիա՞ եր­թալ, Աս­տուած հետդ, ել­իր գնա՛… իմ յան­ցա՞նքս ինչ էր… ին­չո՞ւ ին­ծի ալ հետդ կը քաշք­շէիր կոր…
— Ան­շուշտ կա­տակ կ­՚ը­նես կոր ­Պետ­րոս, ծօ ես քո՛ւ խադ­րիդ հա­մար ե­կայ, ­Տի­րու­հին ը­սաւ, որ դուք տէր եւ տի­կին ո­րո­շեր էք ­Նոր ­Տա­րին Ի­տա­լիա անց­նել, ես ալ քե­զի ըն­կե­րա­նա­լու հա­մար ե­կայ…
— Ի՞նչ ը­սիր… վայ չար սա­տա­նա՜յ… ծօ ­Մաք­րու­հին ալ ձեր մա­սին ճիշդ նոյն բա­նը ը­սաւ ին­ծի… վա՜յ խո­րա­մանկ կնիկ­ներ, վա՜յ… ինչ ե­ղա­ծը հասկ­ցա՞ր հի­մա…
Չկր­ցայ բան մը ը­սել, լե­զուս կա­պուե­ցաւ, աչքս դար­ձաւ… միայն ա­սանկ, պղտոր, նման մշու­շի կը յի­շեմ, որ խե­լա­գա­րի հա­յեաց­քով ­Տի­րու­հիին փնտռե­ցի: ­Հա­զիւ տե­սայ, ուղ­ղա­կի վրան ցատ­կե­ցի եւ եր­կու ձեռ­քերս ալ իր վի­զին շուր­ջը ո­լո­րե­լով՝ սկսայ սեղ­մե՜լ, սեղ­մե՜լ, սեղ­մե՜լ… չեմ գի­տեր ին­չու, սա­կայն որ­քան կը սեղ­մէի, այն­քան ա­ւե­լի եր­ջա­նիկ կը զգա­յի: Ան­մի­ջա­պէս վրայ հա­սան քա­նի մը սպի­տա­կազ­գեստ մար­դիկ, ո­րոնք վրաս ին­կան ու գե­ղե­ցիկ ճեր­մակ բռնա­շա­պիկ մը հագ­ցու­ցին ին­ծի…
Եր­բեք պի­տի չմոռ­նամ բռնա­շա­պի­կին վրա­յի ցու­ցա­գի­րը… «­Մէյտ ին Ի­թա­լի» գրո­ւած էր… ի­տա­լա­կա՜ն էր, ի­տա­լա­կա՜ն…

* * *
­Սի­րե­լի ըն­թեր­ցող­ներս եւ «Ա­զատ Օր»ի ըն­տա­նիքս, ­Նոր ­Տա­րո­ւան եւ հա­յոց ­Սուրբ Ծ­նուն­դի զոյգ տօ­նե­րուն ա­ռի­թով՝ խնդրեմ ըն­դու­նե­ցէք իմ ա­մէ­նէն ան­կեղծ բա­րե­մաղ­թանք­ներս… ե­րա­նի՜ 2018ն­ ի­րա­կա­նաց­նէ ձեր կի­սատ ու ան­կա­տար մնա­ցած բո­լոր ծրա­գիր­նե­րը…

Ա­թէնք, 15/12/2017