Ի գիտութիւն հաւատացեալ մեր ժողովուրդին կը հաղորդենք, թէ Կիրակի, 1 Յունուար 2023-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, Գոքինիոյ ու Նէոս Գոզմոս(Ֆիքս)ի մեր եկեղեցիներէն ներս պիտի կատարուի նոր տարուան Ս. պատարագը։
Այս առիթով կը հրաւիրենք մեր հայորդիները եկեղեցի, որպէսզի աղօթքով, Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ վերանորոգուած յոյսերով սկսին նոր տարին։
Կրօնական Ժողով