Ի գիտութիւն հաւատացեալ մեր ժողովուրդին կը հաղորդենք, թէ Երկուշաբթի 1 Յունուար 2024-ի առաւօտեան ժամը 11։00-ին, Գոքինիոյ ու Նէոս Գոզմոսի (Ֆիքս) մեր եկեղեցիներէն ներս պիտի կատարուի նոր տարուան Ս. պատարագը։
Այս առիթով կը հրաւիրենք մեր հայորդիները եկեղեցի, որպէսզի աղօթքով, Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ վերանորոգուած յոյսերով սկսին նոր տարին։
Յունահայոց Թեմի Կրօնական Ժողով