Հաւատացեալ մեր ժողովուրդի ազնիւ ուշադրութեան կ’ուզենք յանձնել, որ Կիրակի, 11 Սեպտեմբեր 2022-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, Նէոս Գոզմոս(Ֆիքս)ի «Ս. Յովհ. Կարապետ» եկեղեցւոյ մէջ, Խաչվերացի տօնին առիթով մատուցուող Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, պիտի կատարուի Նորօրհնեալ Սրբալոյս Միւռոնով Ջրօրհնէք՝ որ տեղի ունեցաւ 1 Յուլիս 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս, ձեռամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին, ինչպէս նաեւ, անուշաբոյր ռեհանով զարդարուած Ս. Խաչով՝ Անդաստանի Կարգ։
Ս. եւ Անմահ Պատարագին պիտի հանդիսապետէ, Ջրօրհնէքն ու Անդաստանը կատարէ եւ իր Հայրական Պատգամը փոխանցէ, Յունաստանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝
ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ Տ. ԳԵՂԱՄ Ս. ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները, ներկայ ըլլալու Ս. Պատարագին, եւ Ջրօրհնէքի ու Ս. Խաչի Անդաստանի միջոցաւ անգամ մը եւս վերանորոգեն իրենց ուխտը հանդէպ Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ լսեն Առաջնորդ Սրբազան Հօր Հայրական Պատգամը:
Ս. ՅՈՎՀ. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑԻ