Երեքշաբթի, 16 Յուլիս 2024-ին, Յունաստանի հայոց թեմի նորընտիր Առաջնորդ գերպ. Տ. Սահակ ծ. վրդ. Եմիշեան հասաւ Անթիլիասի մայրավանք։
Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց առաջնորդ Հայր սուրբը վեհարանի գրասենեակին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում։ Վեհափառ հայրապետը շեշտեց Յունաստանի հայոց թեմի կարեւորութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ծառայական եւ առաքելական կեանքի ուղիին վրայ եւ թելադրեց Ազգային վարչութեան եւ Կրօնական ժողովին հետ միախորհուրդ վերաշխուժացնել կրօնական դաստիարակութիւնը եւ ազգային ոգին Յունաստանի համայնքներուն մէջ։
Իր կարգին, առաջնորդ Հայր սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդական պաշտօնի պատասխանատու լուծին եւ Վեհափառ հօր մնայոյն ցուցմունքներուն համար։ Վեհափառը օրհնելով Հայր սուրբը, յաջողութիւն մաղթեց անոր, իր նոր առաքելութեան մէջ եւ ողջունեց Յունաստանի հայոց թեմի ժողովուրդը, Ազգային վարչութիւնը, Կրօնական ժողովը եւ բոլոր միութիւններն ու կազմակերպութիւնները, նորընտիր Առաջնորդի գլխաւորութեամբ նոր ծաւալուելիք աշխատանքներուն մէջ։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Նորընտիր Առաջնորդ Հայր սուրբը կը ստանայ Վեհափառ հօր օրհնութիւնը եւ կը վերանորոգէ...