Կիրակի, 29 Սեպտեմբեր 2024-ին Տիտիմոթիխոյի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ եւ մատաղօրհնութիւն: Պատարագեց եւ քարոզեց Յունաստանի Թեմի նորընտիր Առաջնորդ գերպ. Տ. Սահակ ծ. վրդ. Եմիշեան։ Ան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Ս. Գէորգ զօրավարի քաջութեան, պատիւի նշանակութեան եւ ընդհանրապէս զոհողութեան կարեւորութեան մարդկային կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ, մանաւանդ հաւատքի կեանքէն ներս։ Հայր սուրբը շեշտեց, թէ կան անձեր, որոնք կը զոհուին պատիւի համար: Ս. Պատարագին ներկայ եղան Ազգային վարչութեան ատենապետ Թագւոր Յովակիմեան եւ շրջանի ներկայացուցիչ անդամ Զապէլ Այվազեան, Հ.Հ. հիւպատոսի ներկայացուցիչ Սարգիս Տանկազեան, Տիտիմոթիխոյի քաղաքապետը եւ յոյն եկեղեցւոյ հոգեւորական ներկայացուցիչը, Արեւելեան Մակետոնիոյ եւ Թրակիոյ միջթաղայինի եւ Թաղային խորհուրդի անդամներ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով հաւատացեալներ Թրակիոյ բոլոր շրջաններէն:
Պատարագիչ Հայր սուրբին սպասարկեց շրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեան, իսկ հոգեզմայլ երգեցողութիւնը կատարուեցաւ Գոմոթինիի, Ալեքսանտրուպոլսոյ եւ Քսանթիի դպրաց դասերու մասնակցութեամբ:
Յաջորդեց ճաշկերոյթ, ուր գեղարուեստական բաժնին մասնակցութիւն բերին ծանօթ երգչուհիներ Յասմիկ Բեգլարեան եւ Հռիփսիմէ Դանիէլեան՝ հայկական եւ յունական երգերով:
Օր մը առաջ, Առաջնորդ հայր սուրբը եւ իր պատուիրակութիւնը այցելեցին շրջանի յոյն մետրոպոլիտ Տամասքինոսին, որուն հետ ունեցան սիրալիր տեսակցութիւն:
Առաջնորդի այցելութիւնը Օրեստիատա
Շաբաթ, 28 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Առաջնորդ Հայր սուրբը Օրեստիաթա քաղաքի Իլեքթրա պանդոկի սրահէն ներս տեսակցութիւն ունեցաւ Տիտիմոթիխօ-Օրեստիատա համայնքին հետ, մօտէն ծանօթանալու համար տեղական հայ կեանքին եւ համայնքի անդամներուն։
Ներկայ էին Ազգային վարչութեան ատենապետը եւ շրջանի ներկայացուցիչը, շրջանի հոգեւոր հովիւը եւ Թաղային խորհուրդը, նաեւ մեծ թիւով հայրենակիցներ:
Հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն՝ պատրաստուած համայնքի տիկիններուն կողմէ:
Զ.Ա.










