Սօս Վանի

Ա.

Երկինքը՝ կապոյտ, եւ թեթեւ՝ անուրջին պէս: Անիկա՝ երեսն ի վար կործած սանի մը պէս կը ծածկէր երկիրը, ձեւը կը գծէր նրբակերտ տաճարի մը գմբէթին, որուն տակ կը հասուննար մարդկային միտքը եւ իր ճառագայթները կը բանար…:
Հովին մէջ զայրոյթ ու շփոթ չկային, եւ յոյսին հետ խառնուած չէր կասկածին յոյզը, ասոր համար ալ երանաւէտ էր կեանքին պարտադրանքը: Հագագներու երգը նման էր թեթեւսօլիկ աղջիկներու կեանքի հանդարտ բխումին: Արեւը՝ գազպինէն քակուող մեղրոտ թելերուն պէս: Կ’իջնէին հողին վրայ՝ անոր ճառագայթներուն խուրձերը, անոնք՝ ծառերուն պտուկները, ծաղիկներուն պարկուճները կը ծանրացնէին երկունքովը եւ պտղաբերութեան կարօտովը: Ամէն բանի վրայ լրջութիւն կար, եւ վսեմութիւնը ծանրածանր գիտակցութեան:
Ջրհեղեղէն յետոյ, Մայր Հողը, ջուրերու սարսափին մէջէն վեր կը բարձրանար կախարդական ու ինքնատիպ արուեստի մը կատարելութեամբը, եւ զուարթ էր ու առոյգ, վասն զի մարդկութիւնը ջրհեղեղով պատժող Եհովան, իր գործած չարիքէն դժգոհ՝ ուզած էր որ ցամաքը ըլլայ առաջուընէն աւելի արուեղ, թարմ ու գեղեցիկ, ու այս անոր համար՝ որ մոռցնել տայ իր գործած անօրինակ եղեռնին պատմութիւնը…:
Ասոր համար էր որ ջուրին մէջ ցաւի կոտտանք չկար, հովին մէջ զայրոյթ եւ լեռներու վրայ՝ արհաւիրք…:

Բ.

Նոյը բացաւ Տապանին դուռը: Կենդանիները, որ անոր մէջ բանտարկուած էին Ջրհեղեղի ժամանակ, զիրար հրմշտկելէն ու կոխկրտելէն, թռչունները՝ զիրար կտցելէն ու ճչալէն, ինքզինքնին դուրս նետեցին, դէպի լոյս աշխարհը: Օդին մէջ՝ թեւերու թփրտուք: Ու երգը՝ մանանայի հանդարտ էջքովը: Ցամաքի վրայ՝ ոտքերու, ճանկերու, թաթերու ժխոր եւ կոկորդներու անկարգ մռնչիւն: Ամէնքը նոր ապրումներու վայելքին կը վազէին, ինչպէս երիտասարդ մը՝ իր սիրուհիի հեշտալից համբոյրին:
Նոյը կենդանիներու հետ վար իջաւ Արարատէն: Քալեց անոնց հետ դէպի արեւմուտք: Վաղո՛ւց քալած չէին: Անոնց ապրելու ցանկութիւնը՝ իր հրթիռները կը նետէր գոյներուն եւ իրերուն վրայ: Անոնց աչքերը անյագօրէն կը լափէին համայնապատկերը երկրին: Անհամբերութիւնը անոնց հոգիներուն, շուտով եւ շատ երկիրներ տեսնելու, արեւ եւ օդ ծծելու անոնց տենչը կրակ առած էր, կը մղուէին առաջ, ամէն մէկ անասուն, համաձայն իր բնախօսական հարկադրանքին եւ կենդանական մարմնաշէնքին՝ իր եսին քմայքը կը ցուցադրէր: Մէկը կը քալէր ու կը խօսէր, միւսը կը սողար ու կը սուլէր, ոմանք կը վազէին ու կը վրնջէին, ուրիշները կը ցատկէին ու կը բբային, կը մայէին…:
Ու քալեց Տապանի բազմացեղ ամբոխը: Քալեց նաեւ Նոյը իր զաւակներուն հետ: Ասիկա՝ վտանգէն զերծ մնացած բաղդաւորներու առաջին դաշտագնացութիւնն էր ջրհեղեղէն ետքը: Եղջիւրաւոր եւ անեղջիւր կենդանիներու պոչերը՝ գիւղացի կնոջ գօտիէն կախուած թաշկինակին պէս կը ծածանէին: Սողունները՝ հողին ջերմութեան հեշտանքին կը քսէին փորերնին. ու կրիաները՝ իրենց պատեաններու սեմին վրայ լճացող արեւը կը լիզէին: Միջոցին մէջ՝ բզէզները, մեղուներն ու ճանճերը սիրուըտելէն կը պարէին:

Գ.

Օրեր անցան. բայց ամբոխը դեռ կը քալէր, այս անգամ զգուշաւոր ու դանդաղ, քանզի կ’ուզէր կաթիլ-կաթիլ, եւ թել առ թել ծծել կեանքը՝ իր մէն մի ձեւին ու գունաւորումին մէջ, ամէն տեղ, ու ամէն վայրկեան:
Ընթացող գետի մը նման ամբոխը հոսեցաւ շարունակ՝ օդէն ու ցամաքէն, կը փախէր Տապանին տակաւ զգացած ցաւէն ու ձանձրոյթէն: Ան յոգնիլ չգիտցաւ, քալեց միշտ, ապրելով ու վայելելով, հրհռալով ու երգելով:
Հայկական Պարը՝ բարձր ու նեղ ցուիքի մը պէս էր: Լեռներու կատարները՝ իրար միացած կած մօտեցած, ողնայարի մը ոսկորներու ագուցուածքին պատրանքը կու տային, ուրկէ անցնող ամպերը՝ զգուշաւոր, տուներու առապարներու վրայէն քալող կատուներու պէս: Բայց Տապանի բնակիչները, որոնք տեսեր էին վտանգներէն ամենէն մեծը, հեգնեցին զարհուրանքը անմատչելի տեղերուն, անգիտացան մահուան սրսփուքը՝ որ իրենց կու գար գահավէժներէն, քալեցին համարձակ եւ հպարտ…:
Մերթ իջնելով, մերթ բարձրանալով, Տապանի ամբոխը քալեց: Կարաւանին առջեւէն կ’երթար Նոյը, անոր առջեւէն, հանդարտօրէն կը քալէր եղնիկի մը ձագը, որ Տապանին մէջ ծնած էր, համայնատարած ու սպառնական մահաստանին մէջ՝ ծլած ծաղիկ մը եղնիկը. ՍԱԼՄԱ՜ՆԸ…:
Ճամբաներու վրայ՝ ծաղիկ կար. կանաչութիւնը կը յորդէր ու կը ծփար: Արեւը կը շոյէր զանոնք, ու զեփիւռը՝ վերածնող երկրին համար յաղթերգութիւն մը մը մռլտար…:

Դ.

Նոյի զաւակները երեք հատ էին:
Սեմը՝ Եղամի, Ասուրի, Արամի, Արփաքսատի եւ Ղուտիի հայրն էր: Իր եղբայրներուն կիրքին ու ատելութեան մէջտեղը՝ իր հասակը ցցած խաղաղութիւնն էր անիկա: Արդարութեան պէս փնտռուող ու ճշմարտութեան պէս պայծառ: Ու ամենէն մեծը՝ միւս երկու եղբայրներէն: Սեմի մեծութեան մէջ՝ պատկառանքը արքայական թագին ադամանդն էր:
Յաբեթը՝ կարծ ու ջղուտ: Անոր դնդերները՝ ջուրին մէջ մնացած կաղնեփայտին պնդութեամբ: Ուսին վրայ կը բարձրանար Ոյժին կարծրակուռ Աշտարակը, վրէժխնդրութեան ու կրքին ծեփովը: Անոր կոշտ առնականութեան մէջ՝ մարդը կ’աճէր, ինչպէս ծիլ մը՝ երկու ժայռերու արանքը: Ան՝ որ հայրը պիտի ըլլար Գամերի, Մագոգի, Մատայի, Յաւանի, Թոպէլի, Մոսոքի ու Թիրասի՝ իր մորթին մէջ չպարտուող վագրն էր, յարաշարժ, ցասկոտ եւ կռուազան:
Քամը՝ ժայռէն փրցուած անտաշ ու ծանրկեկ, անառակ ու անկարգ, հայհոյող ու կանոնական ապրումը հեգնող: Անոր սիրտը՝ մամռապատ ու թունոտ, խաղախորդարանի մէջ բացուած հորին պէս էր, հոն՝ ուրացում եւ թշնամանք կային: Քամը որ նախահայրը պիտի ըլլար Քուշի, Մեսարեմի, Փութի, Քանանի ու անոց բազմացեղ ու արի սերունդներուն, անհանդարտ էր, եռեփուող ներաշխարհով:
Տապանաբնակ ամբոխը երբ Սուկաւէտ լերան սարահարթը հասաւ՝ կանգ առաւ: Կանաչուտ էր ու գեղեցիկ՝ հողը: Հովիտները հարուստ էին ծաղիկներով: Ջուր ու փրփուր: Թռչուն ու մրջիւն: Երգ ու դայլայլ: Ամբողջ հրհռաց ու ուրախացաւ: Տեղը լաւ էր, տեսարանը հաճելի: Նոյը իր վրանը լարեց. թռչունները թառեցան ծառերուն վրայ, կենդանիները մարգագետնի վրայ նստան, հանգչելու ժամանակն էր, բայց Նոյի որդիները գացին որսի…, Սեմը միայն հօրը քով մնաց, եւ անոր օգնեց վրան լարելու մէջ, անոր հետ քրտնեցաւ ու տառապեցաւ:
Ոչ ոք գիտցաւ թէ Նոյի երկու զաւակները լերան ո՞ր կողմը որսի գացին, կամ՝ ի՞նչ որսալու գացին:

Ե.

Նոյը եւ Սեմը, Սուկաւէտ լերան ամենէն բարձր գագաթը ելան, դիտելու համար արեւահամ Աշխարհն հայոց: Մեր հայրենիքը իր քունէն դեռ նոր արթնցող հարսի մը պէս էր: Պարարտ հաւփալ մը թառած էր թուփի մը վրայ ու կը տաքնար արեւէն: Խիտ ու պոռոտ գոյներով համայնապատկեր մը՝ հիւսուած կամայականութեամբ եւ զանցառու երեւակայութիւնով: Կախարդակա՜ն էր հայաշխարհը, եւ պատկառազդու՝ ինչպէս կ’ըլլան տեսիլքներէն յագեցած մեծ մարգարէները…:
Դէպի աջ, ջերմութեան ու արեւի գոլին մէջէն կը նշմարուէին հնածոր երկիրը Տուշպայ, Մոկաց աշխարհի մթին լեռները, եւ մեղրաւէտ դաշտավայրը Մանազկերտի: Գետ մը, հասած ու խշխշուն ցորենարտի մը ծղօտները իրարմէ բաժնող զեփիւռին պէս՝ Բագրեւանդի օրհնեալ դաշտագետինը կը ճղէր, քիչ մը վարօք, ցած լեռներն ու բլուրները՝ կնգուղ դրած վարդապետներու կը նմանէին, ծառերը անոնց զառիթափներէն՝ կպրագոյն կը հոսէին մինչեւ դաշտերու հունը: Սիփանը, մեր գիւղի դարաւոր ժամու գմբէթին կը նմանէր: Գարկէն՝ զայրոյթէն, իր պոչին վրայ կեցած կարիճին դիրքովը: Նէմրութը՝ իր վեհութեան աղեղին կը նայէր, ուրկէ՝ ծո՜ր-ծո՜ր, կապարի պէս կը հալէին ամպե՜րը, ու վա՜ր կը թափէին: Առնօսը՝ փլփլկած պատմութեան մը խորխին վրայ կու լար. ապա՝ Ծո՜վը Նայիրեան, կապո՜յտ, ու կապո՜յտ, ջրեղէն երկինք եւ անուրջի հարստութեամբ…:
Ձախին վրայ՝ սանդղաձեւ լեռնաշարը: Բասենի ու Կարինի, Ալաշկերտի ու Վարզահանի դաշտերը՝ քով քովի դրուած, պտղաբերութեամբ ու հացով լեցուած չորս տաշտերու կը նմանէին: Արեւ եւ օրհնութիւն: Աղօթք եւ անդաստան: Եփրատը՝ իր սրբազնութեան մագաղաթները համբուրելով կ’երթար: Ճորոխը՝ սիրավէպի մը ագուցուածքին բարդ, դիւցազնական առնականութեամբ կը հոսէր, հետը տանելով Եւիլլայի երկրին համբաւը՝ զարդարուած ոսկիով եւ սուտակով:
Արեւելքի կողմը Արարատ, Արագած եւ Լալվար, երեք սիւներ՝ որոնք վեր կը բռնէին կապոյտ պաստառը երկնքին. անոր վրայ Առասպելին աննիւթական ձեռքը կը բանէր տրտում պատմութիւնը երկիր հայոցին: Այդ չքնաղ երկնակամարին տակն էր, որ օր մը պիտի կառուցուէին ոստաններ ու աւաններ՝ արմենական հանճարին բարդովը, ու պիտի կանգնէին ու Գիրին ու Մագաղաթին, Արուեստին ու Հաւատքին Աստեղատուները: Կը տեսնուէր Գուգարքը՝ քարանձաւաներու մութին մէջէն: Տայքը կը նմանէր թոնիրի վրայ դրուած պտուկի մը: Սիւնիքը՝ իր ժողովուրդին աւանդութիւններու մէջէն՝ հրեղէն երիվարի մը. դիրքը կ’առնէր: Այրարատեան Աշխարհը՝ երինջի մը պէս գէր էր, ծիրանի մը պէս լեցունկեկ եւ մանուկի մը նման կենսալից, ան՝ իր ծոցը կը բանար նոր մարդկութեան դիեցումին ի խնդիր:
Տակաւին՝ կը տեսնուէին Գեղամայ Ծովը, պատմութեան վարշամակին մէջ փաթթուած: Հրազդանը՝ որ բուրդի կծիկէն հոսող թելին նման, կը քակուէ՜ր, կը քջքջա՜ր, ու կը հեւա՜ր, սիրերգութեան ամենէն տաք ու յուզումնալից դրուագը նուէր կը տանէր Այրարատեան Աշխարհի վաղուան հարսերուն եւ աղջիկներուն համար: Արաքսը՝ որ «Քուշի բոլոր երկիրը կը պտտի», իր կողերը լայնցնելով եւ ուռեցնելով յղի կնոջ մը փորին պէս, կ’երթար հպարտ ու տիրական, ինչպէս անթերի տեսիլքը՝ երեւակայութեան մը ծաղկաւոր հէնքէն…:
Արեւմուտքի կողմը: Միջերկրականը քաղաքակրթութեան ջահերէն կը բռնկէր, անոր մուխը կը հոսէր Տաւրոսի կոպերէն, ալիք ալիք եւ անվերջակէտ՝ կ’ուղղուէր դէպի Հայաստան: Գրչի, վրձինի, կարկինի եւ մուրճի անտառները կ’օժտուէին անմահութեամբ: Տաւրոսեան լեռները՝ նուիրական մասունքներ փոխադրող կարաւանի մը պէս լուռ էին, պատկառազդու ու ծանրաքայլ:
Իրիկուան դէմ՝ Նոյը եւ իր որդին վար իջան Սուկաւէտի գագաթէն: Անոնց հոգիները ծանրացեր էին համայնապատկերին ներշնչումէն, ու բիբերը՝ յագեցած էին բնարուեստ ու գեղեցկութիւն դիտելէն:
Երբ իրենց վրանը հասան, Նոյը ըսաւ Սեմին:
— Ինքնագով ու պարծենկոտ Ասուրը, մայրիաշատ բայց պառաւցած Լիբանանը, անապատին կռթնած Պաղեստինը՝ շա՞տ վար կը մնան հայոց երկրէն…:

Զ.

Նոյի վրանը կը բարձրանար հին կոճղի մը կուշտէն: Անոր գոգաւոր տանիքէն արեւ կը վազէր: Վրանի՝ արեւ-լոյսէն դուրս ելած ցիցերուն հետ թիթեռնիկներ կը խաղային:
Թռչուններուն երգը եւ ծաղիկներուն բոյրը կը ծածկէին վրանը: Օրհնութեան նաշիհ եւ խաղաղութեան մրեղներ կը թափէին սեմին վրայ…, ուր՝ Սեմը իր տրեխները կը կարկտէր, Սալման կ’որոճար, ու Նոյը ձեռնափայտ մը կը տաշէր:
Որսորդները դեռ վերադարձած չէին:
Առասպելի մը համաձայն, անոնք գացած էին մարդկութիւնը ջրհեղեղով պատժող Աստուածը փնտռելու եւ չարաչար կերպով զայն պատժելու համար, համոզուած էին որ Անիկա, գոնէ հեղ մը վար պիտի իջնէր երկինքէն, շա՜տ բարձրէն, իր կազմակերպած ոճրահանդէսը մօտէն տեսնելու եւ զգալու համար զարհուրանքը իր արձակած պատգամին…:
Քամն ու Յաբեթը ատելութեամբ լեցուած էին Եհովային դէմ: Ուզեր էին պատժել զԱնիկա՝ յանուն մեռնողներու պահանջած Արդարութեան: Ո՛վ որ թագաւոր եղաւ՝ պէտք չէ բռնանայ, որ որ Տէր եղաւ՝ պիտի չլլկէ ու տառապեցնէ. ո՛վ որ իշխան կամ զօրաւոր՝ պիտի չայրէ ու խոշտանգէ, իսկ ո՛վ որ ԱՍՏՈՒԱԾ՝ պիտի չսպաննէ, շինողը՝ խորտակելու իրաւունք չունի եւ ստեղծողը՝ մեռցնելու:
Երկու որսորդները Եհովան շատ փնտռեցին, բայց չգտան…:

Է.

Երրորդ օրուան իրիկնադէմին էր:
Սեմը՝ ծաղիկ մը դիտելով կը զուարճանար: Նոյը՝ ձորակի մը կոպին վրայ կը տնկէր ծառեր: Սալման կը խաղար արեւուն հետ, անիկա՝ կանաչ ծիլերուն մէջ գարունը կը փնտռէր… բայց սիրոյ առաջին յոյզն ու սարսուռը գտաւ…, վազեց դէպի Նոյը, անիկա ծառեր կը տնկէր…, անոր քրտնաթոր ձեռքը լիզեց…:
Նոյի որսորդ զաւակները այդ պահուն՝ ժայռի մը կատարէն կը նետահարէին Արեւը…:

***

Նահապետը նստաւ ժայռի մը տակ, հանգչեցուց Սալմանին գլուխը իր ծունկերուն վրայ:
Նայեցաւ կենդանիի աչքերուն. անոր բիբերը՝ տաք փուռի պէս կը փլփլային: Գգուեց զայն: Խօսեցաւ անոր՝ իր ամենէն փաղաքուշ, սէր ու գուրգուրանք յայտնող բառերով:
Սալման սրսփաց:
Անոր մորթին տակէն անցաւ անդրանիկ սիրոյ՝ անդրանիկ խիթը…: Ճիշդ այդ պահուն՝ Նոյի արդարահատոյց զաւակները կը նետահարէին լեռներն ու կատարները…:

***

-Եղբա՛յր, ըսաւ Յաբեթ, արեւի, ամպի ու ժայռերուն մէջ չգտանք Արարիչը. նետահարե՛նք ամէն կողմէն, նետահարե՛նք ամէն ինչ, այն բոլոր բաները՝ զորս կը տեսնենք, եւ այն բոլոր բաները՝ զորս չենք կրնար տեսնել, գուցէ պատահական նետ մը գտնէ զԱնիկա, մենք՝ Արդարութիւն կը փնտռենք, արդարութիւն փնտռողներու համար՝ ոճիրը մեղք չէ…:
-Օ՛ն ուրեմն, նետահարե՛նք, պատասխանեց Քամ, թո՛ղ մեր նետերը ծածկեն երկրին մորթը, ասեղնատեն երակները հողին…:

***

Որսորդ եղբայրներու արձակած նետերը թռան աղեղէն՝ ինչպէս կայծերը կը թռին շիկացած երկաթէն, երբ ծանրածանր մուրճերով կը ծեծեն զայն: Դէպի արեւելք ու արեւմուտք, դէպի հիւսիս ու հարաւ, վեր, վար ու ամէն կողմ…:
Նետահարուող օդը՝ կը նմանէր ծաղկախտէ աւրուած մարդու դէմքին, կարկուտէ ծեծուած լճակի մակերեւոյթին…: Օդը կը դողար, կը սրսփար ու կը թփրտար դոնդողի նման՝ երբ կը շարժես պնակը:
Ու արձակուած նետերէն մէկը զարկաւ Սալամնը՝ Նոյի գիրկին մէջ…:
Նոյի սրտին մէջ ցաւ ինկաւ, պայթեցաւ զոյգ աչքերու արցունքին մթերանոցները: Արցունքը վազեց իր ամբարտակները փլցնող գետին պէս, պատկեց ու թռաւ, փշրուեցաւ ու ցրցքնուեցաւ անձրեւի հատիկներու պէս, ինկաւ Հայոց Աշխարհի աղբիւրներու, վտակներու, գետերու եւ լիճերու մէջ…:
ԱՅՆ ՕՐԷՆ Ի ՎԵՐ՝
Մեր աղբիւրները իրենց եղերական երգը ունեցան, լիճերը՝ իրենց զարհուրագին ու մութ խռովքը, եւ գետերը՝ խելագար արագութիւնը իրենց վազքին…: