Նշմար (5)

0
63

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Ա­ռա­ջարկ

Ով որ հե­տե­ւե­ցաւ «նշմար»նե­րու այս շար­քին եւ իր հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը տո­ւաւ ներ­կա­յա­ցո­ւած հաս­տա­տում­նե­րուն, բնա­կա­նա­բար պի­տի կռա­հէ, թէ ա­ռա­ջարկս ինչ նպա­տա­կի պի­տի յան­գի: նա­խա­նա­խորդ՝ նշմար-3ին մէջ կ­՚ը­սէի, թէ օ­տա­րա­խօս մեր նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րը տա­կա­ւին գի­տա­կից են ի­րենց եր­կա­կեն­ցաղ հան­գա­ման­քին, ո­րուն սա­կայն՝ սա­հող ժա­մա­նակն ու շրջա­պա­տի պայ­ման­նե­րը կը սպառ­նան, որ ա­նոնց մէջ այդ գի­տակ­ցու­թիւ­նը տկա­րա­նայ ու հետզ­հե­տէ չքա­նայ՝ ի վնաս ի­րենց ազ­գա­յին ծա­գու­մին: Այ­սինքն, տա­կա­ւին ու­նին ա­նոնք ի­րար հարս­տաց­նող-ամ­բող­ջացնող օ­րի­նակ՝ հա­յու եւ ֆրան­սա­ցիի (տե­ղա­ցիի) հա­յու եւ յոյ­նի (տե­ղա­ցիի) զգա­ցում: ­Ժա­մա­նա­կը վտանգ է, որ հա­յու զգա­ցու­մը չքա­նայ:
Ան­մի­ջա­կան շրջա­պա­տիս մէջ նշմա­րած եմ, որ միշտ հա­յե­րէն խօ­սող ըն­տա­նիք­նե­րու մէջ իսկ, երբ հայ­րը կամ մայ­րը կը բար­կա­նայ իր զաւ­կին կամ կա­րե­ւոր խոր­հուրդ մը կու տայ ա­նոր, կը դի­մէ տե­ղա­կան լե­զո­ւին, ո­րով­հե­տեւ գի­տէ, թէ այդ լե­զուն է ազ­դե­ցիկն ու ներ­գոր­ծո­ղը իր զաւ­կին վրայ: Ով գի­տէ, թե­րեւս նո՛յնն­ է ազ­դե­ցի­կը նաեւ ծնող­քին հա­մար: (­Հի­մա, հա­յա­խօս մեծ հայր-մայ­րե­րը հա­զո­ւա­գիւտ են, գրե­թէ չեն մնա­ցած):

Եզ­րա­կա­ցու­թիւն

1.- Ազ­գա­յին ինք­նու­թիւ­նը կա­ղա­պա­րո­ւած հաս­կա­ցու­թիւն չէ, այլ չա­ւար­տո­ւող ըն­թաց­քով կազ­մա­ւո­րում է, որ պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած է ազ­գի պատ­մու­թեամբ, ար­ժէ­հա­մա­կար­գով, ներ­կայ տագնապ­նե­րով եւ ա­պա­գա­յի տես­լա­կան­նե­րով ու նպա­տակ­նե­րով: ­Կաս­կած չկայ, որ ինք­նու­թեան մշա­կու­մին մէջ հիմ­նա­կան ազ­դա­կը լե­զուն է: Այս­քա­նը գի­տենք: ­Բո­լո­րիս գիտ­ցա­ծը ի­րա­րու չշռայ­լենք եւ ըլ­լանք ի­րա­տես: Ըն­դու­նինք, որ հա­յակր­թու­թեան մար­զին մէջ մեր հա­սա­նե­լիու­թիւ­նը անմ­խի­թար ըլ­լա­լու աս­տի­ճան սահ­մա­նա­փակ է: Ս­փիւռ­քի տա­րած­քին մեր սե­րուն­դին ջախ­ջա­խիչ մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը հա­յե­րէ­նի մա­կե­րե­սա­յին ճա­նա­չո­ղու­թիւն մը ու­նի կամ բնաւ չու­նի: ­Նոյ­նիսկ հա­յե­րէն գիտ­ցող­նե­րը ի­րա­րու հետ կը յա­րա­բե­րին տե­ղա­կան լե­զո­ւով: Ար­դեօք կրնա՞նք այս կա­ցու­թիւ­նը շրջել: Անձ­նա­պէս դժո­ւար թէ նման բան կա­րե­նամ ե­րե­ւա­կա­յել:
2.- «­Դա­տա­պար­տո­ւած» ենք ըն­դու­նե­լու, որ ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ ու ետք լե­զուն հա­ղոր­դակ­ցե­լու մի­ջոց է, յա­րա­բե­րո­ւե­լու գոր­ծիք է: ­Կա­րե­ւո­րը այն է, թէ սե­րուն­դը իր գոր­ծա­ծած լե­զո­ւո­վը (անգ­լե­րէն, ֆրան­սե­րէն, յու­նա­րէն կամ այլ) ի՞նչ ե­րա­զի, ի՞նչ նպա­տա­կի, ինչ­պի՞­սի տագ­նապ­նե­րու, ար­ժէք­նե­րու եւ տես­լա­կան­նե­րու հետ կը հա­ղոր­դակ­ցի, կը յա­րա­բե­րի:
3.- Այ­սօ­րո­ւան մար­դե­րը մե­ծով պզտի­կով կա­խար­դո­ւած են բջջի­չա­յի­նով, ֆէյս­պու­քով, social media-ով, կարճ՝ հա­մա­ցան­ցով եւ ամ­բող­ջու­թեամբ կլա­նո­ւած՝ ա­նոնց­մով: Ո­չինչ կը հմա­յէ այն­քան, որ­քան վե­րո­յի­շեալ­նե­րը: ­Հա­մա­ցան­ցով կը սփռո­ւին նոյ­նիսկ ա­ղօթք­նե­րը, ո­րոնք գե­րա­զան­ցա­պէս անձ­նա­կան ու ներ­հա­յե­ցո­ղու­թեամբ առ Աս­տո­ւած ուղ­ղո­ւե­լու բնոյ­թը ու­նին:
Այս կը նշա­նա­կէ, թէ ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ մեր նո­րա­հաս թէ մե­ծա­հա­սակ սե­րուն­դը միեւ­նոյն գա­ղա­փար­նե­րուն ու նպա­տակ­նե­րուն շուրջ հա­մախմ­բե­լու եւ զա­նոնք միա­ւո­րե­լու ա­մէ­նէն ազ­դու մի­ջոց-գոր­ծի­քա­կազ­մը հա­մա­ցանցն է, ուր բա­ցա­կայ ենք մենք՝ մաս­նա­գի­տա­կան ծրագ­րով, հա­մադ­րո­ւած աշ­խա­տա­կար­գով եւ սիս­տե­մա­թիք հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեամբ: ­Փաստ է, թէ հա­մա­ցան­ցի մի­ջո­ցով նոյ­նիսկ ամ­բոխ­ներ ըմ­բոս­տու­թեան կը մղո­ւին կամ պե­տա­կան հա­րո­ւա­ծի փոր­ձեր կը ձա­խո­ղե­ցո­ւին: Իմ կար­ծի­քով, կազ­մա­կեր­պիչ­ներն իսկ ա­նակն­կա­լի բե­րող հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ա­մեա­կի զան­գո­ւա­ծա­յին մաս­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ա­մէ­նուր՝ ար­դիւնք էին սոս­կա­կան ան­հատ­նե­րու կող­մէ կա­տա­րո­ւած հա­մա­ցան­ցա­յին քա­րոզ­չու­թեան…:

ՆՊԱՏԱԿ

­Փոր­ձել գտնել ձեւ մը, ե­լա­կէտ մը, որ սփիւռ­քի նո­րա­հաս սե­րուն­դը (ոչ միայն) կա­րե­լի ըլ­լայ միեւ­նոյն նպա­տա­կի ու տես­լա­նա­կի շուրջ միա­ւո­րե­լու, հա­մախմ­բե­լու եւ զայն մշտա­տեւ յա­րա­բե­րու­թեան, հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մէջ դնե­լու հայ կեան­քին հետ, կա­թիլ-կա­թիլ ծա­նօ­թաց­նե­լու ա­նոր մեր պատ­մու­թե­նէն ո­րոշ տո­ւեալ­ներ, մեր­թընդ­մերթ ներ­կա­յաց­նե­լու ա­նոր մեր ազ­գա­յին ար­ժէ­հա­մա­կար­գը, մեր տագ­նապ­նե­րը, մեծ ու փոքր մեր նպա­տակ­նե­րը, ա­պա­գա­յի մեր տես­լա­կան­նե­րը ե­ւայլն, որ­պէս­զի օ­տա­րա­ցող սե­րուն­դին մէջ քայլ առ քայլ մշա­կո­ւի ազ­գա­յին ինք­նու­թիւն, գի­տակ­ցու­թիւն, ազ­գին հան­դէպ ո­րոշ յանձ­նա­ռու­թիւն:

ԱՌԱՋԱՐԿԻ ՆԱԽԱԳԻԾ

Ա. ՄԻՋՈՑ ՈՒ ԳՈՐԾԻՔԱԿԱԶՄ.
1. Ըն­կե­րա­յին ցան­ցեր, (social media), internet, բջի­ջա­յին հե­ռա­խօս, 2. ­Տե­ղա­կան լե­զո­ւով (անգլ., ֆրան­սե­րէն, յու­նա­րէն, եւ այլն) գրո­ւած կարճ ծա­ւա­լով գրու­թիւն­ներ (text)եր եւ ա­նոր հա­յե­րէ­նը՝ կցո­ւած:

Բ. ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԽՈՒՄԲ՝ ԵՐԿՈՒ ՄԱԿԱՐԴԱԿՆԵՐՈՎ՝

1.­Կեդ­րո­նա­կան գրա­սե­նեակ կամ յանձ­նա­ժո­ղով՝ ո­րե­ւէ երկ­րի մէջ (մնա­յուն):
Գ­րա­սե­նեա­կը կամ յանձ­նա­ժո­ղո­վը պի­տի բաղ­կա­նայ. ա) ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու մի­ջո­ցաւ ա­նուղ­ղա­կի, կը կրկնեմ՝ ա­նուղ­ղա­կի քա­րոզ­չու­թիւն կա­տա­րե­լու հմուտ մաս­նա­գէտ(ներ)է, բ) փոր­ձա­ռու տա­րի­քա­յին ման­կա­վարժ-հո­գե­բան(ներ)է, գ) մեր պատ­մու­թեան, ազ­գա­յին ար­ժէա­հա­մա­կար­գին, մեր ան­մի­ջա­կան ու հե­ռա­հար նպա­տակ­նե­րուն եւ տես­լա­կան­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ հայ կեան­քին ու մեր տագ­նապ­նե­րուն հա­ղորդ անձ(եր)է:
­Կեդ­րո­նա­կան գրա­սե­նեա­կը կը պատ­րաս­տէ միշտ նո­րո­վի կարճ պար­բե­րու­թիւն­նե­րով յա­տուկ text-եր, ա­ռանձ­նա­բար՝ ե­րեց պա­տա­նի­նե­րու, ե­րի­տա­սարդ­նե­րու եւ մի­ջին տա­րի­քի մար­դոց յար­մար, նպա­տակ ու­նե­նա­լով զա­նոնք յա­րա­բե­րու­թեան մէջ դնե­լու ազ­գին ու ազ­գա­յի­նին հետ:
­Պատ­րաս­տո­ւած գրու­թիւն­նե­րը կ­՚ու­ղար­կո­ւին գա­ղու­թա­յին գրա­սե­նեակ­նե­րուն:

2.­Գա­ղու­թա­յին գրա­սե­նեակ­ներ (մնա­յուն)
Ա­մէն հա­յա­գա­ղութ կ­՚ու­նե­նայ իր գրա­սե­նեա­կը, որ՝ ա) նախ կը կեդ­րո­նաց­նէ գա­ղու­թի ե­րեց պա­տա­նի­նե­րու, ե­րի­տա­սարդ­նե­րու, մի­ջին տա­րի­քի բո­լոր հա­յե­րուն բջի­ջա­յին (սե­լիւ­լեր) հե­ռա­խօ­սի թի­ւե­րը եւ ե-հաս­ցէ­նե­րը: (Այս աշ­խա­տան­քը դժո­ւար բա­ժինն է, ո­րուն կրնան օգ­տա­կար ըլ­լալ ծխա­տէր քա­հա­նա­նե­րը…): բ) կեդ­րո­նա­կան գրա­սե­նեա­կէն ստա­ցո­ւած գրու­թիւն­նե­րը կը վե­րա­ծէ երկ­րի տե­ղա­կան լե­զո­ւին, բնա­կա­նա­բար նաեւ հա­յե­րէ­նի եւ ա­նոնց­մով յա­ճա­խա­կի «յար­ձա­կում­ներ» կը գոր­ծէ բջի­ջա­յի­նի թի­ւե­րուն եւ ե-հաս­ցէ­նե­րուն վրայ: գ) Եր­բեմն ա­ռիթ­ներ կը ստեղ­ծէ՝ զատ-զատ պա­տա­նի­նե­րէ ու ե­րի­տա­սարդ­նե­րէ կազ­մո­ւած խումբ առ խումբ պար­բե­րա­բար կը հրա­ւի­րէ հան­դի­պում­նե­րու՝ օգ­տա­կարն ու հա­ճե­լին միա­խառ­նո­ւած յայ­տագ­րով մը:
­
Վեր­ջա­բան

Այս ա­ռա­ջար­կին ի­րա­գոր­ծու­մը ան­կա­րե­լի հա­մա­րող ան­ձերն ու մար­մին­նե­րը կամ լիո­վին չեն հասկ­ցած զայն (ին­չուն) կամ չեն ճանչ­նար սփիւռ­քի կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը եւ կամ՝ ամ­բող­ջո­վին սպա­ռած են այ­լեւս, ան­կա­րող՝ ո­րե­ւէ նոր գոր­ծի: Վս­տահ, որ ան­կա­րե­լի չէ ա­ռա­ջար­կին ի­րա­գոր­ծու­մը սփիւռ­քին ու ա­նոր հա­յա­գա­ղութ­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք կը պա­հեն ա­ռաջ­նոր­դա­րան­ներ ու ե­կե­ղե­ցի­ներ, դպրոց­ներ ու ա­կումբ­ներ, մա­մուլ ու ազ­գա­յին նպա­տա­կով տար­բեր-տար­բեր գրա­սե­նեակ­ներ: Այդ բո­լո­րի կող­քին ու զու­գա­հեռ, ա­ռա­ջար­կո­ւա­ծը նոր պա­տու­հան մը բա­նալն է կոր­սո­ւող սե­րուն­դին հա­մար, ո­րու փրկու­թիւ­նը հրա­մա­յա­կան կը դարձ­նէ նոր մի­ջոց­նե­րու փնտռտու­քը, որ­պէս­զի կա­րե­լիի սահ­ման­նե­րուն մէջ ա­ռա­ւե­լա­գոյն ճի­գեր ի գործ դրո­ւին՝ նոյ­նիսկ ե­թէ նո­ւա­զա­գոյն ար­դիւնք պի­տի ստա­ցո­ւի ա­նոնց­մէ: ­Կը մնայ, որ չյա­մե­նանք շռայլ բա­նա­ձե­ւում­նե­րու խա­բու­սիկ հմայ­քին վրայ:

­Ծա­նօթ.- 1. Այս ա­ռա­ջար­կէս ետք, կրկին ու շեշ­տա­կի ընդգ­ծեմ, որ հա­յակր­թու­թիւ­նը եւ հա­յե­րէն լե­զուն մե­զի հա­մար կեան­քի չափ կա­րե­ւո՛ր են ու մնա­յո՛ւն նպա­տակ: ­Վեր­ջին հա­շո­ւով, ա­նոնց­մով զի­նո­ւած­ներն են, որ ազ­գա­յի­նով կը տագնա­պին ու սե­րուն­դի փրկու­թեամբ կը մտա­հո­գո­ւին…:

Ա­թէնք, 14-12-23
(Շար. 5 եւ վերջ)