Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հրաւէրով Մարտ 8էն 10ը Հայաստան կ’այցելէ Յունաստանի Արտաքին Գործերու Նախարար Նիքոս Քոծիաս։ Ինչպէս «Արմէնփրէս»ին տեղեկացուց Հ.Հ. Ա.Գ.Ն. տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը, Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարին ընդունեցին Հանրապետութեան նախագահն ու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։
Նիքոս Քոծիաս հանդիպումներ պիտի ունենայ Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի, ինչպէս նաեւ՝ պաշտպանութեան Նախարար Վիգէն Սարգսեանի հետ։
Մարտ 10ին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Յունաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարներու բանակցութիւնները եւ համատեղ մամուլի ասուլիսը։