Պոնտական ցեղասպանութեան ոգեկոչումներու ծիրէն ներս, Կիրակի, 22 Մայիսին, Նիքէայի Քաթրաքիօ թատրոնի շրջաբակին մէջ գտնուող յոյներու ցեղասպանութեան յուշակոթողին առջեւ տեղի ունեցաւ յուշ ելոյթ մը, որուն շրջանի հայութեան անունով մասնակցեցան նաեւ Հ.Յ.Դ. Գոքինիոյ կոմիտէն։
Ելոյթի աւարտին ընկ. Արամ Գոլանեան հայութեան անունով դափնեպսակ զետեղեց յուշակոթողին առջեւ։ Նղենք, որ ելոյթը կազմակերպուած էր Նիքէայի պոնտացիներու միութեան եւ քաղաքապետարանին կողմէ, որուն ներկայ եղան նաեւ Նիքէայի եւ Քորիտալոսի քաղաքապետները։