­Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Կիպ­րո­սի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Մ.-սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ՝ ­Կիպ­րո­սի թրքա­կան ներ­խուժ­ման 50-ա­մեա­կին առ­թիւ յուշ-երե­կոյ  մը, նո­ւի­րո­ւած 1974 Օ­գոս­տո­սին ­Կիպ­րո­սի մայ­րա­քա­ղաք ­Նի­կո­սիոյ հա­մար մղո­ւող մար­տե­րու ըն­թաց­քին նա­հա­տա­կո­ւած յու­նա­հայ հե­րոս ­Բար­սեղ ­Պի­պե­րեա­նի յի­շա­տա­կին։
­Ձեռ­նար­կին ներ­կայ էր զո­հո­ւած զի­նուո­րի քոյ­րը ­Վիք­թո­րիան, ինչ­պէս նաեւ  իր որ­դին, ո­րոնք ա­նընդ­մէջ ա­մէն տա­րի կ’այ­ցե­լէն նա­հա­տակ­նե­րու գե­րեզ­մա­նո­ցը, ի­րենց հա­րա­զա­տի շի­րի­մին ծաղ­կե­փունջ մը զե­տե­ղե­լու եւ ննջե­ցեա­լի հո­գիին հա­մար ա­ղօ­թե­լու։ ­Մի­ջո­ցառ­ման  ներ­կայ էին՝  Կիպ­րո­սի  ու­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ՝ Ար­քե­պիս­կո­պոս Եո­րիո­սի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Հայր ­Տի­մոս­դե­նի­սը, հայ ­հա­մայն­քի պե­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, հո­գե­ւոր հայ­րե­րը, ե­րես­փո­խա­նա­կան եւ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ա­տե­նա­պետ­նե­րը, հայ­կա­կան  կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու եւ միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, յոյն կիպ­րա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ,  Ստ­րո­վո­լոս քա­ղա­քի փոխ քա­ղա­քա­պե­տը եւ շարք մը ա­ւա­քա­նիի ան­դամ­ներ, ինչ­պէս նաեւ կիպ­րա­կան եւ յու­նա­կան բա­նա­կի սպա­ներ։
­Բաց­ման խօսք կա­տա­րեց յանձ­նա­խում­բի ան­դամ ­Վար­դե­նի ­Գա­սա­պեա­ն։ Ան հրա­ւի­րեց ներ­կա­նե­րը մէկ վար­կեան ոտն­կայս յար­գե­լու բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք զու­հո­ւե­ցան Թուր­քիոյ  Կիպ­րոս ներ­խուժ­ման շրջա­նին։ Ա­պա խօսք ա­ռաւ պե­տա­կան «ՐԻՔ» ռա­տիո­կա­յա­նի ծա­նօթ հա­ղոր­դա­վար ­Լի­ցա ­Մաւ­րի­տուն, որ ա­ւե­լի քան ե­րեք տաս­նա­մեակ կը զօ­րակ­ցի զո­հո­ւած ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րու ծնող­նե­րու տար­բեր ծրա­գիր­նե­րուն եւ իր հա­ղորդում­նե­րով հան­րու­թեան կը տա­րա­ծէ տա­րուե­լիք աշ­խա­տանք­նե­րը։
­Յա­ջոր­դեց քա­հա­նայ ­Հօր՝  ­Տէր ­Մաշ­տո­ցի պատ­գա­մը ներ­կա­նե­րուն, իսկ Ար­մէն Մկրտ­չեա­նի դու­դու­կի ճար­տար նո­ւա­գը տպա­ւո­րեց ներ­կա­նե­րը։ Ա­պա, ­Հայ դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ ­Յա­կոբ ­Գա­զան­ճեան, որ­պէս յի­շա­տակ, յու­շա­նուէր մը յանձ­նեց հե­րո­սի քրո­ջը։ ­Յու­շա­նո­ւէր մը յանձ­նո­ւե­ցաւ նաեւ տի­կին ­Մաւ­րի­տո­ւին, իր մա­տու­ցած ծա­ռա­յու­թեան հա­մար։
­Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան երկ­րորդ բա­ժի­նով հան­դէս ե­կաւ ­Զա­րա ­Բար­խու­դա­րեա­նը, ո­րուն հա­յե­րէն եւ յու­նա­րէն եր­գե­րու կա­տա­րում­նե­րը հրա­պու­րեց ներ­կա­նե­րը։
­Վեր­ջին բա­ժի­նով, ներ­կա­նե­րը ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­ցան նա­խաս­րահ, ուր  ա­ղօթ­քէ մը ետք, նա­հա­տակ հե­րո­սի քոյ­րը ­Վիք­թո­րիան,  իր եղ­բօր՝ ­Բար­սեղ ­Պի­պե­րեա­նի քան­դա­կի բա­ցու­մը կա­տա­րեց։ ­Ձեռ­նար­կի ա­ւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ հիւ­րա­սի­րու­թիւն։