Երեքշաբթի, 6 Սեպտեմբերէն սկսեալ, 4 օրերու վրայ, կազմակերպութեամբ Գոմոթինիի մետրոպոլիտին եւ «Այիոն Օրոս»-ի վանահայրին, ներկայութեամբ եւ նախագահութեամբ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պարթոլոմէոս Պատրիարքին, Թրակիոյ Գոմոթինի քաղաքին մէջ մեծ եւ իւրաքայատուկ եկեղեցական արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Աթոսէն բերուեցաւ Ս. Մարիամ Աստուածածնի սրբապատկեր մը, որ շատ քիչ անգամ դուրս եկած է իր վայրէն եւ առաջին անգամ ըլլալով հասաւ Գոմոթինի, ուր հաւաքուած էր քաղաքի ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ պետական, տեղական եւ զինուորական կարգերու ներկայացուցիչներ։
Յատուկ հրաւէրով, սոյն արարողութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Յունաստանի թեմի առաջնորդական փոխանորդ Յովհաննէս ծ. վրդ. Սաղտըճեան, որուն կ’ընկերակցէր շրջանի հոգեւոր հովիւ Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեան։ Չորս օրերու ընթացքին տեղի ունեցան ժամերգութիւններ եւ ճաշկերոյթներ, որոնց ներկայ եղան Առաջնորդական փոխանորդն ու Գոմոթինիի Թաղային խորհուրդի ատենապետ Ստեփան Մատթէոսեան։
Չորեքշաբթի, 7 Սեպտեմբերին կազմակերպուած ընթրիքին ընթացքին, Պարթոլոմէոս Պատրիարք բոլորին ներկայութեան, առ ի գնահատանք շրջանի հայութեան եւ հայր սուրբի կատարած ծառայութեան Թրակիոյ մէջ, խաչ մը նուիրեց անոր։ Այս առիթով, Պատրիարքը հրաւէր ուղղեց հայր սուրբին յառաջիկայ ամսուան մէջ այցելելու յունաց Պատրիարքարան եւ անոր հիւրը ըլլալու։ Հայ եկեղեցւոյ ու շրջանի հայութեան հանդէպ եղած պատիւին առիթով, հայր սուրբը եւս խօսք առնելով, շնորհակալութիւն յայտնեց Պարթոլոմէոս Պատրիարքին եւ Գոմոթինիի Մետրոպոլիտին, ինչպէս նաեւ պետական կարգերուն։
Յայտնենք նաեւ, որ սրբապատկերի տօնախմբութեան առիթով, Աթէնքէն եւ զանազան շրջաններէն մեծ թիւով Մետրոպոլիտներ ներկայ եղան։ Հայր սուրբը զանազան հանդիպումներ ունեցաւ ոմանց հետ, որոնց կարգին Գալամաթայի հայասէր մետրոպոլիտին հետ։
ԹՂԹԱԿԻՑ