­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կրթու­թեան, գի­տու­թեան, մշա­կոյ­թի եւ մարմնամարզի նա­խա­րար ­Ժան­նա Անդ­րէա­սեան ըն­դու­նեց ­Յու­նաս­տա­նի մշա­կոյ­թի նա­խա­րար ­Լի­նա ­Մեն­տո­նիի գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը:
­Նա­խա­րա­րը ժա­մա­նեց Ե­րե­ւան՝ Հ­նա­գոյն քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րու ֆո­րու­մի 8-րդ ­նա­խա­րա­րա­կան հան­դիպ­ումին մաս­նակ­ցե­լու նպա­տա­կով:
Տեսակցութեան ներ­կայ էին Հ.Հ. Կ.Գ.Մ.Ս. նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ Ար­թուր ­Մար­տի­րո­սեան եւ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ­Յու­նաս­տա­նի դես­պան Խ­րիս­թոս ­Սո­ֆիա­նո­փու­լոս:
Նա­խա­րար ­Ժան­նա Անդ­րէա­սեան ող­ջու­նեց յոյն նախարարը եւ անոր պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը, կա­րե­ւոր նկա­տե­լով ­Հա­յաս­տան-­Յու­նաս­տան ­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը մշա­կոյ­թի ո­լոր­տէն ներս:
«­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի մի­ջեւ բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ու­նին պատ­մա­կան ա­կունք­ներ, եւ մենք պատ­րաս­տա­կամ ենք խո­րաց­նե­լու կա­պե­րը, յատ­կա­պէս մշա­կոյ­թի ո­լոր­տէն ներս՝ նոր ծրագ­իրնե­րու ի­րա­կա­նաց­մամբ», ը­սաւ հայ նախարարը, վստա­հու­թիւն յայտ­նե­լով, որ իր յոյն պաշտօնակիցի այցելութիւնը կը նպաս­տէ ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի մի­ջեւ փոխ­­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման եւ նոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու ի­րա­գործ­ման:
Յու­նաս­տա­նի մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար՝ յոյս յայտ­նե­լով, որ ա­ռա­ջին այ­ցը ­Հա­յաս­տան ար­դիւ­նա­ւէտ պի­տի ըլ­լայ եր­կու պե­տու­թիւն­նե­րու մշա­կու­թա­յին հար­ցե­րու նկատ­մամբ:
Նա­խա­րար­նե­րը, մաս­նա­ւո­րա­պէս, կա­րե­ւոր նկա­տե­ցին միջ­թան­գա­րա­նա­յին գոր­ծակ­ցու­թեան կա­յա­ցու­մը եր­կու պե­տու­թիւն­նե­րուն հա­մար՝ քննար­կե­լով ինչ­պէս ­Հա­յաս­տա­նի պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նի եւ Ա­թէն­քի Աք­րո­փո­լիի թան­գա­րա­նի մի­ջեւ ­գոր­ծակ­ցու­թեան հաս­տա­տումն ու հել­լէ­նիս­տա­կան ​​մշա­կոյ­թին նո­ւի­րո­ւած ցու­ցա­հան­դէ­սի կազ­մա­կեր­պու­մը, այն­պէս ալ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ­Հին ­Յու­նաս­տա­նի վե­րա­բե­րեալ ցու­ցա­հան­դէս կազ­մա­կեր­պե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը եւ այլ մշա­կու­թա­յին հար­ցեր: Այ­նու­հե­տեւ, ­Լի­նա ­Մեն­տո­նին այ­ցե­լեց ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րա­նը եւ ծաղ­կեպ­սակ զե­տե­ղեց ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­կո­թո­ղին առ­ջեւ, ա­պա այ­ցե­լեց ­Գե­ղար­դի վան­քը։

Գէորգ ­Ման­թա­շեան ըն­դու­նեց ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց
փոխ­նա­խա­րար ­Քոս­թաս Ֆ­րա­կո­յա­նիսի պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը

Հ.Հ. բարձր արհեստագիտական ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան նա­խա­րա­րի ա­ռա­ջին տե­ղա­կալ ­Գէորգ ­Ման­թա­շեան 16 ­Դեկ­տեմ­բե­րին ըն­դու­նեց Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հայ-յու­նա­կան տնտե­սա­կան, ար­դիւ­նա­բե­րա­կան եւ գի­տա­­կան գոր­ծակ­ցու­թեան միջ­կա­ռա­վա­րա­կան միացեալ յանձ­նա­ժո­ղո­վի հեր­թա­կան 6-րդ ­նիս­տի ծի­րէն ներս, ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց փոխնա­խա­րա­ր, հայ-յու­նա­կան միջ­կա­ռա­վա­րա­կան հա­մա­տեղ յանձ­նա­ժո­ղո­վի հա­մա­նա­խա­գահ ­Քոս­թա Ֆ­րա­կո­յա­նիսի գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը եւ յոյն դես­պան Խ­րիս­տոս ­Սո­ֆիա­նո­փու­լոսը:
­Ման­թա­շեան բարձր գնա­հա­տե­լով հայ-յու­նա­կան բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը՝ ներ­կա­յա­ցու­ց նա­խա­րա­րու­թեան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, ո­լոր­տի զար­գաց­ման ուղ­ղո­ւած լայ­նա­ծա­ւալ ծրագիրներն ու գրան­ցած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը, անդ­րա­դար­ձաւ նա­խա­րա­րու­թեան առ­ջեւ դրո­ւած այլ խնդիր­նե­րու եւ նպա­տակ­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման ուղ­ղու­թեամբ տա­րո­ւող աշ­խա­տանք­նե­րուն:
­Յանձ­նա­ժո­ղո­վի հա­մա­նա­խա­գա­հը իր հեր­թին, ներ­կա­յա­ցուց իր երկ­րի՝ ո­լոր­տի զար­գաց­ման մի­տո­ւած ծրագ­իրնե­րը, ինչ­պէս նաեւ ձեռք­բե­րում­նե­րը, շեշ­տե­լով, որ լիա­յոյս է, թէ ­Հա­յաս­տա­նի հետ հա­մա­տեղ ը­նե­լիք­ներ շատ կան:
­Կող­մե­րը անդ­րա­դար­ձած են միասնաբար ի­րա­կա­նա­ցո­ւող ծրագ­իրնե­րուն, քննար­կած են փո­խա­դարձ հե­տաքրք­րու­թիւն ներ­կա­յաց­նող շարք մը հար­ցեր: