Բա­ցա­ռիկ տօ­նախմ­բու­թիւն մը ե­ղաւ Յու­նաս­տա­նի Հայ Կա­պոյտ Խա­չի հիմ­նադ­րու­թեան 100-րդ տա­րե­դար­ձին նշու­մը Ա­թէն­քի մէջ, որ ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ միու­թեան Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ եւ մաս­նա­ճիւ­ղե­րու ու ժո­ղո­վուր­դի բազ­մա­հա­րիւր մաս­նակ­ցու­թեամբ։
Շա­բաթ, 30 Նո­յեմ­բեր 2024-ի ե­րե­կո­յեան, հա­կա­ռակ տի­րող անն­պաստ օ­դին, ո­րե­ւէ խո­չըն­դոտ չէր կրնար կա­սեց­նել Հ.Կ.­Խա­չին ու ա­նոր նո­ւի­րա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թեան հա­ւատք ըն­ծա­յող ան­դամ­նե­րուն, բայց նաեւ յու­նա­հայ հայ­րե­նա­կից­նե­րուն ստո­ւար ներ­կա­յու­թիւ­նը, ո­րոնք Նէա Զ­միռ­նիի «Էս­թիա» սրա­հին մէջ մէկ­տե­ղուե­ցան, յար­գե­լու հա­մար միու­թեան շար­քե­րէն ներս գոր­ծած ան­հա­մար ան­դա­մու­հի­նե­րուն, կրթա­կան մշակ­նե­րուն եւ բա­րե­րար­նե­րուն ան­ժա­ման­ցե­լի յի­շա­տա­կը։
Եր­կար ժա­մա­նակ ա­ռաջ ծրագ­րո­ւած ե­լոյ­թը իր ար­ժա­նի պսա­կու­մին հա­սաւ այդ ե­րե­կո­յին, ի տես բեր­նէ բե­րան լե­ցուն սրա­հին մէջ յու­նա­հայ հա­սա­րա­կու­թեան, ուր մատ­ղաշ սե­րուն­դէն սկսեալ մին­չեւ վաս­տա­կա­ւոր ե­րէց ան­դա­մու­հի­նե­րը, ըն­դա­ռա­ջե­ցին մե­րօ­րեայ վար­չա­կան խա­չու­հի­նե­րու սրտա­գին հրա­ւէ­րին, եւ բո­լո­րը միաս­նա­բար պան­ծա­ցու­ցին կա­նա­ցի մեծ կազ­մա­կեր­պու­թեան հա­րիւ­րա­մեայ վաս­տակն ու նո­ւի­րո­ւա­ծու­թեան փա­ռա­պանծ պատ­մու­թիւ­նը։
Ս­րա­հի նա­խա­մու­տին, հան­դի­սա­տե­սը ար­դէն կը ծա­նօ­թա­նար նկար­նե­րու շքեղ ցու­ցադ­րու­թեան մէ­ջէն Հ.Կ.­Խա­չի եր­կա­րա­մեայ գոր­ծին, ա­նոր խնա­մա­տա­րա­կան եւ բա­րե­սի­րա­կան ազ­գա­նո­ւէր մա­տու­ցու­մին։ Սեւ ու ճեր­մակ նկար­նե­րը հա­րա­զա­տօ­րէն ցո­լա­ցին Հ.Կ.­Խա­չի հին օ­րե­րը, երբ տա­րագ­րեալ գաղ­թա­հա­յու­թիւ­նը կե­նաց մա­հու պայ­քա­րով ինք­զինք կը հաս­տա­տէր Յու­նաս­տա­նի հիւ­րըն­կալ ա­փե­րուն վրայ, մին­չեւ Հա­յաս­տան ու Ար­ցախ հաս­նող նո­ւի­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նը կամ հպար­տու­թիւն ար­թող գա­ղու­թի կրթա­կան օ­ճախ­նե­րու կեան­քը։
Ս­րա­հի մուտ­քին, վար­չա­կան ըն­կե­րու­հի­նե­րուն կող­մէ ժպտա­դէմ դի­մա­ւո­րու­մը հա­րա­զա­տու­թիւն ստեղ­ծող զգա­ցում­նե­րու ար­տա­յայ­տու­թիւն մը ե­ղաւ։ Ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ եր­կար սպա­սո­ւած այս հա­մախմ­բու­մը, ինք­նին վե­րա­նո­րոգ­ման եւ վե­րա­կեն­սա­ւոր­ման լա­ւա­գոյն ա­ռի­թը հան­դի­սա­ցաւ, որ կը կռա­նէ յու­նա­հայ կա­նա­ցի մեծ միու­թեան ա­պա­գա­յի եր­թը ու ծա­ռա­յու­թեան կամ­քը։
Շ­քեղ տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ պա­տո­ւե­ցին Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ Սա­հակ Ծ. վրդ. Ե­մի­շեան, Հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­պա­տո­ւե­լի Վի­գէն Չո­լա­քեան, Հայ կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քին կող­մէ Հ. Ներ­սէս վրդ. Սա­քա­յեան եւ հո­գե­ւոր հո­վիւ­ներ Պա­րէտ քհնյ. Խա­չե­րեան ու Նա­րեկ քհնյ. Շա­հի­նեան։ Ու­րա­խա­ռիթ էր Հ.Հ. Յու­նաս­տա­նի մէջ դես­պան պ. Տիգ­րան Մկրտ­չեա­նի եւ Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թեան Կեդր. վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Լի­զա Ժի­լի­պեր-­Չա­լը­գեա­նի ներ­կա­յու­թիւ­նը։ Նաեւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Կեդր. Վար­չու­թեան ան­դամ տոքթ. Ար­մէն Տէ­րեան պա­տո­ւեց ե­լոյ­թը իր ներ­կա­յու­թեամբ։ Յատ­կան­շա­կան էր Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պետ պ. Եորղոս Քութելաքիս եւ «Էս­թիա»-ի հաս­տա­տու­թեան տնօ­րէ­նին ներ­կա­յու­թիւ­նը։
Յու­նա­հայ գա­ղու­թի գոր­ծօն­նե­րուն կող­մէ ներ­կայ ե­ղան եւ պա­տիւ ըն­ծա­յե­ցին Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Թագ­ւոր Յո­վա­կի­մեան եւ ան­դամ­նե­րը, Հ.Յ.Դ. Կեդր. կո­մի­տէին կող­մէ՝ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ Յա­րու­թիւ­նեան եւ ան­դամ­նե­րը, Հա­մազ­գա­յի­նի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջ. վար­չու­թիւն­նե­րու ան­դամ­նե­րը եւ տե­ղա­կան միա­ւոր­նե­րու վար­չա­կան­նե­րը։ Հոն էին նաեւ Հ.Կ.­Խա­չի ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու ան­ցեա­լի ե­րախ­տա­ւոր տնօ­րէն­ներ եւ ու­սու­ցիչ­ներ, ինչ­պէս նաեւ ներ­կայ տնօ­րէ­նու­թեանց եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մե­րու ամ­բող­ջու­թիւ­նը։
Հ.Օ.Մ.-ի քայ­լեր­գի յոտն­կայս ունկնդ­րու­թե­նէն ետք, բե­մը լե­ցո­ւե­ցաւ Հ.Կ.­Խա­չի ե­րեք վար­ժա­րան­նե­րու տաս­նեակ ա­շա­կերտ­նե­րով, ո­րոնք ե­րա­ժիշտ Միհ­րան Չա­լը­գեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ եր­գե­ցին Հայ Կա­պոյտ Խա­չի քայ­լեր­գը։
Բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան ան­դամ ընկ. Ա­լիս Յա­րու­թիւ­նեան, որ հա­յե­րէն եւ յու­նա­րէն նե­րա­ծա­կա­նով ու­րո­ւագ­ծեց օ­րո­ւան յո­բե­լե­նա­կան ե­լոյ­թին ի­մաս­տը։
Ներ­կա­նե­րը ան­սահ­ման խան­դա­վա­ռու­թեամբ ըմ­բոշխ­նե­ցին Հ.Կ.­Խա­չի ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կեր­տու­թեան կող­մէ մեկ­նա­բա­նո­ւած յայ­տա­գի­րը, Միհ­րան Չա­լը­գեա­նի ճպո­տին տակ։ Ժո­ղովր­դա­յին եր­կու եր­գե­րու հնչիւն­նե­րուն ներ­քեւ, սրա­հը լե­ցո­ւե­ցաւ պա­տա­նե­կան ձայ­նե­րով, ե­րաժշ­տա­կան գոր­ծիք­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, ո­րոնք ջեր­մա­ցու­ցին մթնո­լոր­տը։ Ներ­կա­նե­րու գնա­հա­տան­քը ար­տա­յայ­տո­ւե­ցաւ ջերմ եւ եր­կար ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով։
Ող­ջոյ­նի խօս­քե­րու շար­քին, ա­ռա­ջին խօ­սո­ղը ե­ղաւ Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նոր­դը։ Ան վեր ա­ռաւ Հ.Կ. Խա­չի 100-ա­մեայ ծա­ռա­յու­թեան վաս­տա­կը ու ար­ժա­նի տուր­քը տո­ւաւ բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք գաղ­թօ­ճախ­նե­րուն մէջ սէր եւ գուր­գու­րանք փո­խան­ցե­ցին տա­րագ­րեալ ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն։ Հայրդ սուր­բը իր խօս­քին մէջ ե­րախ­տա­պարտ զգա­ցում­նե­րով ար­տա­յայ­տո­ւե­ցաւ յու­նա­հայ գա­ղու­թի կրթա­կան ի­րա­գոր­ծում­նե­րուն ու Հ.Կ.­Խա­չի բո­լո­րա­նո­ւէր գոր­ծու­նէու­թեան մասին։ Ա­ւար­տին, ան նոր հա­րիւ­րա­մեակ­ներ մաղ­թեց, ընդգ­ծե­լով, թէ այս ան­կիւ­նա­դար­ձային առիթը վե­րա­նո­րոգ ծա­ռա­յու­թեան ու­ղի­ներ կը բա­նայ միու­թեան առ­ջեւ։
Յա­ջոր­դա­բար, Հ.Օ.Մ.-ի Կեդր. վար­չու­թեան ող­ջոյ­նը ար­տա­յայ­տեց ընկ. Լի­զա Ժի­լի­պեր-­Չա­լը­գեան, որ հրա­ւի­րեց Հ.Կ.­Խա­չի ներ­կայ բո­լոր ան­դա­մու­հի­նե­րը պահ մը ոտ­քի կագ­նիլ։ Այս շար­ժու­մին վրայ, սրա­հը լե­ցո­ւե­ցաւ խան­դա­վառ ծա­փող­ջոյն­նե­րով, երբ ան­դա­մու­հի­նե­րու տար­բեր սե­րունդ­նե­րու միա­ւո­րու­մը ցոյց տո­ւաւ միու­թեան շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեան ու­ժը եւ աշ­խա­տե­լու յա­րա­տեւ ո­գին։
Յու­նաս­տա­նի Հ.Կ.­Խա­չի Շրջ. վար­չու­թեան ա­նու­նով, ընկ. Նո­րա Քիւր­տօղ­լեան-­Գու­յում­ճեան հան­դէս ե­կաւ ող­ջոյ­նի խօս­քով եւ ար­տա­յայ­տեց մե­րօ­րեայ խա­չու­հի­նե­րու գոր­ծե­լու ան­կոտ­րում կամ­քը։
Օ­րո­ւան խօս­քը ար­տա­սա­նե­լու հա­մար բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ ընկ. Քե­րոբ Է­քի­զեան, որ կա­տա­րեց 100-ա­մեայ գոր­ծու­նէու­թեան ար­ժե­ւո­րու­մը, ա­պա շրջա­գի­ծի մէջ ա­ռաւ ա­պա­գա­յի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու դի­մա­կա­յու­մը, ո­րուն հա­մար Հ.Կ.­Խա­չը ե­րախ­տա­ւոր դեր ու խօսք ու­նի։
Յայ­տա­գի­րի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բա­ժի­նը ան­հուն խան­դա­վա­ռու­թեան եւ հրճո­ւան­քի պա­հեր ե­ղան։ Բո­լոր դե­րա­կա­տար­նե­րը մերթ զգայ­նու­թեամբ՝ ստեղ­ծե­ցին խորհր­դա­ւոր մթնո­լորտ, մերթ ո­գե­ւո­րիչ եր­գե­րու ներ­կա­յա­ցու­մով՝ սրա­հը լե­ցու­ցին խան­դա­վառ զգա­ցում­նե­րով։
Խորհր­դա­ւո­րու­թեան մէջ, հա­յազ­գի յայտ­նի դե­րա­սա­նու­հի Խ­րիս­թի­նա Ա­լեք­սա­նեան, նրբազ­գաց իր ծա­նօթ ար­տա­յայտ­չա­կա­նու­թեամբ, կար­դաց հա­տո­ւած­ներ Տի­տօ Սո­թի­րիո­ւի «­Մե­ռել­նե­րը կը սպա­սեն» գիր­քէն եւ Մահ­մուտ Տա­րո­ւի­շի «Ու­րիշ­նե­րուն մտա­ծէ» բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը։ Ա­նոր կող­քին, ե­րա­ժիշտ Յով­հան­նէս Սա­մո­ւէ­լեան կի­թա­ռով մեկ­նա­բա­նեց հայ­կա­կան ե­րեք եր­գեր։ Խօսքն ու ե­րաժշ­տու­թիւ­նը ի­րա­րու միա­խառ­նո­ւած, յու­զու­մի եւ զգայ­նու­թեան վա­յելք մը դար­ձան սրա­հէն ներս։
Յայ­տա­գի­րի վեր­ջին մա­սին, Ք­սան­թիէն հրա­ւի­րո­ւած երգ­չու­հի­ներ Յաս­միկ Բեգ­լա­րեան եւ Հ­ռիփ­սի­մէ Դա­նիէ­լեան, ի­րենց գե­ղե­ցիկ ձայ­նե­րով եւ դաշ­նա­կի նո­ւա­գակ­ցու­թեամբ, ներ­կա­յա­ցու­ցին փունջ մը ազ­գագ­րա­կան եւ ժո­ղովր­դա­յին ծա­նօթ եր­գեր, ո­գե­ւո­րու­թեան ա­լիք մը տա­րա­ծե­լով ներ­կա­նե­րուն մէջ։ Ժո­ղո­վուր­դը եւս ձայ­նակ­ցե­ցաւ եր­կու ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րու հմա­յիչ ներ­կա­յաց­ման։
Օ­րո­ւան հան­դի­սա­վա­րին փակ­ման խօս­քէն ետք, ժո­ղո­վուր­դը ուղ­ղո­ւե­ցաւ սրա­հի նա­խա­մու­տին, ուր կա­տա­րո­ւե­ցաւ հիւ­րա­սի­րու­թիւն զա­նա­զան ա­ղան­դեր­նե­րով։ Հ.Կ.­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւ­նը գո­հու­նա­կու­թեամբ ըն­դու­նեց բո­լո­րին շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներն ու գնա­հա­տա­կան խօս­քե­րը օ­րո­ւան բա­ցա­ռիկ մթնո­լոր­տին կա­պակ­ցու­թեամբ։
Յու­նաս­տա­նի Հ.Կ.­Խա­չի 100-ա­մեայ տօ­նախմ­բու­թիւ­նը կա­նա­ցի մեծ կազ­մա­կեր­պու­թեան հան­դէպ հպար­տու­թիւն ստեղ­ծող ա­ռի­թէն ան­դին, ամ­բող­ջա­կան վե­րա­նո­րոգ­ման խթան հան­դի­սա­ցաւ միու­թեան ան­շա­հախնդիր ծա­ռա­յող­նե­րուն հա­մար, ի խնդիր յու­նա­հայ գա­ղու­թի յա­րա­տեւ ու բար­գա­ւաճ ի­րա­գոր­ծում­նե­րուն։

Ընկ. Ա­լիս Յա­րու­թիւ­նեա­նի բաց­ման խօս­քը

Մեր փայ­լուն ա­շա­կեր­տա­կան երգ­չա­խում­բին կող­մէ ունկնդ­րե­ցինք բա­նաս­տեղծ Գէորգ Կառ­վա­րեն­ցի կող­մէ գրի առ­նո­ւած քայ­լեր­գին տո­ղե­րը. «­Կու գաս ան­ցեա­լի ոս­կուն մշու­շէն…»։
Չորս տու­նե­րու մէջ, զգա­ցում­նե­րու, մտա­ծում­նե­րու եւ անձ­նա­կան ու հա­ւա­քա­կան յանձ­նա­ռու­թեան ազ­դանշա­նը տո­ւող ա­ծա­կան­նե­րու կը հան­դի­պինք, ո­րոնց ընդ­մէ­ջէն ար­դէն կը ծա­նօ­թա­նանք Հ.Կ.­Խա­չի մեծ ըն­տա­նի­քի մղիչ ուժ հան­դի­սա­ցող ար­ժա­նիք­նե­րուն: Ա­նոնք յատ­կան­շած են ժո­ղո­վուր­դի պա­հան­ջէն ծնած մեր մեծ կազ­մա­կեր­պու­թեան գոր­ծը։
Հ.Օ.Մ.-ի ստեղ­ծու­մը, իսկ յա­ջոր­դա­բար Հայ Կա­պոյտ Խա­չի ստեղ­ծու­մը Յու­նաս­տա­նի մէջ, ե­ղած են ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին նշա­նա­կու­թեան պա­հեր, ո­րով­հե­տեւ ե­րաշ­խա­ւո­րա՛ծ են Ս­փիւռ­քը ՀԱՅ պա­հե­լու աշ­խա­տան­քը։
Յու­նաս­տա­նի մէջ Հայ Կա­պոյտ Խա­չի հիմ­նադ­րու­թիւ­նը հրա­մա­յա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն մըն էր 1922-էն ետք, երբ հա­րիւր հա­զա­րի հաս­նող հա­յու­թիւն եւ ու­թը հա­զա­րի հաս­նող տա­րա­գիր որ­բեր կ­՚ա­պաս­տա­նէին Յու­նաս­տա­նի հիւ­րըն­կալ եր­կի­րը:
Յու­նաս­տան հա­սած էր նաեւ բա­նաս­տեղծ Գէորգ Կառ­վա­րեն­ց, որ տար­բեր քա­ղաք­նե­րու մէջ կը զբա­ղէր ման­կա­վար­ժա­կան եւ խմբագ­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րով։ Ան ներշն­չո­ւե­լով Հայ Կա­պոյտ Խա­չեան ըն­կե­րու­հի­նե­րու ազ­նիւ նո­ւի­րու­մէն եւ ա­մէ­նօ­րեայ պայ­քա­րի տեն­դէն, գրի կ­‘առ­նէր մեր քայ­լեր­գին տո­ղե­րը։
Հայ Կա­պոյտ Խա­չը մար­դա­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն մըն է, ո­րու ծնուն­դը սա­կայն ան­քակ­տե­լիօ­րէն կա­պո­ւած է մեր ազ­գա­յին գո­յու­թեան պայ­քա­րին։ Հայ­րե­նի հո­ղե­րուն վրայ, թէ Ս­փիւռ­քի զա­նա­զան գա­ղութ­նե­րուն մէջ, Հ.Օ.Մ.ու­հի­նե­րը գոր­ծած են փոքր խմբակ­նե­րով, շա­րու­նա­կա­բար մեծ­նա­լով ու բազ­մա­հա­զար հա­յու­հի­ներ հա­մախմ­բող հա­մաշ­խար­հա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան վե­րա­ծո­ւե­լով։
Յու­նաս­տա­նի Հայ Կա­պոյտ Խա­չը հիմ­նո­ւած է Ա­թէն­քի մէջ 2 Յու­նիս 1924-ին:
1926-ին պաշ­տօ­նա­պէս ճանչ­ցո­ւած է, որ­պէս բա­րե­սի­րա­կան, մար­դա­սի­րա­կան, կրթա­կան ու­րոյն միու­թիւն՝ յու­նա­կան պե­տու­թեան կող­մէ:
Հինգ մաս­նա­ճիւ­ղեր Ա­տի­կէի մէջ, հինգ մաս­նա­ճիւ­ղեր հիւ­սի­սա­յին Յու­նաս­տա­նի մէջ, ծա­ւա­լե­լով բազ­մե­րես ու բազ­մա­բո­վան­դակ աշ­խա­տանք։
Կա­րի­քա­ւոր հայ­րե­նա­կից­նե­րու խնամք, պա­տե­րազ­մի զի­նո­ւո­րի օ­ժան­դա­կու­թիւն, Ար­ցա­խի ու Հա­յաս­տա­նի ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն ան­վե­րա­պահ ու շա­րու­նա­կա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն, միա­ժա­մա­նակ հայ դպրո­ցի եւ հայ մշա­կոյ­թի շուրջ ան­խոնջ գուր­գու­րանք, վստա­հե­լի հիմ­քե­րու վրայ զե­տե­ղե­լու հա­մար մեր յա­րա­տե­ւու­մը ա­մէն տեղ։
Այ­սօր կը տօ­նենք մեր միու­թեան 100-ա­մեայ տա­րե­դար­ձը։ Հ­պար­տու­թեամբ, պատ­րաս­տա­կա­մու­թեամբ եւ մե­ծա­գոյն յանձ­նա­ռու­թեամբ՝ շա­րու­նա­կե­լով գոր­ծը եւ հիմք ու­նե­նա­լով կա­մա­ւոր, մար­դա­սի­րա­կան սկզբունք­նե­րը։
Շ­նոր­հա­ւոր ըլ­լայ մեր սի­րե­լի միու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կը, շնոր­հա­ւոր ըլ­լայ 27 եր­կիր­նե­րու մէջ գոր­ծող Հ.Օ.Մ.-ի մայր կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը՝ իր միա­ւոր­նե­րով եւ հա­զա­րա­ւոր ան­դամ-ան­դա­մու­հի­նե­րով։
Այ­սօր Ձեր-­Մեր տօնն է, ըն­կե­րու­հի­ներ: Բա­րի երթ մեր սի­րե­լի Հայ Կա­պոյտ Խա­չին:

Հ.Օ.Մ.-ի Կեդր. վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Լի­զա Ժի­լի­պեր- ­Չա­լը­գեա­նի խօս­քը

Ա­ռա­ջին հեր­թին թոյլ տո­ւէք, որ Հ.Օ.Մ.-ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ա­նու­նով ող­ջու­նեմ բո­լորդ։
Մեր միու­թեան դի­մաց ցցո­ւած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն եւ խնդիր­նե­րուն լուծ­ման բա­նա­լին այն հիա­նա­լի կա­մա­ւոր աշ­խա­տանքն է, որ կը կա­տա­րենք բո­լորս, որ­պէս­զի մեր աշ­խար­հաս­փիւռ միու­թիւ­նը իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը լիու­լի կա­տա­րէ եւ հաս­նի մեր ժո­ղո­վուր­դին ծով կա­րիք­նե­րուն։
Ինչ­պէս քա­ջա­տե­ղեակ էք, Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թեան կար­գա­խօ­սը  կը ցո­լաց­նէ  ժո­ղո­վուր­դին կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը ըլ­լա­լու Հ.Օ.Մ.-ի էու­թիւ­նը եւ պատ­կա­նե­լիու­թիւ­նը, որ իր ուժն ու նե­ցու­կը կը գտնէ նոյ­նինքն ժո­ղո­վուր­դին մօտ։ Այս ե­զա­կի յա­րա­բե­րու­թիւ­նը, որ գո­յու­թիւն ու­նի Հ.Օ.Մ.-ի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին մի­ջեւ, իւ­րա­յա­տուկ եւ ա­ռանց­քա­յին դե­րա­տա­կա­րու­թիւն ու­նի մեր բո­լոր միա­ւոր­նե­րուն եւ շրջան­նե­րուն հա­մար, ուր կա­մա­ւոր աշ­խա­տան­քը, ժո­ղո­վուր­դին սպա­սար­կե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւնն ու ծա­ռա­յա­սի­րու­թեան ո­գին Հ.Օ.Մ.-ա­կա­նը կը վե­րա­ծեն յանձ­նա­ռու խա­չու­հի­նե­րու։
Յու­նաս­տա­նի Հայ Կա­պոյտ Խա­չին հա­րիւրա­մեայ եր­թը իր բո­լոր ի­րա­գոր­ծում­նե­րով, փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րով եւ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րով կու գայ ա­պա­ցու­ցե­լու, թէ այն դժո­ւա­րին ու­ղին, զոր ձեր միու­թիւ­նը պա­տո­ւով կտրեց, դա­սեր քա­ղե­լու եւ ինք­զինք կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու նպա­տա­կին ծա­ռա­յեց։ Ն­պա­տակ մը, որ հա­րիւր առ հա­րիւր հայ­կա­կան պատ­կա­նե­լիու­թեամբ պա­րու­րո­ւած է։ Ն­պա­տակ մը, ո­րուն հիմ­քը հայն է, հա­յոր­դի­նե­րու օգ­նու­թեան ձեռք եր­կա­րե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թեամբ եւ նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ տո­գո­րո­ւած։ Այս բո­վան­դա­կու­թեան մէջ ալ երբ Յու­նաս­տա­նի Կա­պոյտ Խա­չին հա­րիւր ա­մեայ եր­թին վրայ յե­տա­դարձ ակ­նարկ մը կը նե­տենք, ի յայտ կու գան ծա­ռա­յա­սի­րու­թեան, անձ­նա­զո­հու­թեան, նո­ւի­րու­մին եւ կա­մա­ւո­րու­թեան հա­մա­մարդ­կա­յին ար­ժէք­նե­րը, ո­րոնց գու­մա­րը է ու կը մնայ մեր հիա­նա­լի կազ­մա­կեր­պու­թեան ա­ռա­քե­լու­թեան հի­մը, ա­ռանց ո­րոնց կա­րե­լի չէ գոր­ծել, կա­րե­լի չէ հաս­նիլ մեր նե­ցու­կին եւ օ­ժան­դա­կու­թեան կա­րի­քը ու­նե­ցող մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն։
Յու­նաս­տա­նի Կա­պոյտ Խա­չին հա­րիւրա­մեայ եր­թը նաեւ սեր­տօ­րէն առն­չո­ւած է մեր ժո­ղո­վուր­դին դի­մագ­րա­ւած ա­հա­ւոր ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք վե­րըն­ձիւ­ղո­ւե­լու մեր ժո­ղո­վուր­դին գոր­ծած հրաշ­քին, երբ որ­բա­հա­ւա­քի, խնա­մա­տա­րու­թեան թէ այլ մար­դա­սի­րա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րէ ետք, ձեր միու­թիւ­նը, շնոր­հիւ կա­պոյտ խա­չու­հի­նե­րուն կամ­քին, յա­ջո­ղած է վե­րա­ծո­ւե­լու այս երկ­րին ժո­ղո­վուր­դին եւ պե­տու­թեան ամ­բող­ջա­կան յար­գան­քին ար­ժա­նա­ցած կազ­մա­կեր­պու­թեան մը։Ի պա­տիւ ձեր միու­թեան հիմ­նա­դիր սե­րուն­դին եւ ա­նոր պատ­գա­մին ա­կան­ջա­լուր ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րուն, Յու­նաս­տա­նի Հայ Կա­պոյտ Խա­չը այ­սօր յար­գանք վա­յե­լող միու­թիւն մըն է, ո­րուն խա­չու­հի­նե­րը կա­մա­ւոր աշ­խա­տան­քի մէ­կա­կան օ­րի­նակ­ներ են։
Այս ա­ռի­թով ձե­զի կը փո­խան­ցեմ Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թեան Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան եւ շար­քե­րուն ող­ջոյ­նը, սէրն ու յար­գան­քը։ Շատ ապ­րիք եւ նոր հա­րիւրա­մեակ­նե­րու տես­լա­կա­նով՝ ձե­զի կը մաղ­թեմ ուժ եւ կո­րով, որ­պէս­զի միշտ բարձր պա­հէք ձեր միու­թեան ա­նունն ու վար­կը։
Յա­ջո­ղու­թիւն ձեր աշ­խա­տանք­նե­րուն։

Ընկ. ­Նո­րա ­Քիւր­տօղ­լեան ­Գու­յում­ճեա­նի ող­ջոյ­նի խօս­քը

Հ­պար­տու­թեան եւ ու­րա­խու­թեան զգա­ցում­նե­րու զու­գա­հեռ՝ մեր վրայ մեծ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն մը դրո­ւած ըլ­լա­լու գի­տակ­ցու­թեամբ ու յանձ­նա­ռու­թեամբ է, որ այ­սօր կը տօ­նա­կա­տա­րենք բա­րե­սի­րա­կան մեր բո­լո­րին ու բո­լո­րի’դ ­սի­րե­լի կազ­մա­կեր­պու­թեան՝ ­Հայ ­Կա­պոյտ խա­չի հիմ­նադ­րու­թեան 100-ա­մեայ տա­րե­դար­ձը:
­Կաս­կած չու­նիմ, թէ միու­թե­նա­կան ըն­կե­րու­հի­նե­րուս իւ­րա­քան­չիւր ան­դա­մի ար­տա­յայ­տի­չը պի­տի ըլ­լամ, ե­թէ ը­սեմ թէ պար­ծանք է բո­լո­րիս հա­մար, որ մե­զի վի­ճա­կո­ւե­ցաւ բախ­տը՝ հիմ­նա­դիր սե­րուն­դի նո­ւի­րո­ւա­ծու­թիւնն ու զո­հա­բե­րու­թեան ո­գին, այս­պէս, տօ­նա­կա­տա­րու­թեամբ պա­տո­ւե­լու, միա­ժա­մա­նակ պան­ծացնե­լու մեր միու­թեան 100 տա­րի­նե­րու յա­րա­տեւ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ փա­ռա­ւո­րե­լու ի­րա­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րու վաս­տա­կը:
100 տա­րե­կան ըլ­լա­լը փաստ է՝ ժո­ղովր­դա­յին սի­րոյ, ա­մուր կազ­մա­կեր­պո­ւա­ծու­թեան, ինչ­պէս նաեւ լայ­նա­ծա­ւալ ու ար­դիւ­նա­ւոր աշ­խա­տան­քի եւ կու­տա­կո­ւած հսկայ փոր­ձա­ռու­թեան:
Այ­սու­հան­դերձ, 100 տա­րե­կան ըլ­լա­լը նոյն ա­տեն կրնայ վտանգ դառ­նալ յոգ­նա­ծու­թեան, նաեւ՝ մա­շու­մի կամ ժա­մա­նա­կավ­րէպ ըլ­լա­լու հա­ւա­նա­կա­նու­թեան…:
­Գոր­ծել վե­րա­նո­րոգ ու ան­կոտ­րում կամ­քով, ժա­մա­նա­կին հետ քայլ պա­հել, ե­րի­տա­սար­դա­կան ե­րա­զան­քով, մտա­սե­ւե­ռու­մով ու ո­գե­ւո­րու­թեամբ բա­րե­սի­րա­կան մեր գոր­ծա­դաշ­տին առ­ջեւ նոր հո­րի­զոն­ներ բա­նալ, բայց մշտա­տեւ գոր­ծել ժո­ղո­վուր­դին հետ եւ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար՝ 100 տա­րե­կա­նի ի­մաս­տու­թեամբ:
Ա­հա­ւա­սիկ յանձ­նա­ռու­թիւ­նը՝ մեծ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան:
Այ­սօ­րո­ւան տօ­նա­կան ե­րե­կո­յին իս­կա­կան փայ­լը ներ­կա­յէն պի­տի ար­տա­ցո­լայ ու տա­րա­ծո­ւի ա­պա­գա­յին վրայ, այն պա­րա­գա­յին, որ նո­րա­գիր­նե­րու մուտ­քե­րով, նոր ու թարմ մտքե­րով եւ աշ­խա­տող ձեռ­քե­րով օժ­տո­ւի Հ.Կ.Խ.ը՝ հա­մալ­րե­լով  Հ.Օ.Մ.-ի հա­մա­հայ­կա­կան մեծ ըն­տա­նի­քը:
Դ­ժո­ւար ժա­մա­նակ­ներ կ­՚ապ­րինք ազ­գո­վին, բարդ ու կնճռոտ ժա­մա­նակ­ներ են նաեւ՝ ամ­բողջ մարդ­կու­թեան հա­մար:
­Խա­ղա­ղու­թիւ­նը, իբ­րեւ բարձ­րա­գոյն ար­ժէք, յա­ճախ կը վտան­գո­ւի ու կը նսե­մա­ցո­ւի գրե­թէ ա­մէն կողմ, աշ­խար­հի տար­բեր ղե­կա­վար­նե­րու կող­մէ:
Ինչ կը վե­րա­բե­րի մեր ազ­գին, մէկ կող­մէ Ար­ցա­խի կո­րուս­տին ցա­սու­մը, պա­տե­րազ­մի ար­հա­ւիր­քը եւ գաղ­թա­կա­նու­թեան հե­տե­ւանք դժբախ­տու­թիւն­նե­րը եւ միւս կող­մէ՝ ­Հա­յաս­տա­նի ներ­քա­ղա­քա­կան կեան­քի տագ­նա­պը, հիաս­թա­փու­թեան մատ­նած են հայ հան­րու­թեան մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը:
­Հա­յակր­թու­թեան եւ հա­յա­խօ­սու­թեան նա­հան­ջը, ինչ­պէս նաեւ սե­րունդ­նե­րու հա­յա­պահ­պա­նու­թեան դժո
ւա­րու­թիւ­նը, լրջա­գոյն խնդիր­ներ են, ո­րոնք ու­ժա­քամ կ­‘ը­նեն սփիւռ­քի գա­ղութ­նե­րու ազ­գա­յին կեանքն ու ա­նոնց կազ­մա­կեր­պո­ւա­ծու­թիւ­նը:
­Սա­կայն մտա­հան չը­նենք, որ պատ­մու­թեան եր­կայն­քին, ա­մէ­նա­ծանր օ­րե­րուն իսկ մեր ժո­ղո­վուր­դը կրցած է յու­սա­խա­բու­թիւ­նը թօ­թա­փել, ան­կում­նե­րէն ետք կա­րո­ղա­ցած է իր մէջ գտնել վե­րա­կանգ­նե­լու ու­ժը, եւ պատ­մա­կան եր­թը շա­րու­նա­կել:
Ինչ­պէ՞ս: ­Մեծ ցա­ւերն ու դժբախ­տու­թիւն­նե­րը ա­մո­քե­լու միակ ձե­ւով՝ ի­րար օգ­նե­լով եւ ի­րա­րու զօ­րակ­ցե­լով: Օգ­նել, ո՛չ թէ գու­թի զգա­ցու­մով, այլ օգ­նու­թեան ձեռք եր­կա­րե­լու, ցա­ւին ցա­ւա­կից դառ­նա­լու ազ­նո­ւու­թեամբ, որ­պէս­զի տագ­նա­պա­հար ին­կած ազ­գա­կի­ցը ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեա՛մբ կա­րեա­նայ ոտ­քի կանգ­նիլ:
Ա­հա այս հա­մո­զու­մով գոր­ծած են ու կը գոր­ծեն ե­րէ­կուան ու այ­սօ­րո­ւան ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի ըն­կե­րու­հի­նե­րը:
­Սի­րե­լի հայ­րե­նա­կից­ներ,
­Յու­նա­հայ գա­ղու­թի պատ­մու­թեան վրայ իր ձգած դրոշ­մով եւ իր զգայ­նու­թեամբ ա­ռանձ­նա­կի իր տե­ղը ու­նի Հ.Կ.­Խա­չը:
Ա­ռա­ջին օ­րէն մին­չեւ հի­մա, հա­ւա­տա­րիմ իր կո­չու­մին, ան ան­շեղ ա­ռաջ­նոր­դո­ւած է կա­մա­ւոր, ան­շա­հախնդիր ծա­ռա­յու­թեան մղու­մով, իբ­րեւ մէկ միա­ւո­րը ­Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թեան: «­Ժո­ղո­վուր­դիս հետ, ժո­ղո­վուր­դիս հա­մար» կար­գա­խօ­սով եւ գործ­նա­կան աշ­խա­տան­քով՝ ան շա­հած է մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն ան­վե­րա­պահ ա­ջակ­ցու­թիւնն ու վստա­հու­թիւ­նը: Ա­ռանց ա­նոնց հա­մակ­րու­թեան ու ա­ջակ­ցու­թեան, հնա­րա­ւոր ալ պի­տի չըլ­լար ար­դէն, որ այ­սօր հան­րու­թեան ներ­կա­յա­նար ան հա­րիւր տա­րո­ւան վաս­տա­կով: ­Պատ­կա­ռե­լի վաս­տակ, որ կը տա­րա­ծո­ւի հա­յակր­թու­թեան վրայ, կա­րի­քա­ւոր­նե­րու հաս­ցո­ւած օգ­նու­թեան վրայ, մեր մա­մու­լին, պա­տա­նե­կան, ե­րի­տա­սար­դա­կան, մար­զա­կան թէ այլ միա­ւոր­նե­րու աշ­խա­տան­քը հե­զա­սահ դարձ­նե­լու ա­ջակ­ցու­թեան վրայ, ինչ­պէս նաեւ այն օգ­նու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք ուղ­ղո­ւած ե­ղան ա­ղե­տեալ­նե­րու հա­մար, ա­նոնց ցա­ւը գէթ քիչ մը մեղ­մե­լու նպա­տա­կին:
Իբ­րեւ եզ­րա­փա­կում, խօս­քի եւ մտքի մեր մեծ վար­պետ­նե­րէն՝ ­Պա­րոյր ­Սե­ւա­կէն հե­տա­գայ տո­ղե­րը կը մէջ­բե­րեմ .-

Ապ­րե՜լ, ապ­րե՜լ, այն­պէս ապ­րել,  
Որ ու­րի­շի ցնծու­թիւ­նով 
Ինքդ էլ ցնծա՜ս, ինքդ էլ թնդա՜ս
«Ես»-դ ­խառ­նես մեծ «մենք»-ի հետ, 
Ն­րանց ցա­ւով լուռ տա­պա­կո­ւես:
­Կեանքդ խառ­նել նրանց կեան­քին, 
­Տա­ռա­պանքդ՝ տա­ռա­պան­քին, 
­Ջանքդ՝ ջան­քին, 
Եւ են­թար­կո­ւել նրանց կամ­քին, 
Ն­րանց կամքն էլ քեզ են­թար­կել,- 
­Դառ­նալ եւ՛ շանթ, եւ՛ շան­թար­գել… 

­Մէկ դար բա­րե­սի­րա­կան ու կրթա­կան մար­զի մէջ կազ­մա­կեր­պու­թեան տա­րած յաղ­թա­նակ­նե­րուն տօնն է այ­սօ­րո­ւան 100-ա­մեա­կը, ո­րուն հպար­տու­թեամ­բը կը լե­ցո­ւին բո­լոր ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի ան­դա­մու­հի­նե­րը, աշ­խար­հի բո­լո՜ր Հ.Օ.Մ.-ա­կան­նե­րը եւ վե­րա­նո­րոգ թա­փով կը լծո­ւին աշ­խա­տան­քա­յին նոր 100-ա­մեա­կի մը տես­լա­կա­նով, միա­ժա­մա­նակ կոչ ուղ­ղե­լով հայ մար­դոց, որ թեւ ու թի­կունք դառ­նան մեր ու ի­րենց միու­թեան, ա­նոր վեհ նպա­տակ­նե­րուն:

Ընկ. ­Քե­րոբ Է­քի­զեա­նի խօս­քը

­Բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք պա­տի­ւը ու­նե­ցան մեր վար­ժա­րան­նե­րուն ա­շա­կեր­տը ըլ­լա­լու, ման­կա­կան յի­շո­ղու­թեան մէջ վստա­հա­բար ար­ձա­նագ­րո­ւած կը մնայ բարդ ու ան­հասկ­նա­լի բա­ռե­րով քայ­լերգ մը, որ տօ­նա­կան կամ այլ յա­տուկ օ­րե­րուն կ­՚եր­գէինք, ա­ռա­ւօ­տեան հա­ւա­քի ու ա­ղօթ­քի պա­հուն։ Այն ժա­մա­նակ, մեր բե­րա­նէն սրտնե­ղու­թեամբ դուրս կը ցայ­տէին ան­ծա­նօթ ու ան­հա­րա­զատ բա­ռեր, ո­րոնք խո­տոր կը հա­մե­մա­տէին մեր ման­կա­կան նե­րաշ­խար­հին ու մատ­ղաշ ապ­րում­նե­րուն։
­Սա­կայն, այդ­պէս կար­ծո­ւած «տա­ռա­պան­քը» կանգ չէր առ­ներ դպրո­ցա­կան մի­ջա­վայ­րի այդ յա­տուկ պա­հե­րուն միայն։ ­Մեր տու­նե­րուն մէջ, յան­կարծ, ա­ռանց ո­րե­ւէ նա­խան­շա­նի կամ պատ­րո­ւա­կի, մեր մայ­րե­րուն շրթնե­րը յա­ճախ կը շշնջէին նոյն բա­ռե­րը, կար­ծես «տէ­րու­նա­կան ա­ղօթք»ին նման գո­վա­սանք ու փա­ռա­բա­նու­թիւն ըլ­լար, տա­կա­ւին մե­զի ան­ծա­նօթ կամ մշու­շա­պատ, ան­մատ­չե­լի գա­ղա­փա­րի մը հան­դէպ։
­Տա­րի­նե­րը պէտք էին գլո­րիլ, որ­պէս­զի այ­լեւս ա­ւե­լի հա­սուն մեր միտ­քե­րուն մէջ մշու­շը վե­րա­ծո­ւէր իս­կա­կան պատ­կե­րի մը, շօ­շա­փե­լի ի­րա­կա­նու­թեան մը, նո­ւի­րեալ­նե­րու փա­ղան­գի այն ստո­ւար հա­մախմ­բու­մին՝ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չին, ո­րուն մէկ վար­ժա­րա­նէն ներս հպարտ ա­շա­կերտ­նե­րը դար­ձանք հայ­կա­զեան ո­գիին ու մես­րո­պա­շունչ հայ տա­ռին։
­Նե­րո­ղա­միտ ե­ղէք, որ սոսկ անձ­նա­կան ապ­րում­նե­րով կը բա­նամ այ­սօ­րո­ւան մտա­ծում­նե­րու շար­քը։ ­Սա­կայն, հարց կու տամ այս սրա­հին մէջ մէկ­տե­ղո­ւած մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն։ Ար­դեօք կա՞յ մէ­կը մեզ­մէ, որ ապ­րու­մի չէ վե­րա­ծած հա­մա­հայ­կա­կան մեծ միու­թեան մէկ մաս­նի­կին՝ Հ.Կ.­Խա­չի քայ­լեր­գը, որ ­Գէորգ ­Կառ­վա­րեն­ցի գրի­չին տակ սե­րունդ­ներ ո­գե­ւո­րեց, ա­նոնց ուղ­ղե­լով դէ­պի գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան՝ մարդ ա­րա­րա­ծին օգ­տա­կար ու նե­ցուկ դառ­նա­լու վսեմ պա­տու­մին։
­Յու­նա­հայ գա­ղու­թի հա­րա­զատ ու վա­ւե­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան՝ ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չին 100-ա­մեա­կը կը նշենք։ Այ­սօ­րո­ւան մէկ­տե­ղու­մը յար­գան­քի տուրք չէ միայն հիմ­նա­դիր­նե­րուն, խա­չու­հի ան­հա­մար նո­ւի­րեալ­նե­րուն, կրթա­կան մշակ­նե­րուն եւ միու­թեան բա­րե­րար­նե­րուն ան­մո­ռա­նա­լի յի­շա­տա­կին, այ­լեւ մեր ուխ­տը վե­րա­նո­րո­գե­լու, մեր հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը ա­ւե­լի ա­մուր հի­մե­րու վրայ խարս­խե­լու պա­տեհ ա­ռիթ մը։ Եւ հոս, այս նո­ւի­րա­կան պա­հուն, վե­րա­նո­րոգ­ման եր­դու­մը հա­մա­հա­ւա­սար կ­՚եր­թայ ո՛չ միայն կա­նա­ցի հա­ւա­քա­կա­նու­թեան, այ­լեւ բո­լո­րին՝ այր ու կին, բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք Հ.Կ.­Խա­չի 100-ա­մեայ փա­ռա­պանծ եր­թին մէջ տե­սան ու ապ­րե­ցան, գոր­ծե­ցին ու քա­ջա­լե­րե­ցին, զգա­ցին խա­չեան մեծ բա­նա­կի մայ­րա­կան գո­րո­վա­գութ գիր­կը, ա­նոր ժպի­տը, հո­գա­տա­րու­թիւնն ու կեն­սա­տու մա­տու­ցու­մը։
­Յու­նա­հայ գա­ղու­թի մա­տեա­նը հպար­տու­թեամբ ար­ձա­նագ­րած է հրա­շա­լուր պատ­մու­թիւ­նը կա­նա­ցի մեծ կազ­մա­կեր­պու­թեան, որ ծնունդ ա­ռաւ գաղ­թա­կա­նու­թեան մխա­ցող բո­ցե­րուն մէ­ջէն, ան­ծայ­րա­ծիր տա­րածք­նե­րու թշո­ւառ­նե­րու վրան­նե­րուն մէջ, հոն ուր կի­զիչ ա­րե­ւին տակ կամ բաց եր­կին­քին ներ­քեւ ման­կա­կան շուր­թե­րը պէտք էին դար­ձեալ մեր այ­բու­բե­նը հո­լո­վել, իսկ տա­րագ­րո­ւած ժո­ղո­վուր­դի մը ապ­րե­լու եւ ա­րա­րե­լու պա­տի­ւը ի գին ա­մէն զո­հո­ղու­թեան պէտք էր շու­տա­փոյթ վե­րա­կանգ­ներ։
­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի ստեղ­ծու­մը տա­րա­գիր հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ հրաշ­քի հա­մա­զօր սխրա­գոր­ծու­թեան մը պատ­կե­րը ցոյց կու տայ մե­զի այ­սօր, երբ այ­լեւս 100-ա­մեայ պատ­մա­կան հե­ռա­ւո­րու­թեան դի­մաց կու գանք ար­ժե­ւո­րե­լու մեր բո­լո­րին սի­րե­լի ու հա­րա­զատ կազ­մա­կեր­պու­թեան նո­ւի­րա­կան գոր­ծը։
­Յա­ճախ կ­՚ը­սենք, թէ մեր գա­ղու­թի մա­տեա­նին մէջ ա­պա­գայ պատ­մա­գի­րը փայ­լուն է­ջեր պի­տի ար­ձա­նագ­րէ մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քին ու նո­ւի­րեալ­նե­րուն մա­սին։ ­Սա­կայն, սի­րե­լի­ներ, պատ­մու­թիւ­նը ա­մէն օր կը գրո­ւի։ Ա­մէն մէ­կուն ձեռ­քի ու միտ­քի ու­ժը, որ տաս­նեակ տա­րի­նե­րէ ի վեր ի սպաս դրո­ւած է ազ­գա­յին մեր հա­ւա­քա­կա­նու­թեան յա­րա­տեւ­ման ու բա­րօ­րու­թեան ի խնդիր, մէյ մէկ տա­ռը կը հան­դի­սա­նայ հրա­շա­լի պատ­մու­թեան տո­ղե­րու ոս­կեայ փայ­լա­տա­կու­մին։
Եւ հոս է, որ ար­դա­րօ­րէն այդ պատ­մու­թեան ա­մէ­նէն նրբազ­գաց ու մարդ­կայ­նօ­րէն գե­ղե­ցիկ ար­ձա­նագ­րու­թիւ­նը կ­՚եր­թայ ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չին։ ­Հոս է, որ կը տես­նենք ան­հա­մար ձեռ­քե­րը խա­չեան մեր հե­րոս­նե­րուն, ո­րոնք քրտին­քով, եր­բեմն ա­րեան կա­թիլ­նե­րով գրե­ցին՝ ա­մէն մէ­կը իր սե­փա­կան պատ­մու­թիւ­նը, իր անձ­նո­ւէր կեան­քի ամ­բող­ջա­կան զո­հո­ղու­թիւնն ու մա­տու­ցու­մը, դարձ­նե­լու հա­մար հրա­շա­գեղ պատ­մու­թիւ­նը գա­ղու­թի մը գո­յա­տեւ­ման ու ազ­գա­յին վե­րա­զարթ­նու­մի հա­ւա­քա­կան եր­թին։
­Սի­րե­լի­ներ, այս­տեղ հա­ւա­քո­ւած հայ­րե­նա­կից­նե­րը, պա­տաս­խա­նա­տու մար­մին­նե­րը եւ խա­չու­հի ան­դամ­նե­րը քաջ տե­ղեակ են Հ.Կ.­Խա­չի պեր­ճա­փայլ պատ­մու­թեան ու ան­թիւ ի­րա­գոր­ծում­նե­րուն մա­սին։ Ո՞վ ար­դեօք ան­տե­ղեակ կրնայ ըլ­լալ միու­թեան բա­րե­սի­րա­կան ու խնա­մա­տա­րա­կան գոր­ծու­նէու­թե­նէն։ Ար­դեօք կա՞յ մէ­կը, որ չէ գիտ­ցած, թէ ինչ­պի­սի պայ­ման­նե­րու տակ Հ.Կ.­Խա­չի մայ­րա­կան հո­գա­տար ձեռ­քը մտաւ եր­բեմ­նի վրան­նե­րուն եւ հիւ­ղակ­նե­րուն մէջ, յա­ճախ պնակ մը կե­րա­կուր, ու­րիշ ան­գամ հա­գուս­տե­ղէն հայ­թայ­թե­լու, կազ­դուր­ման կա­յան­նե­րուն մէջ ցաւն ու հի­ւան­դու­թիւ­նը բժշկե­լու, մաք­րու­թեան եւ անձ­նա­կան ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան պայ­ման­ներ ստեղ­ծե­լու, իս­կա­կան «բու­ժակ բա­րե­րար» դառ­նա­լու հա­մար։ ­Նոյ­նիսկ երբ հա­մե­մա­տօ­րէն ա­ւե­լի բա­րեն­պաստ պայ­ման­նե­րու մէջ հա­յու­թիւ­նը սկսաւ իր շուն­չը սա­կաւ առ սա­կաւ վե­րագտ­նել, Հ.Կ.­Խա­չի ա­մառ­նա­յին քեմ­փե­րը հայ ման­կանց ան­հատ­նում ու­րա­խու­թեան ո­վա­սիս­նե­րը դար­ձան, բնու­թեան գե­ղե­ցիկ մի­ջա­վայ­րին մէջ, խա­չեան ըն­կե­րու­հի­նե­րուն «քա­ռա­թեւ հսկող» ա­պա­հով ձեռ­քե­րու խնամ­քին տակ։
Ո՞վ կրնայ յար­գան­քի խո­նար­հու­մով չծրիլ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի ա­րեան պա­հես­տը տաս­նեակ տա­րի­նե­րով ա­պա­հո­վե­լու ի­րա­գոր­ծու­մին առ­ջեւ։ Ա­րեան ա­մէն մէկ շի­շին մէջ կը հո­սի շիթ մը ա­րիւն ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­լիո­նա­ւոր զո­հե­րու մար­մի­նէն, որ կը դառ­նայ կեան­քի ու գո­յա­տեւ­ման աղ­բիւր՝ կա­րի­քա­ւոր մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն հա­մար։
­Տա­կա­ւին, երբ այ­լեւս չքա­ցան աղ­քա­տու­թեան ու ըն­չազր­կու­թեան տա­րի­նե­րը, եւ կեան­քի պայ­ման­նե­րը բա­րե­կե­ցիկ ապ­րուստ մը նո­ւի­րե­ցին գաղ­թա­կան­նե­րու սե­րուն­դի շա­ռա­ւիղ­նե­րուն, կա­րե­լի չէ ան­տես առ­նել, թէ ինչ­պէս ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չը, որ­պէս Հ.Օ.Մ.-ի ան­քակ­տե­լի մէկ մաս­նի­կը, իր իսկ հիմ­նա­դի­րին՝ Ակ­նու­նիի «­Դէ­պի եր­կիր» նշա­նա­խօս­քը դար­ձուց գե­րա­գոյն նպա­տակ ու ի­տէալ։ ­Տա­կա­ւին թարմ կը մնան մռայլ յի­շո­ղու­թիւն­նե­րը 1988-ի ա­հա­ւոր երկ­րա­շար­ժէն, երբ սփիւռ­քը մէկ ու­ժի նման օգ­նու­թեան ձեռք եր­կա­րեց շար­ժա­հար մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն եւ հա­զա­րա­ւոր զո­հեր ու­նե­ցած ըն­տա­նիք­նե­րուն։ Եւ ա­հա, ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չը, ան­սա­լով մայր կազ­մա­կեր­պու­թեան՝ Հ.Օ.Մ.ի կո­չին, զօ­րա­շար­ժի կ­՚են­թար­կէր իր բո­լոր ան­դամ­նե­րը, դառ­նա­լու հա­մար հայ­րե­նի տա­ռա­պած մեր ա­րիւ­նա­կից­նե­րուն «ցա­ւի բա­լա­սա­նը»։
­Մեծ ող­բեր­գու­թեան կսկի­ծը չէր ան­ցած, երբ ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չը իր նո­ւի­րա­կան պար­տա­կա­նու­թիւ­նը կա­տա­րեց Ար­ցա­խի ա­զա­տա­մար­տին ի նպաստ իր ամ­բողջ կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը նո­ւի­րա­բե­րե­լուն մէջ։ Ակ­նա­ծան­քով պի­տի ար­տա­յայ­տո­ւինք ա­ւե­լի քան 30 տա­րի Ար­ցա­խի մէջ ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի կա­րե­ւոր մաս­նակ­ցու­թեան մա­սին Հ.Օ.Մ.-ի ծրա­գիր­նե­րուն, սկսե­լով նո­րա­ծին­նե­րու ար­դի կեդ­րոն­նե­րէն եւ ման­կամ­սուր­նե­րէն, մին­չեւ «­Սօ­սէ» կրթա­կան կեդ­րոն­նե­րը, ա­մէն մէկ ըն­տա­նի­քին մէջ վառ պա­հե­լով ա­զատ ու ան­կախ ապ­րե­լու պլպլա­ցող ճրա­գը, դառ­նա­լով իս­կա­կան «գու­պար ազ­գա­շէն»։ ­Նոյ­նիսկ երբ թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան ցե­ղաս­պա­նա­կան յար­ձա­կու­մին դի­մաց Ար­ցա­խը կուլ գնաց մե­ծա­պե­տա­կան շա­հե­րուն ու թշնա­միի անխ­նայ հա­րո­ւած­նե­րուն, ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չը ոտ­քի հա­նեց ամ­բողջ յու­նա­հա­յու­թիւ­նը որ­պէս­զի դե­ղո­րայ­քի մա­տու­ցու­մով, բժշկա­կան սար­քե­րով կամ հա­գուս­տե­ղէ­նով կան­գուն պա­հէ Ար­ցա­խի հպարտ ժո­ղո­վուր­դի տո­կա­լու կամ­քը։
­Սա­կայն, սի­րե­լի­ներ, ե­թէ նոյ­նիսկ այս բո­լո­րը ար­ձա­նագրո­ւած չըլ­լա­յին Հ.Կ.­Խա­չի ոս­կի է­ջե­րուն մէջ, կը բա­ւէր միայն ու միայն ա­նոր ամ­բող­ջա­կան կառ­չու­մը յու­նա­հայ սե­րունդ­նե­րու կրթա­կան յա­ռաջ­դի­մու­թեան վրայ, որ­պէս­զի մեր մեծ միու­թեան ա­նու­նը դառ­նար մշտա­կան ակ­նա­ծան­քի ու յար­գան­քի ա­ռիթ։ ­Դեռ 1927-ին, երբ հա­յու­թեան տա­ռա­պան­քը տա­կա­ւին կը մխար թի­թե­ղա­շէն խրճիթ­նե­րուն մէ­ջէն, ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չին ա­նու­նով կը կանգ­նէր «­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նը, ո­րուն հիմ­նադ­րու­թեան 100-ա­մեա­կը կը մօ­տե­նայ։ Իսկ 1963-ին, ան­զու­գա­կան Հ.Օ.Մ.-ու­հիին՝ մայր ­Սո­ֆիա ­Յա­կո­բեա­նի եւ գա­ղու­թի ա­մէն մէկ գի­տա­կից հայ­րե­նա­կի­ցի նիւ­թա­կան ու բա­րո­յա­կան նո­ւի­րա­բե­րու­մով հպար­տօ­րէն վեր խո­յա­ցաւ «­Լե­ւոն եւ ­Սո­ֆիա ­Յա­կո­բեան» վար­ժա­րա­նը, ո­րուն 60-ա­մեա­կը նշո­ւե­ցաւ ան­ցեալ տա­րի։ ­Սա­կայն, ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չը կանգ չա­ռաւ այդ­տեղ։ Ա­ւե­լի քան ե­րե­սուն տա­րի ա­ռաջ, դար­ձեալ գա­ղու­թի պա­տաս­խա­նա­տու մար­մին­նե­րու ա­պա­գա­յա­տե­սիլ ծրա­գիր­նե­րուն թարգ­մա­նը ըլ­լա­լով, միու­թիւ­նը իր շու­քին ու խնամ­քին տակ ա­ռաւ «Ազ­նիւ եւ ­Ժի­րայր ­Ճէ­նա­զեան» միջ­նա­կար­գի գո­յու­թիւ­նը։ Ե­րեք կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­ներ, հայ ինք­նու­թեան ու հայ դպրու­թեան ե­րեք փա­րոս­ներ, ո­րոնց «սերմ­նա­ցան լոյ­սով» ճա­ռա­գայ­թե­ցին եւ ջեր­մա­ցան մեր բո­լո­րին ու մա­նա­ւանդ՝ մե՛ր զա­ւակ­նե­րուն հո­գի­նե­րը։ Այս բո­լո­րին հա­մար կ­՚ար­ժէ բարձ­րա­ձայն ա­ղա­ղա­կել՝ «­Վարձքդ կա­տա՛ր, ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խաչ»։

­ Սի­րե­լի՛ ներ­կա­ներ,

Այս հա­կիրճ մտա­ծում­նե­րու սկիզ­բին ալ յայտ­նո­ւե­ցաւ, թէ այ­սօ­րո­ւան յո­բե­լե­նա­կան հա­ւա­քը միայն ան­ցեա­լին տուրք տա­լու ե­լոյթ մը չէ, այլ վե­րա­նո­րո­գո­ւե­լու, ա­պա­գա­յի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն դի­մաց մեր սի­րե­լի կա­ռոյ­ցը վա­հա­նե­լու ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին հանգ­րո­ւանն է։
­Ժա­մա­նակ­նե­րը էա­պէս փո­խո­ւած են։ ­Հա­յու հպար­տան­քը հան­դի­սա­ցող Ար­ցա­խը լիո­վին հա­յա­թա­փո­ւե­ցաւ, թշնա­միի գար­շա­հոտ շուն­չը սկսած է ա­պա­կա­նել հայ­րե­նի եր­կին­քը, իսկ հայ­րե­նի­քի ներ­քին ու ար­տա­քին զար­գա­ցում­նե­րը խոր մտա­հո­գու­թիւն եւ հիաս­թա­փու­թիւն ստեղ­ծող ի­րա­կա­նու­թեան առ­ջեւ բե­րած են ազ­գը՝ իր ամ­բող­ջու­թեամբ։
­Միւս կող­մէն, Ս­փիւռ­քը բռնած է մա­շու­մի ճամ­բան, ուր ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու, հա­յու ինք­նու­թեան, գի­տակ­ցու­թեան, հա­ւա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թեան, լե­զո­ւին, հա­յակր­թու­թեան ա­րա­գա­շարժ նա­հան­ջը, գա­ղութ­նե­րու հա­մայ­նա­կան կեան­քէն կա­մայ կամ ա­կա­մայ հե­ռա­ւո­րու­թիւն պա­հե­լու մտայ­նու­թիւ­նը ա­մէն օր կը կրծեն ու կը հիւ­ծեն հա­յու­թեան մար­մի­նը եւ գո­յա­տե­ւե­լու իր կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը։
Դժ­բախ­տա­բար, յու­նա­հայ գա­ղութն ալ ան­մասն չէ մնա­ցած այս յոր­ձա­նու­տէն։ Դ­ժո­ւար կ­՚ե­րե­ւին ըլ­լալ գա­լիք օ­րե­րը, ա­ւե­լի հիաս­թա­փեց­նող կը թո­ւին ըլ­լալ հե­ռուն ե­րեւ­ցող պղտոր պատ­կեր­նե­րը։
Այ­սօր, ա­ւե­լի քան եր­բեք, ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չը եւս պար­տի իր գոր­ծու­նէու­թեան ու­ղի­նե­րը պատ­շա­ճեց­նել նոր գա­լիք­նե­րուն կամ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն հա­մա­ձայն։
­Գա­ղու­թա­յին նկա­րա­գի­րի ար­մա­տա­կան փո­փո­խու­թեան դի­մաց, այ­լեւս կարգ մը դա­սա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թիւն­ներ կը դառ­նան ժա­մա­նա­կավ­րէպ ու եր­բեմն վա­նեց­նող։ Ըմբռ­նում­նե­րու, մօ­տե­ցում­նե­րու եւ գոր­ծե­լա­ձե­ւի նոր գոր­ծի­քա­կազ­մե­րու որ­դեգ­րու­մը կը դառ­նայ հրա­մա­յա­կան։ Ար­դէն, ան որ մօ­տէն կը հե­տե­ւի Հ.Կ.­Խա­չի կեան­քին, պի­տի նշմա­րէ, թէ ժա­մա­նա­կին հետ քայլ պա­հե­լու նա­խան­ձախն­դիր մօ­տե­ցու­մով, շարք մը ար­դի ըն­կա­լում­ներ տեղ գտած են միու­թեան զի­նա­նո­ցին մէջ։
­Սա­կայն, ա­նոր առ­ջեւ կը բա­ցո­ւի գա­ղու­թա­յին դառն ի­րա­կա­նու­թիւն մը. մէկ կող­մէն ազ­գա­յին ար­մատ­նե­րէն հե­ռա­ցող խա­ւե­րը, միւս կող­մէն՝ հայ­րե­նի հո­ղէն ­Յու­նաս­տան կայք հաս­տա­տած հայ­րե­նա­կից­նե­րու՝ այ­լա­սե­րու­մի վտան­գին են­թա­կայ հսկայ զան­գո­ւած­նե­րը, ո­րոնց մէջ Հ.Կ.­Խա­չը ե­րախ­տա­ւոր տեղ եւ խօսք ու­նի։ ­Միայն ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի ներ­գոր­ծա­կան ու­ժը եւ մեր հա­ւա­քա­կան զօ­րա­շար­ժը կրնան մեր­ձե­ցու­մի ճամ­բա­ներ բա­նալ այդ զան­գո­ւած­նե­րուն առ­ջեւ։
Ն­շե­ցինք, թէ ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին ի­րա­գոր­ծում­նե­րէն մէ­կը հան­դի­սա­ցաւ հայ դպրո­ցին պահ­պա­նու­մը։ ­Ժա­մա­նա­կը հա­սած է, որ­պէս­զի միու­թիւ­նը ա­ւե­լի գոր­ծուն դառ­նայ հետզ­հե­տէ նա­հան­ջող հա­յակր­թու­թեան մար­զին մէջ։ Ի գին ա­մէն զո­հո­ղու­թեան, պէտք է ա­ռաջ­քը առ­նել՝ որ­պէս­զի ա­պա­գայ մատ­ղաշ սե­րունդ­նե­րուն մէջ մեր ոս­կեղ­նիկ հա­յե­րէ­նը երկ­րոր­դա­կան ու­սուց­ման լե­զու չդառ­նայ։ ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չը դեր ու­նի նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րու ու ա­նոնց ծնող­նե­րուն ներգ­րաւ­ման գոր­ծին մէջ, խօսք ու­նի հայ ու­սու­ցի­չի վե­րա­պատ­րաստ­ման ծրա­գիր­նե­րուն մէջ, միու­թիւ­նը խօսք ու­նի կրթա­կան ծրա­գիր­նե­րու ան­շեղ կի­րար­կու­մին մէջ։ ­Տա­կա­ւին՝ իր քոյր միու­թեան, ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չի գոր­ծակ­ցու­թեամբ, պէտք է հե­տա­մուտ ըլ­լալ կրթա­կան մէկ ցան­ցի մէջ ամ­րապն­դե­լու Ա­թէն­քի եւ հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի վար­ժա­րան­նե­րու ան­խա­փան ըն­թաց­քը ու հա­յակր­թա­կան յա­ռաջ­դի­մու­թիւ­նը։
­Սի­րե­լի ներ­կա­ներ, ա­պա­գա­յին մա­սին այս մտո­րում­նե­րու շար­քը կրնայ եր­կա­րիլ, սա­կայն հոս տե­ղը չէ զա­նոնք են­թար­կե­լու լայ­նա­ծիր քննարկ­ման։ ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի գե­րա­գոյն ժո­ղով­նե­րը եւ պա­տաս­խա­նա­տու վար­չու­թիւն­նե­րու ա­մէ­նօ­րեայ տքնա­ջան աշ­խա­տան­քը ցոյց կու տան, թէ ո՛չ կամ­քը կը պակ­սի, ո՛չ ալ աշ­խա­տե­լու անս­պառ ու­ժը։ Իր հա­րիւ­րա­մեայ եր­թի ըն­թաց­քին, ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չը քա­նիցս փաս­տած է, թէ ինք­զինք վե­րա­նո­րո­գող, ինք­զինք ար­ժեց­նող, յու­նա­հա­յու­թեան հա­մար ա­մէ­նէն թան­կա­գին կա­ռոյ­ցը կը շա­րու­նա­կէ մնալ։
­Հա­րիւր տա­րիէ ի վեր, ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի գո­յու­թեան ի­մաս­տը կեն­սա­ւո­րո­ւե­ցաւ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ազ­գա­յին եւ գա­ղա­փա­րա­կան ա­կուն­քէն։ Ան­քակ­տե­լի այս շղթա­յին օ­ղակ­նե­րը ի­րար ամ­րապն­դե­ցին, ո­րով­հե­տեւ մեր խա­չու­հի նո­ւի­րեալ­նե­րը, ա­նու­սա­դիր պա­հակ­նե­րը, ե­րէկ եւ այ­սօր, հայ ժո­ղո­վուր­դին վրայ «կը հսկեն քա­ռա­թեւ» ու «կը գոր­ծեն ան­նա­հանջ», ապ­րեց­նե­լու հա­մար հայ ժո­ղո­վուր­դի գո­յու­թեան ի­մաս­տը։
Այ­սօ­րո­ւան տա­րե­դար­ձի պան­ծա­լի նշու­մը մեզ բո­լորս կը բե­րէ նոր պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րու առ­ջեւ։ Ե­թէ ան­ցեա­լին մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը հպար­տու­թեամբ ի­րենց կեան­քի վաս­տա­կէն կա­րե­ւոր բա­ժին­ներ կը նո­ւի­րէին ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չին, որ­պէս­զի ա­մուր կանգ­նի մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քը եւ շէն մնայ ազ­գի տու­նը, այ­սօր եւս պար­տինք ծրիլ մեր ­Միու­թեան վրայ, մեր ու­ժե­րու գեր­լա­րու­մով տէր կանգ­նիլ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի նո­ւի­րա­կան ծրա­գիր­նե­րուն հայ­րե­նի­քի եւ սփիւռ­քի մէջ, տա­լով ա­նոր այն ար­դար բա­ժի­նը, ո­րուն հա­զա­րա­պա­տի­կը ետ կու գայ խա­չու­հի նո­ւի­րեալ­նե­րու տքնա­ջան աշ­խա­տան­քով։
­Բո­լո­րիս հա­ւա­քա­կան ջան­քե­րով ա­ւե­լի ու­ժեղ դարձնենք մեր մեծ միու­թիւ­նը՝ ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չը։ Որ­պէս­զի ա­նոր փա­ռա­հեղ քայ­լեր­գը շա­րու­նա­կէ ար­մա­տա­ւո­րո­ւիլ մեր մատ­ղաշ ա­շա­կերտ­նե­րու հո­գիին մէջ. որ­պէս­զի ա­կումբ­նե­րուն, հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն եւ սե­փա­կան օ­ճախ­նե­րուն մէջ քայ­լեր­գի մայ­րա­կան շշնջու­մը դառ­նայ հպար­տա­ռիթ ու ո­գեշն­չող բարձ­րա­գոչ հրա­ւէր։
Ան­գամ մը եւս՝ վարձ­քեր­նիդ կա­տար, խա­չու­հի­ներ. Հ­պա՛րտ ենք ձեզ­մով։