©Copyright:Aliki Eleftheriou-All rights reserved.No reproduction without permission,creditline compulsory EMAIL:alikieleftheriou@gmail.com-a.eleftheriou@parliament.gr Athens-Greece

Երեքշաբթի՝ 7 Յուլիս 2020ին, Յունաստանի խորհրդարանը իր լիագումար նիստի ընթացքին, վաւերացուց Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ Համապարփակ եւ Ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը։

Նիստին նախագահեց խորհրդարանի փոխնախագահ Աթանասիոս Պուրաս։ Համաձայնագիրի ներկայացումը կատարեցին իշխող «Նէա Տիմոքրաթիա» կուսակցութեան կողմէ երեսփոխան Ա­նաս­թա­սիոս ­Քա­վա­տաս եւ «Սիրիզա» ընդիմադիր կուսակցութեան կողմէ Նա­սոս Ա­թա­նա­սիու։

Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Միլթիատիս Վարվիցիոթիս յայտնեց .-«Ուրախ եմ, որովհետեւ Յունաստանի խորհրդարանը իր ամբողջութեամբ պիտի որոշէ վաւերացնել Ե.Մ եւ Հայաստանի միջեւ համաձայնագիրը, ցոյց տալով որ մենք՝ իսկապէս, կը յարգենք Եւրոպական Միութեան գործընթացը։ Մենք կը հաւատանք Ե.Մ.ի ուժեղացման՝ միջազգային գետնին վրայ, կը հաւատանք Եւրոպայի մը, որ իր անդամ երկիրներէն անդին, ձայն ունի եւ որ կրնայ երաշխաւորել միջազգային կայունութիւնը,  ժողովրդարութեան հիմերը եւ տնտեսական զարգացումը»։

Համաձայնագիրին դէմ դասուեցաւ Յունաստանի համայնավար կուսակցութիւնը, որուն ներկայացուցիչը՝ Տիամանտօ Մանոլաքու յայտնեց, թէ համաձայնագիրը կ՚արտացոլայ Եւրոպական Միութեան՝ Ռուսիոյ հետ առճակատումը։ «Այս համաձայնագիրը միջոց մըն է Ե.Մ.ի համար՝ քաղաքական եւ տնտեսական թափանցում իրագործելու տարածաշրջանէն ներս», յայտնեց Մանոլաքու։

Իր կարգին, նախարար Վարվիցիոթիս պատասխանեց, թէ Եւրոպան պէտք է զօրաւոր ձայնով ներկայանայ եւ դառնայ ժողովրդարութեան, արդար կանոններու եւ միջ-պետական յարգալիր յարաբերութիւններու դերակատարը տարածաշրջանէն ներս։

Համաձայնագիրին, որ կը բաղկանայ 900 էջերէ, ի նպաստ քուէարկեցին իշխող «Նէա Տիմոքրաթիա», հիմնական ընդդիմադիր «Սիրիզա», «Քինիմա Ալայիս»,  «Էլինիքի Լիսի» եւ «Մերա 25» կուսակցութիւնները:

Օրին, մեր ընթերցողները տեղեակ պահած էինք, որ 1 Յուլիսին, համաձայնագիրի նախագիծը ներկայացուեցաւ յունական խորհրդարանի Պաշտպանութեան եւ Արտաքին հարցերու մնայուն յանձնախումբին, ուր քննուեցաւ եւ ապա ստացաւ նախնական վաւերացումը՝ խորհրդարանի լիագումար նիստին ներկայացնելու համար։ Սոյն նիստին, նախարար Վարվիցիոթիս յայտնած էր, թէ Յունաստան անպատճառաբանելիօրէն ուշացուց աւանդական դաշնակից Հայաստանի հետ գործընկերութեան համաձայնագիրի վաւերացումը։