­Մեծ շու­քով եւ յա­տուկ հան­դի­սա­ւո­րու­թեամբ, Ա­թէն­քի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մի նո­րըն­տիր Ա­ռաջ­նորդ գերպ. Տ. ­Սա­հակ ծ. վրդ. Ե­մի­շեա­նի ա­ռաջ­նոր­դա­կան անդ­րա­նիկ պա­տա­րա­գը։
­Կի­րա­կի, 22 ­Սեպ­տեմ­բեր 2024-ի ա­ռա­ւօ­տուն, ան­նա­խըն­թաց ե­ռու­զեռ կը տի­րէր Ա­թէն­քի Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, ժո­ղո­վուր­դի խուռ­նե­րամ ներ­կա­յու­թեամբ եւ պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ։
Ս. ­Պա­տա­րա­գին ներ­կայ ե­ղաւ Ազ­գա­յին վար­չու­թիւ­նը լրիւ կազ­մով, ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ­Կեդր. վար­չու­թեան ան­դա­մը, Ու­սում­նա­կան եւ տնտե­սա­կան խոր­հուրդ­նե­րու ան­դամ­նե­րը, շրջան­նե­րու թա­ղա­յին խոր­հուրդ­ներն ու տիկ­նանց մար­մին­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ­Թե­մի ե­րես­փո­խա­նա­կան ժո­ղո­վի ան­դամ­նե­րը։
Ա­ռա­ւել, Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռա­ջե­լով, ներ­կայ ե­ղան ­Հայ կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քի ժո­ղովր­դա­պետ գերպ. ­Յով­սէփ ծ.վ. ­Պէ­զա­զեան, ­Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­մայն­քի վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան, Ա­թէն­քի գեր­մա­նա­կան կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վիւ Հ. ­Ներ­սէս վրդ. ­Սա­քա­յեան, Հ.Հ. ­Յու­նաս­տա­նի մէջ դես­պա­նու­թեան հիւ­պա­տոս ­Նի­քո­լայ ­Սա­հա­կով, որ կը ներ­կա­յաց­նէր դես­պան ­Տիգ­րան Մկրտ­չեա­նը, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. կո­մի­տէն, Հ.Կ.­Խա­չի, ­Հա­մազ­գա­յի­նի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւն­նե­րը, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րիտ. միու­թեան ան­դամ­նե­րը եւ Հ.Կ.­Խա­չի ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու ու­սուց­չա­կան կազ­մե­րը։ ­Յատ­կան­շա­կան էր նաեւ ներ­կա­յու­թիւ­նը Ա­թէն­քի եւ հա­մայն ­Յու­նաս­տա­նի Իէ­րո­նի­մոս Ար­քե­պիս­կո­պո­սի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Իղ­նա­թիոս ­Սո­թի­րիա­տիս մետ­րո­պո­լի­տին ու ա­նոր ըն­կե­րակ­ցող վար­դա­պե­տին։
­Պա­տա­րա­գիչ ­Հայր սուր­բին սպա­սար­կե­ցին Ա­թէն­քի հո­գե­ւոր հո­վիւ Եզ­րաս վրդ. ­Թէ­նէ­քէ­ճեան եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հո­գե­ւոր հո­վիւ Ե­ղիա վրդ. ­Մալ­խա­սեան։ ­Գո­քի­նիոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան եւ ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեան ե­կե­ղեց­ւոյ դա­սին մէջ ըն­դու­նե­ցին պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րե­րը։
­Յայտ­նու­թիւն մը ե­ղաւ Ա­թէն­քի ե­կե­ղեց­ւոյ նո­րա­կազմ «Այ­վա­զեան» վո­կալ խում­բը, որ ա­մե­նայն ներ­դաշ­նա­կու­թեամբ ու հա­մա­չափ կշռոյ­թով կա­տա­րեց ս. պա­տա­րա­գի զմայ­լիչ եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը՝ վաս­տա­կա­ւոր խմբա­վար Մկր­տիչ Գ­րի­գո­րեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան տակ։
­Քա­րո­զի պա­հուն, Ա­ռաջ­նորդ հայր սուր­բը նախ փառք եւ գո­հու­թիւն յայտ­նեց, որ խո­նար­հա­բար պա­տի­ւը ըն­ծա­յո­ւե­ցաւ ի­րեն կա­տա­րե­լու իր անդ­րա­նիկ պա­տա­րա­գը ­Թե­մէն ներս։ Ան յա­տուկ շեշ­տով անդ­րա­դար­ձաւ նո­ւի­րու­մի ու ծա­ռա­յու­թեան ի­մաստ­նե­րուն, մատ­նան­շե­լով զո­հո­ղու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը մարդ­կա­յին կեան­քի բո­լոր ո­լորտ­նե­րուն մէջ, մա­նա­ւանդ հա­ւատ­քի կեան­քէն ներս։
Իր խօս­քը ուղ­ղե­լով յու­նա­հայ հա­մայն­քին, նախ խօ­սե­ցաւ ա­նոր պատ­մա­կան եր­թին մա­սին՝ Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի, ­Կի­լի­կիոյ ու Զ­միւռ­նիա­յի պա­պե­նա­կան հո­ղե­րէն մին­չեւ ­Յու­նաս­տա­նի ա­րեւ­շատ ա­փե­րը, ա­պա ու­րո­ւագ­ծեց յու­նա­հայ կազ­մա­կերպ կեան­քի պատ­կե­րը՝ իր Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նով, ե­կե­ղե­ցի­նե­րով ու մար­մին­նե­րով, սպա­սար­կող­նե­րով, ինչ­պէս նաեւ իր ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րով, միու­թեա­նա­կան կա­ռոյց­նե­րով, մա­մու­լով, մշա­կու­թա­յին, բա­րե­սի­րա­կան եւ մար­զա­կան բնա­գա­ւառ­նե­րու հա­րուստ գոր­ծու­նէու­թեամբ։
Ա­պա, Ա­ռաջ­նորդ հայր սուր­բը իր ծա­ռա­յու­թեան ու­ղե­նի­շը ամ­փո­փեց կարգ մը կէ­տե­րու վրայ եւ նշեց հե­տե­ւեալ­նե­րը։
«Ա. Ք­րիս­տո­նէու­թիւ­նը պէտք չէ յար­մարց­նել մեր մտա­ծում­նե­րուն, այլ մեր մտա­ծում­նե­րը պէտք է կո­փենք Ք­րիս­տո­սի սկզբունք­նե­րով։ ­Ժո­ղո­վուրդ­ներ եւ պե­տու­թիւն­ներ հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման հո­սան­քին հետ տա­րո­ւե­լով, նոր մտա­ծում­նե­րու եւ մօ­տե­ցում­նե­րու դէմ յան­դի­ման կը գտնո­ւին, ա­ղա­ւա­ղե­լով այն սկզբունք­նե­րը, որ Ք­րիս­տոս իր մար­դե­ղաց­մամբ մեզ ա­ւան­դեց։ Այ­սօր մենք կը հրա­ւի­րո­ւինք, յատ­կա­պէս մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, Ճշ­մա­րի­տին՝ Ք­րիս­տո­սի հե­տա­մուտ ըլ­լալ, ամ­րապն­դո­ւե­լով մեր հա­ւատ­քին մէջ, հե­ռու մնա­լով մեր անձ­նա­կան շա­հե­րէն մղո­ւած մտա­ծում­նե­րէ եւ մօ­տե­ցում­նե­րէ։
Բ. ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը ժո­ղո­վուր­դին հետ նոյ­նա­ցած հայ­րա­պե­տա­կան ա­թոռ է, մաս­նա­ւո­րա­բար սփիւռ­քեան ոս­տան­նե­րէն ներս ժո­ղո­վուր­դը կ­՚ե­կե­ղե­ցիա­նայ Ս. Ա­թո­ռին ճամ­բով։ ­Կի­լի­կիոյ Ս. Ա­թո­ռը դա­րեր շա­րու­նակ քա­լեց ժո­ղո­վուր­դին հետ, թէ՛ պայ­քա­րի, թէ՛ ու­րա­խու­թեան եւ թէ՛ աք­սո­րի ժա­մա­նակ։ ­Հա­կա­ռակ ար­տա­քին բո­լոր ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րու, ­Կի­լի­կիոյ հայ­րա­պե­տա­կան Ս. Ա­թո­ռը կը շա­րու­նա­կէ հո­վո­ւել իր ժո­ղո­վուր­դը, հայ մար­դուն տա­լով հո­գե­ւոր, ազ­գա­յին եւ մշա­կու­թա­յին ո­գի։ ­Մենք ալ, որ­պէս ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց ­Թեմ եւ Ս­փիւռ­քի փոք­րիկ մէկ մաս­նի­կը, կը հրա­ւի­րո­ւինք ե­րախ­տա­գի­տա­կան նո­ւի­րու­մով շա­րու­նա­կել մեր ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։
Գ. ­Հայ­րե­նի­քը Աս­տու­ծոյ կող­մէն տրուած օրհ­նանք է. ժո­ղո­վուր­դը պար­տի տէր դառ­նալ այդ օրհ­նու­թեան։ ­Հայ­րե­նի­քը՝ ­Հա­յաս­տան եւ Ար­ցախ, մեր ժո­ղո­վուր­դին ազ­գա­յին գե­րա­գոյն սրբու­թիւնն է, հայ լե­զո­ւով փա­ռա­բա­նո­ւած, հա­յուն ա­ղօթ­քով օրհ­նո­ւած, մշա­կոյ­թով զար­դա­րո­ւած, հա­յուն պայ­քա­րով կո­փո­ւած եւ մեր հայ­րե­րու ա­րեամբ ու քրտին­քով շա­հո­ւած։ Այ­սօր, մեր հայ­րե­նի­քի ա­պա­հո­վու­թիւ­նը, ան­կա­խու­թիւ­նը եւ անվ­տան­գու­թիւ­նը մեր ա­ղօթ­քին ու աշ­խա­տան­քին մնա­յուն մա­սը կը կազ­մեն։ Այ­սօր, երբ կը նշենք ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան տօ­նը, կ­՚ու­զենք վստա­հու­թիւ­նը ու­նե­նալ, թէ իւ­րա­քան­չիւր հա­յուն սիր­տին ու հո­գիին մէջ կը վե­րա­նո­րո­գո­ւի ­Հայ­րե­նի­քին տէր դառ­նա­լու վեհ գա­ղա­փա­րը»։
Ա­ռաջ­նորդ հայր սուր­բը մաս­նա­ւոր նշում կա­տա­րեց եւ ե­րախ­տա­գի­տա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն ու­նե­ցաւ յոյն ժո­ղո­վուր­դին եւ պե­տու­թեան հան­դէպ, որ ի­րենց ան­վե­րա­պահ ա­ջակ­ցու­թիւ­նը կը բե­րեն յու­նա­հայ հա­մայն­քին։ ­Յու­նա­հա­յու­թեան ազ­գա­յին, հո­գե­ւոր, կրթա­կան եւ միու­թե­նա­կան կա­ռոյց­նե­րը մաս կը կազ­մեն հել­լէն ի­րա­կա­նու­թեան, ի­րենց կա­րե­ւոր ներդ­րու­մը ու­նե­նա­լով հան­րա­յին բո­լոր մար­զե­րուն մէջ։
­Նաեւ, իր խօս­քը ուղ­ղե­լով ներ­կայ յոյն հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րուն, ընդգ­ծեց հայ եւ յոյն ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ա­ւան­դա­կան եղ­բայ­րա­կան կա­պե­րը, մաղ­թե­լով, որ շա­րու­նա­կա­կան գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը պե­տա­կան ու կրօ­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն հետ ա­ւե­լի ընդ­լայ­նո­ւի ու զար­գա­նայ։
­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 33-րդ ­տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով, տե­ղի ու­նե­ցաւ գո­հա­բա­նա­կան մաղ­թանք եւ Ե­ռա­գոյն դրօ­շի օրհ­նու­թիւն։
Օ­րո­ւան հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը վերջ գտան «­Կի­լի­կիա» մաղ­թեր­գով եւ ­Հա­յաս­տա­նի օրհ­ներ­գով, ո­րոնք միա­բե­րան եր­գո­ւե­ցան ներ­կա­նե­րուն կող­մէ։
Ա­ռաջ­նորդ ­Հայր սուր­բը ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ըն­դու­նեց բո­լոր ներ­կա­նե­րուն շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րը եւ մաղ­թանք­նե­րը։
­Յա­ջոր­դա­բար, Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն եւ հիւ­րա­սի­րու­թիւն, ուր ժո­ղո­վու­դը եւ պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րե­րը մտեր­միկ զրոյց ու­նե­ցան նո­րըն­տիր Ա­ռաջ­նոր­դին հետ ու ա­նոր մաղ­թե­ցին բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թեան տա­րի­ներ։