Յունահայ մարզիկ Արա Ճանիկեան 3րդ տեղը գրաւեց Ju Jitsuի համաշխարհային մրցումներուն

Նոյեմբերի ընթացքին, Լեհաստանի Վրոցլավ քաղաքին մէջ, տեղի ունեցան Ju Jitsuի համաշխարհային ախոյեանութեան երէցներու մրցումները։
Արա Ճանիկեան՝ մասն կազմելով Յունաստանի Ju Jitsu ազգային խումբին, կարողացաւ եւ ապահովեց Յունաստանի առաջին եւ միակ շքանշանը fighting system մարզաձեւին մէջ։
17 տարիներու շարունակական մարզումներով, իր մարզիչ Եորղոս Զատիոթիսի ուղղութիւններուն հետեւելով, Արան արժանացած է համաեւրոպական ու համաշխարհային տիտղոսներու ու դեռ պիտի շարունակէ տիրանալ այլ տիտղոսներու։
25 Նոյեմբեր 2016ին, Արային երազը իրականութիւն դարձաւ եւ գրաւեց համաշխարհային աղիւսակին երրորդ դիրքը։
Արա Ճանիկեան մասնակցեցաւ 56 քիլօ ծանրութեամբ մարզիկներու դասակարգին ու չորս յաղթանակ եւ մէկ պարտութիւն արձանագրելով, գրաւեց 3րդ տեղը՝ պրոնզէ շքանշանին արժանանալով: Ան յաղթեց քոլոմպիացիի մը, ռուսի մը, էթիովպիացիի մը եւ փոքր աւարտականի մրցումներուն՝ սպանացիի մը։ Պարտուեցաւ իտալացիէ մը։
Երկար տարիներու մարզումներէ ետք, շատ մեծ զոհողութիւններով ու ճիգով, հասաւ իր նպատակին ու համաշխարհային 3րդ դիրքը ապահովելով՝ իր ծնողքը, իր ընկերները ու բոլոր յունահայերը հպարտացուց։

Շնորհաւորութիւններ, բարի յաջողութիւն եւ բարի շարունակութիւն։