Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան քաղաքական ժողովի անդամ տոքթ. Արմէն Տէրեան եւ Յունաստանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Թագւոր Յովակիմեան այցելեցին «Ազդակ» եւ տեսակցեցան տնօրէնութեան հետ։
Յունահայ ազգայիններու Լիբանան այցելութեան նպատակը ներկայ ըլլալն էր Կիրակի օր Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցած եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան։
«Ազդակ»-ի այցելուներուն հետ կայացած խորհրդակցութիւնները արծարծեցին Յունաստանի հայ համայնքի իրավիճակն ու թեմի աշխատանքները։
Անոնք մօտէն ծանօթացան «Ազդակ»-ի աշխատանքներուն եւ ընդգծեցին արեւմտահայերէնով օրաթերթի շարունակութեան հրամայականը։
«Ազդակ»-ի տնօրէնը իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Յունաստանի ընթերցող շրջանակին, որ հերթական ձեւով սատար կը կանգնի թերթի առաքելութեան։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Յունահայ համայնքի ներկայացուցիչները՝ «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ