Յունաստանի մէջ Հ.Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Մկրտչեան հիւրընկալեց Յունաստանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերպ. Տ. Սահակ ծ. վրդ. Եմիշեանը։ Առաջնորդը յաջողութիւններ մաղթեց Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան յառաջիկայ տարուան ընթացքին կատարելիք ծրագրերուն եւ ներկայացուց թեմի 2025 թ.-ին նախատեսած շարք մը նախաձեռնութիւնները։ Դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդին այցելութեան եւ բարեմաղթանքներուն համար։
Հանդիպման ընթացքին դեսպան Մկրտչեան խօսեցաւ դեսպանութեան յառաջիկայ ժամանակահատուածին նախատեսած շարք մը նախագիծերու մանրամասնութիւններուն վերաբերեալ։