Բռնցքամարտի Հայաստանի հաւաքականի անդամ, ողիմպիական խաղերու մասնակից Յովհաննէս Պաչքով դարձաւ Եւրոպայի ախոյեանութեան ոսկէ շքանշանակիր:
«Արմէնփրես»ի հաղորդմամբ` Ուքրանիոյ Խարքով քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ախոյեանութեան 64 քկ.դասակարգի մրցապայքարի եզրափակիչին՝ Հայաստանը ներկայացնող Յովհաննէս Պաչքով կը մրցէր անգլիացի Լիւք Մքքորմակի հետ: Հայ բռնցքամարտիկը յաղթեց 5:0 հաշիւով:
Յովհաննէս Պաչքով 24 տարեկան է:
Ծնունդով գիւմրեցի է: Մասնակցած է Ռիօ տէ Ժաներոյի 31րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն:
Բռնցքամարտով կը զբաղի 7 տարեկանէն:
Յովհաննէս Պաչքով` Եւրոպայի ախոյեան
Բռնցքամարտիկ Յովհաննէս Պաչքով` Եւրոպայի ախոյեան