Կիրակի 23 Մարտ 2025-ի կէսօրուան ժամը 1-ին, Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ պիտի կատարուի Մեծ Պահոց Միջինքի պահքի ճաշկերոյթ, յատուկ կերպով պատրաստուած եկեղեցւոյ Տիկնանց մարմնոյ անդամուհիներուն կողմէ:
Մուտք մէկ անձի համար 5 եւրօ:
Տեղ ապահովելու համար կրնաք դիմել տիկ. Մէրի Կորկոտեանին 6934098036։
Կը քաջալերենք հաւատացեալ մեր ժողովուրդը, ներկայ գտնուելու ու ճաշակելու Միջինքի առթիւ պահքի համեղ ճաշերը։
Տիկնանց Մարմին