Ամբողջ Ատտիկէի մէջ օդի ծայրայեղ աննպաստ պայմաններուն, ինչպէս նաեւ՝ կառավարութեան որոշումով 25 եւ 26 Յունուարը ստիպողաբար ոչ աշխատանքային օրեր յայտարարելուն պատճառով, այսու կը տեղեկացնենք, թէ տեղի չունեցաւ «Ազատ Օր»-ի Երեքշաբթի օրուան թիւի տպագիր հրատարակութիւնը, այլ լոյս տեսաւ միայն անոր ելեկտրոնային տարբերակը, իսկ այսօր՝ Չորեքշաբթի, թերթը լոյս պիտի չտեսնէ։

Մեր յաջորդ թիւը պիտի հրատարակուի Հինգշաբթի՝ 27 Յունուարին։