«­Մենք ա­ւե­լի ու­ժեղ ենք, երբ միաս­նա­կամ ենք ու կազ­մա­կեր­պուած»։ Այս կար­գա­խօ­սով, ­Կի­րա­կի, 29 ­Սեպ­տեմ­բեր 2024-ին տե­ղի ու­նե­ցաւ 2 քմ. քայ­լար­շաւ եւ 5 քմ. ­Վազք, Greece Race for the Cure®, կազ­մա­կեր­պո­ւած՝ «Ալ­մա ­Զոիս» հա­մա­հել­լե­նա­կան ­միու­թեան կող­մէ, որ կը կազ­մա­կեր­պո­ւի ա­մէն տա­րի, ըն­կե­րա­յին եւ ա­ռող­ջա­պա­հա­կան նպա­տա­կով:
­Քայ­լար­շա­ւին նպա­տակն էր կուրծ­քի քաղց­կե­ղի մա­սին տե­ղե­կաց­նել ու զգաս­տաց­նել քա­ղա­քա­ցի­նե­րը, նաեւ՝ օգ­տա­կար հան­դի­սա­նալ կուրծ­քի քաղց­կե­ղի դէմ պայ­քա­րող բո­լոր կի­նե­րուն ու ա­նոնց ըն­տա­նիք­նե­րուն:
­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւ­նը մաս­նակ­ցե­ցաւ 124 ըն­կեր-ըն­կե­րու­հի­նե­րով, ո­րոնք բո­լորն ալ կը կրէին յատ­կա­պէս պատ­րաս­տո­ւած T-shirt-ը, որուն վրայ ամէն մէկը գրած էր իր մաղթանքը:
Ա­թէն­քի մէջ կա­յա­նա­լիք այս մի­ջո­ցառ­ման մասնակցեցան 51.000 հո­գի։